Մարատոնա` Վենեզուելայի Մարզի՞չ…
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ արժանթինցի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա կը պատրաստուի գլխաւորելու Վենեզուելայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը:
«Ես եւ Վենեզուելայի նախագահը` Նիքոլաս Մատուրօ, կը պատրաստուինք քննարկելու հաւաքականը գլխաւորելու հարցը: Կը փափաքիմ լուրջ ծրագիրներ մշակել եւ գործադրել Վենեզուելայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ», ըսած է Մարատոնա:
Նշենք, որ Վենեզուելա Հարաւային Ամերիկայի այն միակ երկիրն է, որ երբեք չէ յաջողած Մոնտիալի ախոյեանութեան մասնակցիլ իր պատմութեան մէջ:
CATEGORIES Մարզական

