Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարը Պարգեւատրեց Լիբանանահայ Քաղաքական Գործիչ Արթիւր Նազարեանը
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 3 յուլիսին լիբանանահայ քաղաքական, հասարակական գործիչ Արթիւր Նազարեանը պարգեւատրեց «Պօղոս Նուպար» մետալով: Այս մասին կը տեղեկացնէ սփիւռքի նախարարութիւնը:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, նախարար Նազարեան Լիբանանի վարչապետ Թամամ Սալամի ձեւաւորած կառավարութեան կազմին մէջ ստանձնած է ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարարի պաշտօնը:
«Մենք հիւրընկալել ենք հայազգի ամենանշանաւոր զաւակներից մէկին, ով հայի այն տեսակն է, որ յոյսի եւ նուիրումի օրինակ է աշխարհասփիւռ իւրաքանչիւր հայի համար: Նա հայի այն տեսակն է, որին ցանկանում է նմանուել ցանկացած հայ: Անգնահատելի է պարոն Նազարեանի հայանպաստ, հայրենանուէր գործունէութիւնը. իր բարերարութեամբ մշտապէս աջակից է եղել լիբանանահայ կրթական, մշակութային օճախներին եւ այլ հայրենանուէր ձեռնարկների», ըսած է նախարար Հ. Յակոբեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար` նախարար Արթիւր Նազարեան նշած է. «Շատ զգացուած եմ այս բարձր պարգեւին համար, կարծեմ արտասահմանի մէջ յաջողութիւններու հասած իւրաքանչիւր հայու պարտքն է օգնել Հայաստանին, քանի որ միախմբուելով պէտք է կարենանք աշխարհին ներկայացնել մեր ուժն ու հզօրութիւնը:
«Կ’ուզեմ ըսել նաեւ, որ տիկին Յակոբեան իր ձեռքը եւ սիրտը կը հասցնէ ամէնուր, ուր հայն է», ընդգծեց նախարար Նազարեան:
Յայտնենք, որ Հայաստանի մէջ նախարար Նազարեանի ունեցած հանդիպումներուն ներկայ կը գտնուի նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան:

