Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Արժեւորեցէք ձեր շնորհները, ձեր գիտութիւնը, որպէսզի տգէտ մարդիկ իրաւունք չունենան հրապարակ իջնելու եւ արհամարհելու ձեզ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դրամը ծախսեցէք իր տեղին, յարմար առիթին: Անիմաստ պահերու ձեր խանդավառութիւնը կը վնասէ ձեր պիւտճէին: Պահեցէք ձեր վարկը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը պիտի ընթանայ: Հաճոյակատարութիւնն ալ նկարագիրի լաւ գիծ մըն է, որ կը բխի մարդասիրական զգացումներէ: Ունիք այս շնորհը, օգտագործեցէք անպայման:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ինքնաշարժին մեքենական վիճակով զբաղեցէք, մանաւանդ երբ քաղաքէն դուրս ճամբայ ելլէք: Անտարբերութիւնը այս պարագային վնասակար է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հոգ մի ընէք, թէ ձեր ներկայանալիք գրասենեակին մէջ ինչպէս պիտի ընդունուիք, ձեր ենթադրածէն տարբեր բնոյթ պիտի ստանայ հարցը` նիւթական եւ բարոյական օգտաշատ իմաստով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տաղտկալի եւ ծանր պարտականութիւններ աւարտելէ ետք իրաւունք ունիք հանգստանալու: Աղմուկէ հեռու վայր մը ընտրեցէք, հանգստացէք, որպէսզի կարենաք ձեր աշխատանքին վրայ կեդրոնանալ եռանդուն տրամադրութեամբ: Առողջ եղէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր առողջութեան հսկելու համար դիմեցէք ձեր ընտանեկան բժիշկին: Հետեւեցէք անոր թելադրանքին, որպէսզի առանց մտահոգութեան լծուիք ձեր գործին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամական փոխառութիւնը լուրջ եւ պատասխանատու բնոյթ ունի, հետեւաբար յարգեցէք ձեր ժամադրութիւնը, վճարելու ձեր մուրհակին արժէքը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ կարծէք, թէ ամէն ինչ կատարելագործած էք, կը մնայ մանրամասնութիւնը: Նկատի պէտք է առնէք նախ` մանրամասնութիւնը, ապա հիմնական իրագործումը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երջանկութիւնը միայն հարստութեան մէջ չէ, կարեւորը հոգեկան խաղաղութիւնն է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երկաթը ծեծելով կը ծռի եւ իր գործը կը կատարէ: Մարդն ալ իր աշխատանքով կը փայլի եւ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ: Այս վերջինին պէս եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Խոստում յարգելը առաքինութիւն է, մանաւանդ երբ մանուկներուն խոստացած էք որեւէ պարտականութիւն կամ նուէր մը: Հաւատարիմ եղէք ձեր խոստումին:

