5 Յուլիս 1921. Ստալինեան Որոշումով Լեռնային Ղարաբաղը Բռնակցուեցաւ Ազրպէյճանին
Ն.
1921 թուականի յուլիս 5-ը աղէտաբեր եղաւ հայ ժողովուրդին համար:
5 յուլիս 1921-ին, այսպէս կոչուած Ռուսական Կոմունիստական կուսակցութեան Կ. կոմիտէի Կովկասեան բիւրոյի ապօրինի որոշումով Լեռնային Ղարաբաղը անջատուեցաւ Հայաստանէն եւ բռնակցուեցաւ Ազրպէյճանին:
Յատկապէս 1988-ի փետրուարին թափ առած արցախեան շարժումէն ասդին, շատ մելան հոսած է ստալինեան այդ կամայական, ապօրինի եւ, մանաւա՛նդ, անարդար որոշումին պատմական լուսաբանման համար:
Հայ քաղաքական միտքը, երկու ուղղութիւններով, իր քննարկումներն ու վիճարկումները կեդրոնացուցած է խորհրդայիններու այդ որոշման իրաւական արժեւորումին վրայ:
Մէկ ուղղութիւնը հիմնաւորած ու դատապարտած է այդ որոշման կամայական, ապօրինի եւ անարդար բնոյթը: Ստալինեան որոշումին մէջ իրաւական որեւէ հիմք գոյութիւն չէ ունեցած եւ պարզապէս մեծապետական շահախնդրութեանց յագուրդ տուող գործարք մը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի բռնակցումը Ազրպէյճանին:
Երկրորդը հիմնաւորած է իրաւագիտական տարազումը արցախեան հարցի բանակցային լուծման համար հայկական կողմին առաջադրած եւ պաշտպանած տեսակէտին:
Ի պատասխան ազրպէյճանական կողմի այն հետեւողական պնդումին, թէ իբր յանուն Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան` Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է վերադարձուի Ազրպէյճանի կազմին, հայկական կողմը իրաւաբանօրէն կը հիմնուի այն փաստին վրայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ, հետեւաբար, անհիմն ու անհեթեթ է ամէն խօսակցութիւն Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման մասին:
Արդարեւ, եթէ 1921-ին Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարուած էր մէկ մասը Ազրպէյճանի, այդ քայլը իրաւաբանօրէն նախ եղած էր ապօրինի, ապա բռնակցումը կատարուած էր ի սպաս Խորհրդային Ազրպէյճանի, այլ ոչ թէ` անկախ Ազրպէյճանի:
Ապա` բռնակցումը կատարուած էր խորհրդային սահմանադրական պայմաններով, որոնք 1991-էն ետք կորսնցուցին իրենց իրաւական հիմքը, երբ նոյնինքն Ազրպէյճան մերժեց ճանչնալ խորհրդային կարգերը եւ դուրս եկաւ Խորհրդային Միութենէն` նախքան անոր պաշտօնական լուծարումը:
Այլ խօսքով, նոյնինքն 5 յուլիս 1921-ի խորհրդային պաշտօնական որոշումէն մեկնելով, անոր անարդար բնոյթը շեշտելով հանդերձ, հայ ժողովուրդը իրաւական ամէն հիմք ունի կառչած մնալու այն փաստին, որ Լեռնային Ղարաբաղը իրաւականօրէն բնաւ մաս չէ կազմած Ազրպէյճանին:
Պատմութիւնը արձանագրած է, որ Ռուսական կայսրութեան անկումէն ետք, Կովկասի մէջ սկսած պետութիւններու կազմաւորման հանգրուանին, Լեռնային Ղարաբաղը 1918-20 թուականներուն կռուախնձոր դարձաւ մէկ կողմէ իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ, միւս կողմէ` թրքական զօրքերու ներխուժման պայմաններուն մէջ ձեւաւորուած նորաստեղծ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ:
Այդ ատեն ծայր առաւ հայեւազերիական դաժան պատերազմ մը, որուն ընթացքին Արցախը հերոսաբար պաշտպանեց ինքզինք եւ պապենական իր հողը:
Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը, իր կազմաւորման պահէն իսկ, շարունակաբար հողային պահանջներ ներկայացուց Անդրկովկասի հայկական շրջաններուն նկատմամբ:
Թրքական կանոնաւոր զօրքերն ու Ազրպէյճանի մուսաւաթական զօրամիաւորները, օգտուելով Ա. Աշխարհամարտի եւ Ռուսական կայսրութեան անկման պատճառով ստեղծուած խառնաշփոթ իրավիճակէն, փորձեցին իր աւարտին հասցնել հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան կողմէ 1915-ին գործադրուած ցեղասպանութեան ոճիրը:
1918-1920 համաթրքական մեծ պետութիւն մը հիմնելու հրէշածին ծրագրով տարուած թրքացեղ այդ զօրքերը բնաջնջեցին հարիւրաւոր հայկական գիւղեր, կազմակերպեցին հայերու ջարդեր Պաքուի եւ Գանձակի մէջ:
Բայց նոյնինքն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թուրքեւազերիական զօրքերը բախեցան լուրջ դիմադրութեան եւ պարտուած նահանջի դիմեցին, հակառակ անոր որ Արցախի ատենի մայրաքաղաք Շուշին 1920-ի մարտ 23-ին հրկիզուած ու թալանուած էր, իսկ անոր հայ բնակչութիւնը` կոտորուած:
Ճիշդ այդ ժամանակ միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ համարեց միջամտել աննախընթացօրէն ողբերգական բնոյթ ստացած հակամարտութեան:
1920-ի դեկտեմբեր 1-ին, Ազգերու լիկայի 5-րդ կոմիտէն, իր 3-րդ ենթակոմիտէի զեկոյցին վրայ հիմնուելով եւ հակադարձելով Ազրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւններուն ու ազերիներու ձեռամբ հայերու զանգուածային կոտորածներուն, միաձայնութեամբ որոշեց մերժել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան դիմումը` Ազգերու լիկային անդամակցելու:
Օրին Ազգերու լիկան նաեւ որոշեց, մինչեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը, Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալ իբրեւ վիճելի տարածք, որուն շուրջ համաձայնութեան յանգեցան հակամարտութեան առնչակից բոլոր կողմերը, անոնց շարքին եւ` Ազրպէյճանը: Այսպէ՛ս, 1918-20 թուականներուն, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջանին, անոր գերիշխանութիւնը չէր տարածուած Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս եւ Նախիջեւանի վրայ:
Այնուհետեւ, Անդրկովկասի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումին հետեւեցաւ քաղաքական նոր քարտեսի սահմանագծումը:
1920-ի դեկտեմբերի վերջերուն, Խորհրդային Հայաստանի հռչակումէն ետք, Կարմիր բանակի միաւորները, մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի հարցին խաղաղ լուծումը, ժամանակաւորապէս գրաւեցին Լեռնային Ղարաբաղը:
Միաժամանակ, Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս ետք, Ազրպէյճանի Յեղկոմը (Յեղափոխական կոմիտէն, որ պոլշեւիկեան այդ ժամանակուան իշխանութեան գլխաւոր մարմինն էր) պաշտօնական յայտարարութեամբ ճանչցաւ վիճելի տարածքներուն` Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանին Հայաստանի անբաժանելի մասը ըլլալը:
Լեռնային Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին ազրպէյճանական այդ յայտարարութեան պահուն հայկական տարածքները իրողապէս մաս չէին կազմեր Խորհրդային Ազրպէյճանին:
«Վիճելի տարածքներ»-ու նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին Խորհրդային Ազրպէյճանի յայտարարութեան եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի կառավարութեանց միջեւ համաձայնութեան հիման վրայ, 1921-ի յունիս 21-ին, Խորհրդային Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անբաժանելի մասը:
Հայաստանի կառավարութեան ընդունած համապատասխան հռչակագիրը լոյս տեսաւ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ազրպէյճանի խորհրդային մամուլի էջերուն: Պաքուի «Աշխատաւոր» թերթը, որ Ազրպէյճանի Կոմկուսի կենտկոմի օրկանն էր, 1921-ի յունիս 22-ին լոյս ընծայեց հռչակագիրը: Այդպիսով, տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի միացումը Հայաստանին, ինչ որ միջազգային-իրաւական իմաստով Անդրկովկասի մէջ, կոմունիստական վարչակարգի ընթացքին, եղաւ վերջին օրինական աքթը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ:
Միացման այդ աքթը ողջունեցին ինչպէս միջազգային հանրութիւնը, այնպէս ալ Ռուսիան, ինչ որ ամրագրուեցաւ Ազգերու լիկայի ժողովի բանաձեւին մէջ (թիւ /18.XII.1920թ.), ինչպէս նաեւ Ազգերու լիկայի գլխաւոր քարտուղարին` Ազգերու լիկայի անդամ-պետութիւններուն ուղղուած տեղեկանք-նոթին եւ ՌԽՖՍՀ արտաքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիատի /նախարարութեան (իշխանութեան բարձրագոյն մարմնին) Խորհուրդներու XI նստաշրջանին ուղղուած 1920-21 թթ. տարեկան զեկոյցին մէջ:
Շուտով, սակայն, Ռուսիոյ պոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը, համաշխարհային կոմունիստական յեղափոխութեան օժանդակելու իր քաղաքականութենէն մեկնելով եւ Թուրքիոյ վերապահելով «Արեւելքի մէջ յեղափոխութեան ջահակիր»-ի դերը, ըստ այնմ փոխեց իր վերաբերմունքը վերջինիս ազգային ծագումով մերձաւոր Ազրպէյճանի եւ վիճելի տարածքներու խնդրին, այդ շարքին նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ:
Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը, Մոսկուայի ցուցմունքով, վերսկսաւ խօսակցութիւններ ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ իր յաւակնութիւններուն մասին:
ՌԿ/բ/Կ Կովբիւրոյի պլենումը, արհամարհելով Ազգերու լիկային որոշումը եւ մերժելով ժողովրդական հանրաքուէն` իբրեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմաններու որոշման ժողովրդավարական մեքանիզմ, 1921-ի յուլիս 5-ին, Ստալինի անմիջական ճնշումին տակ եւ ի հակադրումն միացման աքթի, արարողակարգային խախտումներով որոշում տուաւ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղի բռնի անջատման մասին` այդ հայկական տարածքներուն վրայ Ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմին մէջ լայն իրաւասութիւններով ազգային ինքնավարութիւն կազմաւորելու պայմանով:
Ահա՛ նման` ապօրինի, կամայական եւ անարդար որոշումի մը կայացման չարաբաստիկ թուականն է 1921-ի յուլիս 5-ը:
Այդ առումով ալ մեր օրերուն կատարուող աշխարհաքաղաքական մեծ զարգացումները, երբ Հայաստանի եւ հայութեան ապագային վերաբերող հիմնական քաղաքականութիւն մը կը փորձեն պարտադրել` առանց հայ քաղաքական մտքին համաձայնութիւնը ապահովելու, փաստօրէն այդօրինակ քայլերը կը կրկնեն ստալինեան մեծ ոճիրը, որովհետեւ ազգային իր հունէն դուրս կը բերեն Հայոց Պետական Տունը` զայն սոսկ լծորդ դարձնելով մեծապետական ուժերու ծաւալապաշտական ախորժակներուն:

