ՊԸՐՐԻ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ
Ըստ «Մարքազիա» լրատու գործակալութեան, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անձնական օդանաւով մեկնած է Պէյրութէն` ընկերակցութեամբ իր ընտանիքին:
«Մարքազիա» գործակալութիւնը յաւելեալ տեղեկութիւններ չփոխանցեց Պըրրիի այցելած վայրին եւ անոր վերադարձի հաւանական թուականին մասին:
Միւս կողմէ, նշենք, որ «Տիար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ ներկայ կառավարութեան պարտականութիւնն է գործադրելու սկսիլ աշխատանքի ծրագիր մը եւ հոգ տանիլ լիբանանցիներուն հարցերուն, ինչպէս նաեւ ամբողջացնել նշանակումները: Ան շեշտեց, որ այս առումով ինք մեծ եւ լուրջ դերակատարութիւն պիտի ունենայ:
CATEGORIES Լիբանանեան

