ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` բոլորին հետ գործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հիմնել այնպիսի պետութիւն մը, որ բոլոր քաղաքական կողմերուն երազն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ դասախօսեց Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մասին` շեշտելով, որ Լիբանանի Դիմադրութեան դէմ միջազգային դաւադրութիւնը արժանի է խիստ դատապարտումի:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող զրկանքը մեծ է` աւելցնելով, որ ինք ճիգ պիտի չխնայէ փոխելու այդ իրականութիւնը` փորձելով բոլոր կողմերուն հետ գործակցիլ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրանսիս Կայը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մօտիկ ապագային պիտի գումարեն ընդարձակ նիստ մը` մշակելու համար «Պրիսթոլ» պանդոկի նիստին ընթացքին որդեգրուած որոշումները գործադրելու ծրագիր մը:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը քննարկեն յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Դամասկոս այցելելու կարելիութիւնները:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ տեղեկագիրներուն համաձայն, իսրայէլեան Մոսատը տակաւին կը հետապնդէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան սպաննելու ծրագիրը` հերքելով այն լուրերը, թէ Մոսատը հրաժարած է սէյիտ Նասրալլան սպաննելու գաղափարէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուաժիհ Պաարինի խստիւ դատապարտեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ արտաքին ուժերուն վստահելու եւ Լիբանանի ներքին հարցերը միջազգայնացնելու ջանքերը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, ընդդիմութիւնը կառավարութեան եւ վարչապետին դէմ մղած իր արշաւէն ազատ պիտի չկացուցէ նաեւ հանրապետութեան նախագահը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը գտնուի անկիւնադարձային հանգրուանի մը առջեւ` աւելցնելով, որ ան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր հաշիւները` կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը գործադրելու առումով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ իրենք այսօր կամովին մուտք կը գործեն հուրի մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը փրկել հարիրիական քաղաքականութեան պարտադրած դժոխքէն:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան առաջին առաքելութիւնը պիտի ըլլայ լիբանանցիները ապահով զգացնել:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ Դամասկոսի համալսարանին մէջ դասախօսելու պահուն հաստատեց, որ հակառակ բանեցուած բոլոր ճնշումներուն, Սուրիա կառչած մնացած է ազգային իր սկզբունքներուն եւ Դիմադրութեան զօրակցութեան: Ուահապ շեշտեց, որ Դիմադրութեան նկատմամբ իր կեցուածքները ճշդելու առումով Սուրիա օր մը օրանց համայնքի մը կամ յարանուանութեան մը մասին չէ մտածած:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ մեծամասնութիւնը ներկայացնող քաղաքական ղեկավար մը հաստատեց, որ կառավարութիւնը կարելի չէ փողոցին մէջ տապալել. ան նկատել տուաւ, որ որեւէ նման գրաւ կրնայ ձախող դուրս գալ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ազգային կառավարութիւն է` աւելցնելով, որ ընդդիմութիւնը պէտք չէ լիբանանցիները իբրեւ վառելանիւթ օգտագործէ երկրին մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու համար:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցը Իսրայէլի դէմ մեծ յաղթանակ մը տարած է ապահովական պատերազմին առումով:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանը պիտի հարուածէ տաքի նոր ալիք մը, որ կրնայ հրդեհներ բռնկեցնել անտառներուն մէջ: Հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն` կազմ ու պատրաստ մնալու:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրանսիս Կայը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-բրիտանական գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները:

