Յովսէփ Աշճեանի Յիշատակին
Քառասուն օրեր անցան Յովսէփ Աշճեանի մահէն. ան աչքերը փակեց «Ս. Յովսէփ» հիւանդանոցին մէջ: Ընկերային ծառայող անձ մը ըլլալով` վերջին օրը աչքերը փակեց առանձնութեան մէջ. ընտանեկան պարագաները կ՛ապրին Միացեալ Նահանգներ, իսկ ինք հոս` Լիբանանի մէջ մեծցած, հաստատութեան տէր դարձած, չէր ուզեր բաժնուիլ Պուրճ Համուտէն:
Իր կեանքը եղած էր տաժանակիր, հայրը կորսնցուցած էր 13 տարեկանին, մեծցած էր որբ, իր ուսերուն վրայ բեռցուցած էր ապրուստի ծանր բեռը, կանուխ հասակին նետուած էր Հալէպի շուկային մէջ եւ կ՛աշխատէր իբրեւ մանրավաճառ, ապա Լիբանան փոխադրուելէ ետք հիմը կը դնէր «Աշճեան Թուրզ» հաստատութեան, որ 45 տարի շարունակ կը կազմակերպէր շրջապտոյտներ դէպի աշխարհի բոլոր ծայրերը եւ վերջապէս` Հայաստան:
Ան մաս կազմած էր ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին` սկաուտական կեանքին միջոցով, եղած էր կուսակցական ՀՅԴ-ի շարքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ անդամակցած էր Ուրֆայի հայրենակցական միութեան:
Աշճեանը այն անձերէն էր, որ կը սիրէր իր շրջանակը ուրախ ու զուարթ մթնոլորտի մէջ պահել: Գործի բերումով հայկականը կը նկատէր ամէն ինչէ վեր. կ՛ատէր օտարամոլութիւնը, կը սիրէր հայկականը, առիթը չէր փախցներ նեցուկ կանգնելու ՀՄԸՄ-ին եւ իր պատկանած Ուրֆայի հայրենակցական միութեան: Ան այս միութիւններու աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէր նիւթապէս եւ բարոյապէս:
Կը քաջալերէր հայ երիտասարդները եւ նոյնիսկ օտարները, որ երթան, այցելեն Հայաստան, մեր հայրենիքը: Կը կազմակերպէր խումբեր եւ շրջապտոյտներ դէպի հայկական պատմական ու գեղատեսիլ վայրերը: Խումբերուն շրջապտոյտին ընթացքին անակնկալ` յայտագիրէ դուրս խրախճանքներ կը կազմակերպէր, որպէսզի բոլորն ալ ուրախ մնային: Այս տարի որոշած էր ամէն գնով շրջապատոյտի ծիրը ընդլայնել եւ հասնիլ Կիլիկիոյ բռնագրաւուած հողերը, Անի, Մուշ, Վան, Տիգրանակերտ, Ուրֆա: Սակայն մահը չարտօնեց իրականացնել իր երազը:
Ան ոչ եւս է արդէն. ունեցած էր սրտի անյաջող բաց գործողութիւններ` վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, ասով հանդերձ կը շարունակէր իր միութենական աշխատանքը Ուրֆայի հայրենակցական միութեան մէջ: Ան իր երիտասարդութեան օրերուն օգտակար դարձած էր միութեան` քար եւ աւազ կրելով Ուրֆայի հայրենակցական միութեան տան շինութեան ընթացքին: Եղած էր Միութեան երիտասարդական վարչութեան անդամ, վարչական, ապա 2010-2012-ին` Միութեան քարտուղար: Բծախնդիր էր եւ գործօն, կը սիրէր կատարեալը, ճառախօս էր, երբեմն` խրախճանքներու թամատան, պերճախօս էր, բայց իր խօսքը կ՛ըլլար սրտի խօսք. չէր հանդուրժեր սխալը եւ իր գործերը հետապնդող անձ էր:
Յովսէփ Աշճեան, Աստուծոյ կամքը կատարեցիր եւ հեռացար մարմնով, բայց հոգիով մեր մէջ ես. շինիչ քննադատութիւններդ մեր մտքին մէջ են: Վերջին խօսք` վարձքդ կատար: Ուրֆայի բարբառով կ՛ըսենք քեզի. «Ասուած հոգուդ ճրագը վառ պիէ, խողը թեթեւ գայ վրէդ»:
ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Գ. Ն.

