«Եուրոփա Լիկ». Փիւնիկ 4 – 1 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Իր Հիւրէն` Ասթանայէն

Փիւնիկ- Ասթանա մրցումէն
«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ:
Երեւանի Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի դաշտին վրայ Փիւնիկ, որ հիւրընկալեց Ասթանան, 4 – 1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Հայկական կազմին միակ կոլը նշանակեց Աղուան Պապիկեան (68-րդ):
Շիրակ 2 – 1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց նաեւ իր հիւրէն` Շախթեր Քարականտիէն: Մրցումին 85-րդ վայրկեանին Սերժ Տեպլէ փենալթիով նշանակեց հայկական կազմին կոլը, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 2 – 0 արդիւնքով: Մրցումը տեղի ունեցաւ Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին վրայ:
2 – 0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց նաեւ հայկական երրորդ խումբը` Միքա Սփլիթէն:
CATEGORIES Մարզական

