50 Տարի Առաջ (5 Յուլիս 1964)
ՀՅ Դաշնակցութեան Հիւսիսային Ամերիկայի
71-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Բացման Հանդէսը
Տեղի Ունեցաւ Խանդավառ Մթնոլորտի Մէջ
«ԵՍ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵՑԻ ՁԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԻԱՑԱՅ, ՈՐ ԱՆԻՐԱՒՈՒԹԻՒՆԸ, ԲՌՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀԱԼԱԾԱՆՔԸ ՁԵՐ ՄԷՋ ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԻՏԷԱԼԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԾՆՈՒՆԴ ՏՈՒԱԾ ԵՆ», ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՏԱԽԱԶԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ:
29 յունիսի 1964, երկուշաբթի գիշեր, «Պրետֆըրտ» պանդոկի ընդարձակ սրահին մէջ, խանդավառ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ բացման տպաւորիչ հանդիսութիւնը ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանի 71-րդ Պատգամաւորական ժողովին` ատենապետութեամբ Սեդրակ Մինասի:
Հիւրաբար ներկայ էին թեմիս առաջնորդ Հրանդ արքեպիսկոպոս, Ուստըրի հոգեւոր հովիւ Մուշեղ քհնյ. Տ. Գալուստեան եւ Մասաչուսեց նահանգի ընդհանուր դատախազ Պրուքի անունով` իր փոխանորդը` Ուարրէն Հէփի:
Նախ տեղի ունեցաւ հացկերոյթը սեղանի օրհնութեամբ Հրանդ արքեպիսկոպոսի: Ճաշի լրումէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական հարուստ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին երգչուհիներ Անահիտ Չենկելեան, Էւլին Գազանճեան եւ դաշնակով երիտասարդ արուեստագէտ Լեւիկ Գրիգորեան:
Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներէն ետք, Սեդրակ Մինաս, յանուն ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի կազմակերպութեան ողջունեց առաջնորդ սրբազան հայրը, նահանգի օգնական դատախազը, ներկայ խուռն բազմութիւնը եւ պատգամաւոր ընկերները եւ անգլերէն ճառով մը պարզեց ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային եւ քաղաքական դաւանանքը` ընդգծելով յատկապէս, որ ազատութեան իր պաշտամունքով հայը Աստուծոյ կը ծառայէ, որովհետեւ ազատութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած իրաւունք մըն է: Յայտնեց, թէ շատեր մոռցած են Հայ դատը, սակայն կարեւորը այն է, որ հայը ինք չէ մոռցած իր Դատը: Պարզելէ ետք մեր պայքարի եւ դաւանանքի էութիւնը, եզրակացուց, թէ ազատութեան այս ոստանին` Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ իր վերջնական յաղթանակին` բռնութեան ուժերու դէմ, ու այդ խոր համոզումով ալ կ՛ակնկալէ, որ ազատութեան ջատագով եւ յառաջապահ երկիրներ կանգնին իր արդար դատի կողքին` անվերապահ կերպով:
Յանուն Հայ օգնութեան միութեան, Սեդա Թերզեան (որ անակնկալ եւ տխրառիթ պատճառով մը չէր կրցած անձամբ ներկայացնել գաղափարակից եւ ուղեկից կազմակերպութեան խօսքը` բացման հանդիսութեան մէջ), ղրկած էր սակայն գրաւոր ուղերձ մը` յանուն միութեան: Յայտնելէ ետք ՀՕ Միութեան ամբողջական յարումը հայ ժողովուրդին, կ՛ընդգծէր, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւն եւ ՀՕ Միութիւն` տարբեր ուղիներով ու միջոցներով, սակայն նոյն իտէալներով եւ գաղափարական դաւանանքով կը ձգտին հայրենիքի եւ արտերկրի հայութեան ծառայել: Կ՛ողջունէր 71-րդ Պատգամաւորական ժողովը, յաջողութիւն կը մաղթէր անոր աշխատանքներուն եւ կ՛եզրակացնէր, թէ երկու կազմակերպութիւններն ալ պիտի շարունակեն իրենց ներշնչումը ստանալ հայութեան յաւերժական ժողովուրդ մը ըլլալու գաղափարէն:
Կարդացուեցաւ հեռագիրը Տիթրոյիթի հոգեւոր հովիւ Սուրէն Ա. քհնյ. Բաբախեանի, որ ջերմօրէն կ՛ողջունէր Պատգամաւորական ժողովը եւ կը շեշտէր, թէ «առանց Դաշնակցութեան` որբ կը մնայ հայ ժողովուրդը»:
Շնորհաւորական սրտագին հեռագիր մը յղած էր նաեւ Նիւ Ճըրզիէն ծերակուտական Հերիսըն Ուիլիըմս, որ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու անժխտելի էութիւնը հաստատելով` երաշխիք կու տար, թէ Միացեալ Նահանգներ կանգնած են անիրաւուած եւ ազատութեան ձգտումը ունեցող ժողովուրդներու կողքին:
Յանուն Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան, Պերճ Ղարիպեան թարգման հանդիսացաւ ամերիկահայ երիտասարդութեան անվերապահ փարումին` հայ ժողովուրդի անկախութեան դատին. երաշխիք տուաւ, թէ հակառակ առարկայական դժուարութիւններու` ՀԵ Դաշնակցութիւնը նոր եռանդով ու թափով պիտի լծուի իր նպատակներու իրագործութեան, մայր կազմակերպութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան կողքին:
Ընդհանուր Դատախազի Ներկայացուցչին Ճառը
Հայ ժողովուրդի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան հանդէպ անվերապահ համակրանքով զեղուն, բայց խորապէս պատմական եւ գիտական տուեալներու վրայ հիմնուած ճառ մը խօսեցաւ Մասաչուսեց նահանգի ընդհանուր դատախազի ներկայացուցիչ եւ փոխդատախազ Ուարրըն Հեփի, որ փոխանցելէ ետք ընդհանուր դատախազ Էտուըրտ Պրուքսի եւ իր յաջողութեան ջերմ մաղթանքները, յայտնեց, թէ յատկապէս ուսումնասիրած է հայոց պատմութիւնը եւ հիացումով հաստատած է, թէ հինաւուրց հայ ժողովուրդը, ազգային ազատութեան իր դաւանանքէն անկախաբար, համամարդկային ազատութեան պաշտամունքը ունեցող ժողովուրդ է եղած: Մէկ առ մէկ յիշատակեց բոլոր այն դարաշրջանները, որոնց ընթացքին պարսկական, բիւզանդական, արաբական եւ մեմլուքեան արշաւանքներու, բռնապետութեանց կամ հալածանքներու առարկայ եղած է հայ ժողովուրդը:
Յաջորդաբար խօսեցան` Ռուբէն Դարբինեան, Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան, Կոպեռնիկ Թանտըրճեան, Ճեք Մուրատեան, Գաբրիէլ Ինճեճիկեան, Նորիկ Ստեփանեան, Ստեփան Տարտունի, առաջնորդ սրբազանը, եւ, ի վերջոյ, յանուն Գերագոյն մարմինի` տոքթ. Ա. Վարժապետեան:

