Արտադպրոցական Հայեցի Դաստիարակութիւնը Եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը
ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ
Հայեցի դաստիարակութիւնը կը հանդիսանայ մեր ազգային օրակարգի կարեւորագոյն կէտերէն մէկը: Այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կազմակերպած է համասփիւռքեան կրթական երեք համագումարներ, վերջինը` 2011-ին, ուր ներկայացուած են յստակ առաջադրանքներ (1): Դաստիարակներ ու մտաւորականներ պարբերաբար բոլորիս ուշադրութեան կը յանձնեն այս հարցին կարեւորութիւնը եւ հայ լեզուի նահանջի ու հայկական վարժարաններու դժուարութիւններուն մասին ախտաճանաչումներ կը կատարեն: Նկատելին այն է, սակայն, որ հայեցի դաստիարակութեան պատկերացումներուն եւ առաջադրանքներուն առանցքն ու ծիրը հիմնականօրէն եղած են հայ դպրոցին կարեւորութիւնը, ուսուցչական մարդուժի պակասը եւ արեւմտահայերէնի նահանջը: Դպրոցներէ դուրս հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնն ու քննարկումը լուսանցքային խօսակցութեան նիւթ է միայն:
2013-ին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Ազգային առաջնորդարանին կողմէ կեանքի կոչուեցաւ յանձնախումբ մը` հայախօսութիւնը եւ հայերէնի գրաւոր գործածութիւնը վերաշխուժացնելու նպատակով սերտողական աշխատանքի մը ձեռնարկելու համար(2):
Դեկտեմբեր 2013-ին հրապարակուեցաւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին հնգամեայ ծրագիրը, որուն առաջնահերթութեան առաջին բնագաւառն է` «Զարկ տալ հայերէնի ու հայ մշակոյթի պահպանումին եւ սփիւռքի զարգացումին` իրարու կամրջելով սփիւռքի տարբեր հատուածները եւ ուժերը ներդնելով կրթութեան ոլորտին մէջ»(3): Քանի մը ամիս առաջ, «Հայեցի դաստիարակութիւնը եւ մեր կառոյցներու առաքելութիւնը» խորագիրով յօդուածը (4) քննարկումի տակ առաւ այս նիւթը: Նաեւ շատ հետաքրքրական նամականի-զրոյցի մը առիթը տրուեցաւ «Ազդակ»-ի էջերէն, արեւմտեան աշխարհի մէջ հայերէն լեզուի գործածութեան գծով(5): Օգտակար էր նաեւ լսել «UCLA-ARPA Institute»-ի դաստիարակչական նոր Մկնիկի փորձառական օրինակը եւ «Մշակութային ինքնութիւն եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններ» նիւթով կազմակերպուած համագումարին արտայայտուած տեսակէտները(6):
Մեր կարծիքով, սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութեան մտահոգութիւններու գործնական մօտեցումը կը պահանջէ կեդրոնացում երկու հարցի վրայ` ինչպէ՞ս նոր դաստիարակ-ուսուցիչներ պատրաստել եւ ինչպէ՞ս աւելի մեծ թիւով մանուկ-պատանիներ դաստիարակել: Առաջին հարցը թէեւ շատ էական է, սակայն այս յօդուածին ծիրէն դուրս է: Երկրորդ կէտը այս յօդուածին խթանն է, որովհետեւ հայեցի դաստիարակութիւնը միայն հայկական վարժարան յաճախելով պէտք չէ սահմանուի, այլ պէտք է ներառէ նաեւ դպրոցի պատերէն դուրս տրուող դաստիարակութիւնը:
Հայեցի դաստիարակութիւնը ունի երկու տարբեր, բայց իրարու լրացուցիչ երեսներ` դպրոցական եւ արտադպրոցական: Վերջինին դերը միշտ նուազ գնահատուած է: Տրուած ըլլալով, որ ՀՄԸՄ-ը գործօն ձեւով այս հարցին համար լուծումներ քննելու աշխատանքին մէջ է, այս յօդուածով կ՛ուզենք արտադպրոցական հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ընդգծել եւ ապա բացատրութիւններ տալ արտադպրոցական նախաձեռնութիւններով ՀՄԸՄ-ին ունեցած դերակատարութեան` հայեցի դաստիարակութեան մէջ:
Ինչո՞ւ Արծարծել Այս Նիւթը
Շատերու համար սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւն պահելը անհեթեթ եւ ի զուր է: Նման մտածելակերպի տէր անձեր կրնան դադրեցնել այս յօդուածին ընթերցումը: Այս յօդուածով Հայաստանի Հանրապետութեան կամ սփիւռքի հզօրացումի առաջնահերթութեան հարցը չէ, որ կը քննուի: Կասկած չկայ, որ թէ՛ ներկայիս, եւ թէ ապագային իսկական առաջնահերթութիւնը Հայաստանի իրավիճակին բարելաւումն ու հզօրացումն է: Սակայն, սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութեան ամրապնդումը, նոյնիսկ եթէ էականօրէն միայն երկու սերունդի համար, իմաստալից նպատակակէտ է եւ իր ուղղակի թէ անուղղակի օգտակարութիւնը ունի Հայաստանի ներկայ եւ ապագայ իրավիճակի բարելաւման մէջ:
Ուրեմն, հարցը կը վերաբերի Հայաստանէն դուրս, ի մասնաւորի արեւմտեան սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը պահելու եւ հայեցի ոգի փոխանցելու անհրաժեշտութեան:
Առաւել պէտք է յստակացնել, որ սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը կամ կարեւորութիւնը չէ, որ քննարկումի կը կարօտի, այլ` լաւագոյն արդիւնքի հասնելու համար ռազմավարութեան մը եւ ուղեգիծի մը մշակումը: Կարեւոր է այդ դաստիարակութիւնը յաջողցնելու գործնական զանազան միջոցներ յայտնաբերել, դերակատար կառոյցներու պարտականութիւնը սահմանել եւ, եթէ կարելի է, աշխատանքային ուղեգիծ մը մշակել:
Ի՞նչ Կը Նշանակէ Հայեցի Դաստիարակութիւն
Դասական իմաստով, հայեցի դաստիարակութիւնը կ’ենթադրէ, որ անհատը`
– հմուտ ըլլայ հայերէն լեզուին.
– քաջատեղեակ` հայոց պատմութեան, հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին ու անոր պատմութեան.
– լայնօրէն ծանօթ` հայ մշակոյթին.
– իրազեկ` հայ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին ու այսօրուան խնդիրներուն.
– եւ, վերջապէս, հաւատացող ու յանձնառու` հայութեան ապագայ երազներուն եւ Հայաստանի նպատակներուն:
Մեր կարծիքով, սակայն, դասական այս մօտեցումը պէտք է փոխարինել նորարար մօտեցումով մը: Հայեցի դաստիարակութիւն յղացքին աւելի այժմէական սահմանումը հայկականութիւնը անձի մը գիտակցութեան մէջ դարբնելու անհրաժեշտութիւնն է. հայերէն լեզուի գիտութեան զուգահեռ, անիկա թէ՛ գիտակցուած, եւ թէ հոգեբանական մտածողութիւն է, այսինքն` հայ ըլլալու իրողութեան հետ հաշտ եւ հպարտ ըլլալն է: «Ան կը նշանակէ հայկական արեւելում ունեցող կրթութիւն, որ կը կառավարէ անհատին մտածողութիւնը, հարցերու մօտեցումը, առաջնահերթութիւններու եւ կեցուածքներու ճշդումը»:
Հայեցի դաստիարակութիւնը անհրաժեշտ է սահմանել հետեւեալ երեք բաղադրիչներով.
1. Առաջին կարգին` հայ ըլլալու գիտակցուած եւ հոգեբանական մտածողութիւն, այն ինչ որ պիտի կոչենք հայկական ոգիի կերտում:
2. Երկրորդ` հայ լեզուի, մշակոյթի եւ գրականութեան գիտելիքներու ուսուցում` յառաջացնելու «հմուտ», «քաջատեղեակ» եւ «հայ մշակոյթին լայնօրէն ծանօթ» հայը:
3. Երրորդ` հայերէնագիտութիւն իր երկու բաժիններով` հայախօսութիւն եւ կարդալու ու գրելու կարողութիւն:
Ներկայ Պայմաններու Մէջ Հայկական Վարժարաններու
Ուսման Եւ Հայախօսութեան Սահմանափակումները
Անցեալին հայեցի դաստիարակութիւնը կ’ենթադրէր անպայման հայկական վարժարան յաճախել եւ հմուտ հայախօս ըլլալ: Պատմականօրէն, հայ դպրոցը եղած է հայեցի ուսման դարբնոցը: Ներկայիս, շատերու տեսակէտը, մանաւանդ այս հարցով մտահոգ անձերու հաստատումը եւ դասական արտայայտութիւնը ընդհանրապէս այն է, որ այսօր սփիւռքը վտանգուած է եւ մեծագոյն վտանգը լեզուի կորուստն է, որուն պահպանման համար անընդունելիօրէն ցուցաբերուած է թափթփած մօտեցում: Ընդհանուր տեսակէտը այն է, որ առանց լեզուին եւ անով ստացուող ժառանգութեան ազգային դիմագիծ չի կերտուիր: Երկու միջոց` դպրոց եւ գիրք միայն կրնան փրկարար դեր կատարել: Հետեւաբար, կարեւոր է սփիւռքի(ներու) մէջ հայկական բարձրորակ վարժարաններու հիմնումը եւ բազմացումը` միշտ նպատակ ունենալով, որ մէկ հատիկ հայ տղայ օտար վարժարան չյաճախէ(7):
Բնական է, որ սփիւռքի մէջ հայկական վարժարաններու բազմացումը մեծապէս պիտի օգնէ ազգային դիմագիծի պահպանման, բայց այս օրերուս սփիւռքի հայկական համայնքներու իրավիճակը նոյնը չէ: Իրողութիւնը այն է, որ արեւմտեան սփիւռքի մէջ հայկական վարժարան յաճախող ուսանողութեան տոկոսը հինգ առ հարիւր է, իսկ հայկական կազմակերպութիւններու անդամակցութեան տոկոսը` ոչ աւելի քան տասը առ հարիւր(8):
Այս թիւերը կը ներկայացնեն այսօրուան կացութիւնը, որուն հիմամբ սփիւռքի ներկայ (եւ ապագայ) սերունդներու մեծամասնութեան համար հայկական վարժարաններու մէջ ուսումը գործնականօրէն կիրարկելի չէ: Այո՛, կարեւոր են սփիւռքի(ներու) մէջ հայկական բարձրորակ վարժարաններու հիմնումը եւ բազմացումը, բայց այն առաջադրանքը, որ «մէկ հատիկ հայ տղայ օտար վարժարան չյաճախէ» գործնական ռազմավարութիւն ըլլալ չի թուիր: Այդ առաջադրանքը գործադրելու համար ո՛չ նիւթականը, ո՛չ ալ մարդուժի պահանջը կարելի պիտի ըլլայ հայթայթել: Իսկ ինչ կը վերաբերի այդ դաստիարակութիւնը տալու միջոցներուն, հայկական վարժարաններու կատարած անցեալի ազդեցութիւնը կարելի չէ վերականգնել (կրկնենք, որ բոլորովին այլ հարց է ուսուցիչ-դաստիարակ պատրաստելու եւ, հետեւաբար, հայագիտական հիմնարկ հաստատելու հարցը):
Հարցերը եթէ խորապէս եւ իրապաշտութեամբ քննենք պիտի ընդունինք, որ հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը այլեւս չի կրնար ենթադրել անպայման հայկական վարժարան յաճախել եւ հմուտ հայախօս ըլլալ: Աւելի՛ն, պէտք է ընդգծել, որ արեւմտեան սփիւռքի տուներուն մէջ հայերէնը որպէս խօսակցական լեզու գործածելը առաւելաբար երկրորդ լեզու է` քան մայր լեզու, իսկ հայերէն խօսող, կարդացող եւ գրող գտնելը այլեւս հազուագիւտ երեւոյթ է:
Պէտք է այլեւս ընդունիլ եւ հաստատել, որ հայեցի դաստիարակութեան առողջ քաղաքականութիւնը զիրար ամբողջացնող երկու երես ունի: Լաւագոյնը հայկական վարժարաններու մէջ դպրոցական ուսումն է, իսկ գործնականը` առաջինին կողքին արտադպրոցական հայկական ծրագիրի մը մշակումը եւ իրագործումը: Հայ մարդը կրնայ հմուտ հայախօս ըլլալ, բայց լաւ հայ չըլլալ: Կրնայ նաեւ հայերէն չգիտնալ, բայց շատ լաւ հայ ըլլալ: Իտէալը` երկուքին համադրութիւնը ունենալն է, բայց երբ իտէալը կերտելու անկարելիութեան դիմաց ենք, հայերէնի հմտութեան անկումը պէտք է փոխարինենք գիտակցուած հայկականութեան աճով: Սորվեցնենք հայերէնը հայկական վարժարաններու միջոցով, բայց ընդունինք, որ գաղութային լայն խաւի մը համար առաջնահերթ եւ կարեւոր է, առանց անպայման հայերէնի մէջ հմուտ ըլլալու, գիտակցուած հայկականութեամբ ապրելու կարելիութիւնը: Այսօր բազմաթիւ են օրինակները ազգային ոգիով եւ դիմագիծով այն նուիրեալ հայերուն, որոնք հայախօս չեն, հայկական վարժարան չեն յաճախած, բայց հպարտ եւ յանձնառու հայեր են: Եթէ շարունակենք անտեսել սփիւռքի ոչ հայախօս, բայց նոյնքան ազգասէր փաղանգը, եթէ անտեսենք տեղական կենսաձեւին համարկուած հայ պատանիները, եթէ զանոնք միայն քննադատենք եւ զիրենք կոչենք գունաթափ կամ անտարբեր, սակայն շարունակենք պայքար խրատել` առանց լուծումներ առաջարկելու, այդ պարագային ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրած կ’ըլլանք:
Ուրեմն, պէտք է ծրագրուած կերպով հայեցի դաստիարակութեան միջոցները զարգացնել եւ մտածել հինգ առ հարիւրէն անդին` դպրոցական գրասեղաններէն անդին երթալով: Այլ խօսքով, արտադպրոցական հայկական արեւելումով նախաձեռնութիւնները պէտք է բազմանան եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ ունենան աւելի յստակ ռազմավարական դերակատարութիւն, արժեւորումի եւ արդիւնքներու վրայ հիմնուած մշակոյթով, ինչ որ կը նշանակէ մտածելակերպի եւ աշխատանքային ձեւերու բարեփոխութիւն` մանաւանդ մարդուժի եւ նիւթականի առնչութեամբ:
Ո՞վ Պիտի Զբաղի Հայեցի Դաստիարակութեամբ
Սփիւռքի մէջ նոր սերունդը ինչպէ՞ս կրնայ հայ ըլլալ եւ հոգիով հայ մնալ: Ո՞վ պէտք է ստանձնէ նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն տալու պարտականութիւնը: Ինչպէս անցեալին, ապագային ալ, ծնողք, ուսուցիչ, եկեղեցի, կազմակերպութիւններ հաւաքաբա՛ր: Այդ պիտի կատարուի հայկական վարժարաններու մէջ` ուսման գիտելիքներու ճամբով, արտադպրոցական ձեռնարկներով, մամուլով, կազմակերպութիւններու ճամբով եւ ակմբային ու եկեղեցական կեանքի նախաձեռնութիւններով: «Առարկայական գիտելիքները պիտի ամրապնդուին ենթակայական միջոցներով, ընտանիքին մէջ, անհատական հարցերէն անդին` հաւաքական կեանքի մասին խօսակցութեամբ, ազգային տօներու նշումով եւ աւանդութիւններու պահպանման ճամբով»:
Հայ լեզուի իւրացումը, նոյնիսկ անոնց համար, որոնք հայկական վարժարան կը յաճախեն, չի կրնար սահմանափակուիլ դպրոցով: Լեզուի մը իւրացումը նոյնքան եւ աւելի կը պահանջէ դպրոցի միջավայրէն դուրս, մասնաւորապէս տան մէջ, յաճախակի գործածութիւն: Ընտանեկան դաստիարակութիւնը հայախօսութեան հիմնաքարն է, բայց իրականութիւնը այն է, որ արագօրէն փոխուող այս աշխարհին մէջ, ծնողներու ներդրումը հայեցի դաստիարակութեան գործին շատ նուազած է: Տակաւին կան նուիրեալ ծնողներ, որոնք կը յաջողին հայերէն լեզուն սիրելի դարձնել իրենց զաւակներուն եւ տան մէջ հայերէնը գործածել որպէս առաջին լեզու: Դժբախտաբար, սակայն, մեծամասնութիւնը տեղի տուած է: Ուրեմն, հայ հասարակութեան մեծամասնութեան համար հայեցի դաստիարակութեան եւ հայախօսութեան ուսուցումը կ՛իյնայ դպրոցներու եւ այլ կառոյցներու ուսերուն: Ինչպէս արդէն հաստատուեցաւ, հայկական վարժարաններու կատարած անգին աշխատանքը դժբախտաբար վերապահուած է աշակերտական տարիքի սերունդին փոքր համեմատութեան: Մնացեալին հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատուութիւնը ինկած է արտադպրոցական կառոյցներու ուսերուն, որոնք կարծէք սակայն անգիտակից են այդ պարտականութեան, ազգային մակարդակով հայեցի դաստիարակութեան ռազմավարութեան մը չգոյութեան պատճառով:
Որո՞նք են արտադպրոցական այդ կառոյցները: Հայաստանի անկախութենէն ետք, մեր գաղութներու մէջ ի յայտ եկան անհատական զանազան նախաձեռնութիւններ, երբեմն նոր կառոյցներ: Այս կառոյցները բարեսիրական կարեւոր օժանդակութիւն կու տան հայրենիքին եւ Հայաստան այցելելու առիթ կ’ընծայեն սփիւռքէն որոշ թիւով երիտասարդներու: Այս կառոյցներն ու նախաձեռնութիւնները, անկասկած, այնպէս ինչպէս իրենց կողմէ սահմանուած են, լեզուի պահպանումի առնչուած չեն: Նաեւ, այս նախաձեռնութիւններու մասնակից երիտասարդներուն թիւը տակաւին փոքրամասնութիւն է: Բարձր գնահատելով հանդերձ նման նախաձեռնութիւնները, երբ կը խօսինք արտադպրոցական հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու միջոցներու մասին, գործնականօրէն կը խօսինք մեր վերջին հարիւր տարուան սփիւռքի գաղութներու աւանդական կազմակերպման դրութեան, այսինքն` եկեղեցի-առաջնորդարանի, կուսակցութիւններու եւ բարեսիրական-մշակութային-մարմնակրթական-ընկերային կազմակերպութիւններու կատարած աշխատանքին մասին:
Արտադպրոցական Օճախներ
Դասական օճախներն ու կառոյցները, որոնց կարգին` հայ եկեղեցին եւ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ դպրոցները, երիտասարդական կառոյցները (օրինակ` ACYO), կուսակցութիւնները, կուսակցական երիտասարդական եւ պատանեկան միաւորները, ՀՄԸՄ-ը, Համազգայինը, ՀԲԸՄ-ը եւ այլ անկախ կառոյցներ կը մնան սփիւռքի մէջ արտադպրոցական հայկական ոգի դարբնող հիմնական կռուանները: Ոմանք նաեւ հայոց լեզուն գրելու, կարդալու եւ խօսելու ուսուցում կը ջամբեն, ինչպէս օրինակ Հայ օգնութեան միութիւնը (9): Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՕՄ-ը ունի տասնհինգ շաբաթօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներ` մօտ 750 աշակերտներով: Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ (մանաւանդ` Ֆրանսա), ՀՕՄ-ը ունի քանի մը տասնեակ շաբաթօրեայ դպրոցներ: Թէ՛ Էջմիածնական, եւ թէ Կիլիկիոյ թեմի եկեղեցիները առիթը կ’ընծայեն շաբաթօրեայ դպրոցներով հայերէն լեզուի ուսուցման: ՀԲԸՄ-ն ալ ունի ամէնօրեայ դպրոցներ(10): Կան նաեւ այլ կառոյցներ, օրինակ` Փարիզի մէջ կը գործէ Մկնիկ դաստիարակչական հիմնարկը, որուն մանկավարժական մօտեցումը հիմնուած է ո՛չ թէ ուսուցիչներու, այլ` դիւրացնող դաստիարակներու (facilitator) վերահսկողութեան վրայ:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, իր կարգին, մշակոյթով, կրթութեամբ եւ հայեցի դաստիարակութեամբ զբաղող կարեւոր միութիւն մըն է: Համազգայինի կառոյցին կապուած են երեք ամէնօրեայ եւ բազմաթիւ միօրեայ դպրոցներ: Կան նաեւ արուեստի բազմաթիւ միօրեայ դպրոցներ եւ կեդրոններ: Համազգայինը ունի հայերէնագիտական նիւթերու սփիւռքահայ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր (մանկավարժութիւն կ՛ուսանին – BA – Համազգայինի հաշուոյն, ապա Հայաստան հայագիտութիւն կ’ուսանին – MA – Համազգայինի հաշուոյն: Ապա կը վերադառնան եւ կ’աշխատին որպէս ուսուցիչ): Համազգայինը տակաւին չունի երիտասարդական խումբերէ կազմուած կառոյցներ, բայց կը քաջալերէ կազմութիւնը մշակութային կամ կրթական հետաքրքրութիւններ ունեցող խումբերու («Միաւորներ»), որոնց մեծամասնութիւնը վստահաբար պիտի ըլլան երիտասարդական խումբեր (բայց ոչ տասնվեց տարեկանէն վար)(11):
Արհեստագիտական նորարարութիւնները եւ նախաձեռնութիւնները եւս հասանելի են այսօրուան հայ երիտասարդութեան, ըլլայ համացանցային թէ առցանց համախմբումներու դասընթացքներով: 2004 թուականէն սկսեալ ՀԲԸՄ-ի Armenia Virtual College¬ը առիթ կ’ընծայէ հայ լեզուի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի ուսուցման, համալսարանական կամ աւելի հասուն տարիքով ուսանողներու համար(12): Բոլորին հասանելի դասաւանդութեան այս ձեւը եւ հեռաուսուցման իւրայատուկ այս միջոցը արտադպրոցական դաստիարակութեան նոր հորիզոն մը կը բանայ: Հայերէնի ուսուցման այս նոր ձեւը ժամանակի ընթացքին, անկասկած, աւելի պիտի զարգանայ, բայց փոքր տարիքէն հայկական ապրում սփռող եւ դէմ առ դէմ դաստիարակութեան հոլովոյթի անհրաժեշտութիւնը պիտի չվերանայ: Անկասկած, դասական կառոյցներու պահանջը պիտի շարունակուի, իր ընծայած հին կամ նոր դաստիարակչական միջոցներով:
Հայկական մթնոլորտ ստեղծող վերոնշեալ կառոյցներէն եւ կազմակերպութիւններէն իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատուկ օգտակարութիւնը: Բոլորին համար ալ որակաւոր եւ յանձնառու հայ պատրաստելը ամէնէն կարեւոր նպատակն է: Հարցը այն է, թէ նոյն առաքելութիւնը հետապնդող, նոյնիսկ ուղեկից կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութիւն առհասարակ գոյութիւն չունի: Առաւել, այսօրուան մարտահրաւէրը բոլորին համար ալ նոր անդամներ ներգրաւելն է: Մեր շրջանակներէն հեռու, ոչ հայկական դպրոց յաճախող պատանիներու ներգրաւումը հիմնական է: Կարեւոր է կարկինը լայնցնել եւ ներգրաւել ցարդ հայկական շրջանակներէ հեռու մնացած կամ «պահուըտած» պատանի-երիտասարդները:
Հայեցի դաստիարակութեան մեր մօտեցումը պէտք է բարեփոխել: Շարունակելով ընդգծել հայկական վարժարաններու կարեւորութիւնը եւ աշխատելով նպաստել այդ առաքելութեան, այսուհետեւ բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն պէտք է ապահովել նաեւ արտադպրոցական նախաձեռնութիւններու, կապուած` աշակերտական տարիքի մանուկ-պատանիներու լեզուի պահպանման: Շեշտը պէտք է դնել հայկական ոգին զարգացնող մշակոյթի եւ լեզուի հետ կապ ունեցող արտադպրոցական աշխատանքներու վրայ, համայնքի կառոյցներու թէ՛ աւանդական ծրագիրներու միջոցով, եւ թէ վերամշակուած նոր նախաձեռնութիւններով, որպէսզի կարկինը ընդլայնի եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբուի աւելի մեծ թիւով ծագումով հայերու: Վերջապէս, չափազանց կարեւոր է նաեւ կարգ մը ուղեկից կազմակերպութիւններու միջեւ աշխատանքային համագործակցութիւն ստեղծելը:
(Շար. 1)
Լոս Կաթոս, Քալիֆորնիա
Ծանօթագրութիւններ
1) http://www.armenianorthodoxchurch.org/old-archives/v04/doc/Conferences/conf20.htm
2) http://asbarez.com/arm/186020
3) http://www.gulbenkian.pt/inst/en/Activities/ArmenianCommunities ՀՆԳԱՄԵԱՅ ԾՐԱԳԻՐ¬ Յանուն կենսունակ ապագայի մը
4) http://www.horizonweekly.ca/article/details/116 Վիգէն Թիւֆէնկճեան
5) https://archive.aztagdaily.com/archives/167802 , http://aztagdaily.com/archives/171511#.UvuWRVti1ec.email , https://archive.aztagdaily.com/archives/173156#.UvuLPnqBpKI.email
6) http://youtube/6ottuLDrz2Q : A new pedagogical approach to transmitting the Armenian language in the Diaspora: a Case Study of Mgnig educational workshop, by Korioun Khachadourian
7) https://archive.aztagdaily.com/archives/165420
8) Լաւատեղեակ աղբիւրներէ հաւաքուած:
9) http://asbarez.com/117870/ars-one-day-schools-a-vital-link-to-cultural-understanding/
10) http://agbu.org/education/schools
11) Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւն:

