Յունահռոմէական Ոճի Ըմբշամարտի Ներկայացուցիչները Նախորդ 6 Ամիսները Գերազանց Գնահատեցին

Լեւոն Ջուլֆալակեան
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան, մարզիչ Էդուարդ Սահակեան եւ ըմբշամարտի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Հրանդ Ենոքեան հանդիպում մը ունեցան լրագրողներուն հետ:
Այս մամլոյ ասուլիսը աւելի նուիրուած էր Տորթմունտի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին, ուր հայրենի ըմբիշները ոսկի մետալներու տիրացան 8 դասակարգի մրցումներէն 6-ին:
Իր խօսքին մէջ Ջուլֆալակեան ըսաւ. «Նախ կը շնորհաւորեմ ներկաները` մարզական լրագրողի միջազգային օրուան առիթով: Տորթմունտի մէջ մեր նպատակը մէկն էր` նախապատրաստուիլ աշխարհի ախոյեանութեան: Մարզիչներուն կը հետաքրքրէր ըմբիշներուն մարզավիճակը եւ պատրաստուածութիւնը: Ես գոհ եմ մեր տղոցմէ: Թէեւ կան թերութիւններ, որոնց վրայ պէտք է աշխատինք, սակայն նշեմ, որ արդիւնքը սքանչելի էր: Ինչ կը վերաբերի աշխարհի ախոյեանութեան, ես արդէն իսկ գիտեմ կազմը, որ սակայն պիտի չհրապարակեմ: Լաւ մարզավիճակի մէջ եղողը պիտի մասնակցի անոր»:
Անդրադառնալով նախորդ վեց ամիսներուն` Հրանդ Ենոքեան ըսաւ. «Ըմբշամարտի ֆետերասիոնը նախորդ վեց ամիսներուն ոչ մէկ թերացում ունեցաւ: Այդ 6 ամիսները, մենք կը նկատենք գերազանց, տիրացանք ոսկի մետալներու եւ բազմաթիւ մրցանակներու: Ուրախալին այն է, որ երիտասարդները փայլուն մրցոյթներ ունեցան: Մեր ըմբիշները 5 յուլիսին ուսումնամարզական հաւաքի նպատակով պիտի մեկնին Խրիմ` լաւապէս պատրաստուելու համար աշխարհի ախոյեանութեան»:

