Լուրեր` Ճատրակի Աշխարհէն
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ներկայացուցիչ Էդկար Գարակէօզեան Փարիզի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցած ճատրակի կայծակնային մրցաշարքին առաւելագոյն 15 կէտէն 13 կէտ ապահովելով 89 մասնակցողներուն մէջ տիրացաւ առաջնութեան:
ՖԻՏԷ-ի վարպետ Մարիա Գէորգեան Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աղջկանց միջազգային մրցաշարքին առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով, առաջին դիրքը բաժնեց Եուլիա Շվայկերի հետ (Իսրայէլ):
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ներկայացուցիչներ Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Կալոյեան, Մարիա Քուրսովա եւ Շուշանա Սարգսեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 6-18 յուլիսին Պուլկարիոյ Փլովտիվ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան մրցումներուն:
CATEGORIES Մարզական

