ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ. «ԵՐԿՐԻՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ Է»

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ այս հանգրուանին տիրող քաղաքական լարուածութեան եւ սուր երկփեղկումի մթնոլորտին մէջ կարելի չէ համայնքային եւ յարանուանական բանավէճի մէջ մտնել, մանաւանդ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ կայ իսրայէլացի թշնամի մը, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու եւ հրահրելու նպատակով:

Ղոսըն հաստատեց, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան ստացած վստահութեան քուէն կը հաստատէ, որ աւարտած է հին հանգրուան մը եւ սկսած նոր մը:

Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան վստահութեան քուէի պարագային ընդդիմութիւնը օգտագործած է այնպիսի բառամթերք, որ լիբանանեան քաղաքական շրջանակներուն խորթ է եւ նոյնիսկ չէ օգտագործուած պատերազմի տարիներուն:

Պաշտպանութեան նախարարը դիտել տուաւ նաեւ, որ խորհրդարանը վայր մըն է, ուր լիբանանցիներուն ներկայացուցիչները կը համախմբուին ու կը քննարկեն երկրին հարցերը եւ ոչ թէ տարբեր համայնքներ ու յարանուանութիւններ իրարու դէմ կը լարեն:

Ղոսըն ընդգծեց Լիբանանի մէջ երկխօսութեան վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ դրուատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ցուցաբերած գիտակից մօտեցումը` շրջանցելու համար այդ վտանգաւոր կացութիւնը:

Պաշտպանութեան նախարարը հաւաստեց, որ ազգային պաշտպանութեան հարցը առաջնահերթութիւն է` երկրին իշխանութեան պետերուն եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ու բանակի հրամանատարութեան համար:

Ան շեշտեց, որ երկրին ապահովական ուժերը ոչ մէկ կերպով պիտի արտօնեն երկրին ապահովական կայունութիւնը կամ քաղաքացիական անվտանգութիւնը խախտել:

Ղոսըն նշեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ լիբանանեան բանակը զինելու իմաստով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES