Պտոյտ Մը Սան Փաուլոյի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Պրազիլի հարաւը գտնուող, Սան Փաուլօ քաղաքը երկրին մեծագոյնն է, եւ Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցողը:

Սան Փաուլօ կը գտնուի 760 մեթր բարձրութեան վրայ, տափարակ դաշտավայրի մը վրայ, Ատլանտեան ովկիանոսէն 70 քմ հեռու: Հոն կլիման արեւադարձային է. օդը տաք է գրեթէ ամբողջ տարին եւ յաճախ կ՛անձրեւէ:

Manga_sao-paulo-1

Երկնաքերներ: Սան Փաուլոյի մէջ կան մօտաւորապէս 2600 երկնաքերներ: Անոնցմէ ամէնէն հինը` Մարթինէլլին շինուած է 1929-ի

Manga_sao-paulo-2

Փաթիօ տը քոլեժիօ: Մատուռ մը եւ թանգարան մը շինուած են այն վայրին մէջ, ուր քաղաքը հիմնուած է 1554 թուականին, փորթուգալցի եւ սպանացի վարդապետներու կողմէ:

 

 

 

 

 

 

Manga_sao-paulo-3

Պոն Ռեթիրոյի թաղամասը: Այս պատմական թաղամասը կ՛ընդգրկէ Սան Փաուլոյի ամէնէն հին հանրապարտէզը` Ժարտիմ Տա Լուսը:

 

 

 

 

 

 

 

Manga_sao-paulo-5

Սէյի Քաթետրալը: Այս տաճարը ունի 65 զանգակներ եւ 5 ստեղնաշարերով ու 1200 փողերով երգեհոն մը. ան Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն մեծ երգեհոններէն մէկն է:

 

 

Manga_sao-paulo-4

Իպերափուէրա: Ասիկա Սան Փաուլոյի կեդրոնին մէջ ամէնէն մեծ հանրապարտէզն է:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Manga_sao-paulo-7

Քաղաքապետական շուկան: Քաղաքապետական շուկանը Սան Փաուլոյի կեդրոն գտնուող, ծածկուած մեծ շուկայ մըն է: Հոն կարելի է գտնել տարաշխարհիկ պտուղներ, ապխտած մսեղէններ, եւ պրազիլական տապկուած յատուկ խմորեղէններ` փասթեիսները:

 

 

 

 

Manga_sao-paulo-6

Անհաւատալի կրաֆֆիթիներ: Պատերուն վրայի գծագրութիւններ` կրաֆֆիթիներու իւրայատուկ ձեւ մը ծնած է Սան Փաուլոյի աղքատ թաղամասերուն մէջ` Փիքսասաօ: Այս կրաֆֆիթիները յատուկ այբուբեն մը կը գործածեն: Անոնք յաճախ գծուած են անհաւատալի, արգիլուած եւ վտանգաւոր վայրերու մէջ, օրինակի համար` շէնքերու գագաթին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Արուեստի թանգարանը: Այս շատ արդի թանգարանը Հարաւային Ամերիկայի արուեստի յատկացուած ամէնէն մեծ թանգարանն է. հոն ցուցադրուած են 8000 գործեր:
  • Մեծ սպառնալիք մը` օդի ապականումը: Ինքնաշարժներու երթեւեկը օդի ապականումի շատ լուրջ հարցեր կը ստեղծէ Սան Փաուլոյի մէջ: Հանրային փոխադրակառքերու դրութիւնը բաւարար չափով չէ զարգացած: Ջուրի ապականումի հարցն ալ շատ ծանր է: Քաղաքապետութիւնը մտադրած է մաքրել քաղաքին մէջէն անցնող երկու մեծ գետերը:

Թիւեր

– Բնակչութիւն` 11.3 միլիոն

– Տարածք` 1520 քառ. քմ

– Լեզու` փորթուգալերէն

 

Հարցարան.

Ֆութպոլի Մասին

Manga_hartsaran1) Աշխարհի ախոյեանութիւնը շահելէ ետք խումբ մը իր շապիկին վրայ ի՞նչ կը կարէ:

ա.- Պզտիկ բաժակ մը
բ.- Աստղ մը
գ.- Աքլոր մը

2) Աշխարհի ամէնէն բարձր դաշտը ի՞նչ բարձրութեան վրայ կը գտնուի:

ա.- 1510 մեթր
բ.- 2362 մեթր
գ.- 3637 մեթր

3) Ինչո՞ւ Փիքլզ շունը Աշխարհի ախոյեանութեան պատմութեան մէջ յիշուած է:

ա.- Ան եղած է առաջին անասունը, որ դարձած է խումբի մը մասքոթը (բախտաբեր խորհրդանիշը):
բ.- Ան դաշտ մտնելէ ետք միզած է մարզիկի մը վրայ:
գ.- Գողցուած բաժակը գտած է:

4) 1970 թուականին իրաւարարներ ի՞նչ նոր առարկայ մը ունեցան իրենց տրամադրութեան տակ, որպէսզի մարզիկները զիրենք աւելի յարգեն:

ա.- Քարտ
բ.- Սուլիչ
գ.- Գաւազան

5) Միացեալ Նահանգներու մէջ ի՞նչ կ՛անուանուի ֆութպոլը:

ա.- Սոքըր
բ.- Ֆութպոլ
գ.- Սոֆթպոլ

6) 1950 թուականին ինչո՞ւ Հնդկաստանի խումբը չկրցաւ խաղալ:

ա.- Որովհետեւ անոնք խթանիչ դեղեր առած էին:
բ.- Կօշիկներ չունէին:
գ.- Անոնք փիղերով ելած էին Հնդկաստանէն եւ` շատ ուշ հասած:

7) Մրցումի մը ընթացքին քանի՞ իրաւարար կայ:

ա.- 2
բ.- 3
գ.- 4

 

Պատասխանները՝ վերջաւորութեան

 

Կենդանի Առասպել Մը

 

Manga_arasbel-1Բազմաթիւ համակիրներ եւ մասնագէտներ կը հաստատեն, թէ պրազիլցի Էտսըն Արանթես տօ Նասիմենթօ` նշանաւոր Փելէն, ֆութպոլի ամբողջ պատմութեան եւ աշխարհի ամէնէն լաւ ֆութպոլ խաղցողն է: 1958-ին աշխարհի ախոյեանութեան իր առաջին մասնակցութեան, Փելէ արձանագրեց 2 կոլ` Պրազիլ-Շուէտ խաղին ընթացքին, եւ իր երկիրը 5-2 յաղթեց: Ան 17 տարեկան էր:

Տասնմէկ տարի ետք Փելէ արձանագրեց իր 1000-րդ կոլը: Ան ֆութպոլ խաղցողի իր ասպարէզը դադրեցուց 1977 թուականին:

 

 Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Կրնա՞ս գտնել գնդակին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել գնդակին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած երկրորդ գնդակը, որպէսզի խաղցողները կարենան խաղը շարունակել: Պատկերին մէջ պահուած են նաեւ իրաւարարներու երկու դրօշակ, երկու սուլիչներ, գնդակ ուռեցնելիք գործիք մը, սպունգ մը, նարինջի շերտ մը, եւ բերդապահի ձեռնոց մը:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած երկրորդ գնդակը, որպէսզի խաղցողները կարենան խաղը շարունակել: Պատկերին մէջ պահուած են նաեւ իրաւարարներու երկու դրօշակ, երկու սուլիչներ, գնդակ ուռեցնելիք գործիք մը, սպունգ մը, նարինջի շերտ մը, եւ բերդապահի ձեռնոց մը

Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել իւրաքանչիւր ուղղահայեաց եւ հորիզոնական շարքերու վրայ, ինչպէս նաեւ` 3x3 պզտիկ տուփիկներուն մէջ զետեղելով 1-9 թիւերը:

Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել իւրաքանչիւր ուղղահայեաց եւ հորիզոնական շարքերու վրայ, ինչպէս նաեւ` 3×3 պզտիկ տուփիկներուն մէջ զետեղելով 1-9 թիւերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1-      Բ. Մրցանիշը 5 աստղ է եւ կը պատկանի Պրազիլի: 2- Գ.- Պոլիվիոյ մէջ Լա Փազի ողիմպիական դաշտը յատուկ արտօնագիր մը ունի ՖԻՖԱ-ին կողմէ տրուած, որովհետեւ ֆետերասիոնը ընդհանրապէս չ՛արտօներ, որ մրցումները 3000 մեթրէն աւելի բարձր դաշտերու վրայ խաղցուին, որովհետեւ թթուածինի պակասը խաղը շատ կը դժուարացնէ: 3- Գ. 1966 թուականին այդ շրջանին ախոյեաններուն տրուած Ժիւլրիմէ բաժակը գողցուեցաւ: Անիկա պահուած էր թուփի մը ետեւը, եւ Փիքլզ շատ դիւրութեամբ անոր հոտը առաւ: Հետաքրքրական է նշել, թէ «Միզող շան» դէպքն ալ պատահած է չորս տարիներ առաջ, Չիլիի մէջ տեղի ունեցած Մոնտիալին ընթացքին: 4- ա.- Դեղինը` իբրեւ ազդարարութիւն, կարմիրը` խաղէն դուրս ելլելու համար: 5- ա. երբ Նիւ Եորքի բնակիչի մը կը խօսիս ֆութպոլի մասին, ան կը հասկնայ ամերիկեան ֆութպոլ, որուն ընթացքին մարզիկները յատուկ դիմակներ եւ «զրահներ» հագուած` իրարմէ կը փորձեն խլել հաւկթաձեւ գնդակ մը: 6- բ. անոնք սովորութիւն ունէին բոպիկ ոտքերով խաղալու. սակայն միջազգային ֆետերասիոնը անոնց իրաւունք չէ տուած ախոյեանութեան ընթացքին նոյն ձեւով խաղալու: 7- գ. այս հարցումը թակարդ մըն էր: Դաշտին վրայ իրաւարարները երեք են. մէկը խաղին մէջ, իսկ երկուքը դաշտէն դուրս` երկու կողմերը: Սակայն չորրորդ իրաւարար մը պատրաստ է մրցումը վարելու, եթէ միւս իրաւարարներէն մէկը վիրաւորուի:

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES