ԺԱՀԺԱՀ. «ԱՄԷՆ ՋԱՆՔ Ի ԳՈՐԾ ՊԻՏԻ ԴՆԵՆՔ` ՏԱՊԱԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Արապիէ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան նման կառավարութիւն մը ունեցաւ, որովհետեւ այդ կառավարութիւնը ամէն բան կը ներկայացնէ, բացի Լիբանանէն, զոր մենք կը ճանչնանք:

Ժահժահ հաստատեց, որ երկրին ներկայ կառավարութիւնը Լիբանանի կացութիւնը պիտի վերադարձնէ 2005-ի Մայրիներու յեղափոխութենէն առաջ տիրած իրավիճակին` աւելցնելով, որ այդ կառավարութիւնը հակալիբանանեան, հակաարաբական, հակաբարեկարգումի, հակաարդիականացումի եւ հակաբարգաւաճման կառավարութիւն մըն է, որուն տապալումին համար ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ ընդդիմութիւնը:

Ժահժահ նկատել տուաւ, որ կառավարութեան այս կազմը այնպիսին է, որ ոչ միայն Հըզպալլայի ապազինման համար պիտի գործէ` այլեւ պիտի պաշտպանէ այդ զէնքը եւ երաշխաւորէ անոր գոյութիւնը:

Ան խստիւ դատապարտեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ որդեգրուած այն բանաձեւը, որ կը վերաբերի Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին:

Share this Article
CATEGORIES