Բանաստեղծ Յակոբ Մանուկեանն Ալ Մեկներ Է` Անձայն-Անշշուկ…
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Յապաղումով է, որ պէյրութաբնակ գրասէր մը, առջի օր, ինծի կ՛իմացնէր մահը գրչի լիբանանահայ վաստակաւոր սպասարկուի մը` «Ազդակ»-ի մնայուն աշխատակից Յակոբ Մանուկեանի:
Ողբացեալը մեր աշխարհին հրաժեշտ տուեր է անցնող մայիսի սկիզբները, Պէյրութ, ուր ծնաւ, ապրեցաւ ու ծառայեց իր կեանքին ամբողջ տեւողութեան:
1998-ին, երբ Պէյրութ այցելեր էի, Յակոբ Մանուկեանին ծանօթացայ իր ընտանեկան յարկին տակ, Պուրճ Համուտի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղը: Անմիջապէս իմ անունին մակագրեց 1979-ին «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի մատենաշարով հրատարակուած բանաստեղծութիւններու իր հատորը` «Անրջական վաղորդայն»-ը:
Նախապէս Յակոբ Մանուկեանի անունին բազմիցս հանդիպեր էի «Բագին» գրական ամսագրի 1970-ական թուականներու հին թիւերուն մէջ: Այնտեղ Յ. Մանուկեան թէ՛ քերթուածներ կը ստորագրէր, թէ՛ ալ վարպետօրէն ու հետեւողականութեամբ կը կատարէր նորատիպ գիրքերու ներկայացումներ, գրախօսականներ: Այդ կարեւոր կալուածին մասնագէտն էր կարծէք:
Բայց կը թուի, որ աւելի շատ բանաստեղծական հոգի մը ունէր: Մենասէր էր, հանրային կեանքէ հեռու կը մնար, ատոր փոխարէն` կ՛ախորժէր գիրքերու աշխարհէն, կը սիրէր յաճախակիօրէն թրթռացնել իր քնարին լարերը:
Այսօր, եթէ փորձուէի արագ վերաքաղը ընել իր քերթողական վաստակին, զայն պիտի ուզէի բաժնել երկու մասերու: Նախ` 70-ականներու կամ 80-ականներու իր արտադրութիւնը, որուն հարազատ նմուշն է վերը յիշատակուած իր քերթողագիրքը: Քիչ մը արձակունակ դիմագիծ ցուցադրող, բայց, այնուհանդերձ, դժուար ընթեռնլի, դժուար ընկալելի էջեր էին անոնք իրենց ընդհանրութեանը մէջ… Չափածոյ այդ էջերուն խորագիրներն անգամ արտասովոր էին ու… «անրջական». «Հեռահայեաց լուսամուտներ», «Հորիզոնական ձգտումներ», «Գեղեցկութիւն անիծապարտ», «Անյայտ իմացումի մը կամրջակին», «Վաղորդայնի մը հողաթումբին», «Մտապատկերին անպսակ» եւ այլն…
Սակայն 90-ական թուականներէն ետք Յակոբ Մանուկեանի բանաստեղծութիւնները զգեցան տարբեր տարազ մը, որ առինքնող շատ բան ունէր իր մէջ: Իր վաստակին (ու կեանքին) երկրորդ հանգրուանի արտադրութիւններն էին ասոնք: Եւ ատոնք բազմիցս երեւցան «Բագին»-ի, «Կամար»-ի, «Հասկ»-ի մէջ եւ այլուր` հրապուրելով ընթերցողը: Անձնապէս հոն կը գտնէի միշտ թէ՛ յղկուած ոճ մը, թէ՛ ճոխ ու հրապուրիչ բառամթերք, թէ՛ գաղափարներու յստակութիւն կամ թելադրականութիւն, թէ՛ փոխանցուող ուշագրաւ միտք ու պատգամ: Այս բոլորը, արդէն, զինք կը դարձնէին հասուն ու յարգելի բանաստեղծ մը:
Յակոբ Մանուկեան ծնած էր 1935-ին: Համալսարանաւարտ էր ու երկար տարիներ պաշտօնավարեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ` իբրեւ քարտուղար կամ հաշուապահ: Ուսուցչագործեց հայկական վարժարաններու մէջ ալ:
Այս վերջին տասնամեակին Յակոբ Մանուկեան մնայուն ներկայութիւն էր «Ազդակ»-ի մէջ, որուն խմբագրութիւնը իրե՛ն վստահած էր թերթին յղուած հայերէն նորատիպ գիրքերը հանրութեան ծանօթացնելու, զանոնք գրախօսելու կարեւոր պարտականութիւնը: Ու ինք իր այդ ծառայութիւնը կը կատարէր խղճամիտ մօտեցումով ու պարտաճանաչութեամբ:
Հիմա, իր մահէն ետք, կ՛արժէր, որ բարի ձեռք մը ժողվէր այդ հարիւրաւոր գրութիւններուն գէթ ընտիրները ու զանոնք լոյսին բերէր վերստին` հատորի մը կողքին տակ: Ատիկա բարոյական կոթող մը պիտի ըլլար միշտ լուսանցքի մէջ ապրած ու անձայն-անշշուկ մեկնած այս հէգ բանաստեղծին անշուք հողաթումբին վրայ:
Հալէպ

