«Ահրար Սուննա Պաալպեք» Խմբաւորումին Եւ «Ապտալլա Ազզամ Փաղանգներ»-Ուն Միջեւ Բանավէճ

Սրաժէտտին Զրէյքաթ

Սրաժէտտին Զրէյքաթ

«Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ» ահաբեկչական խմբաւորումի բանբեր Սրաժէտտին Զրէյքաթ երէկ լիբանանեան բանակին դէմ կատարեց շարք մը ցեխարձակումներ, որոնց մէջ նշեց, որ լիբանանեան բանակը Իրանի գործակալ մըն է եւ կը գործէ Հըզպալլայի հրահանգներով:

Զրէյքաթ ըսաւ, որ բանակը Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն մէջ սիւներուն վրայ բարձրացած իսլամական «Լա Իլահա իլլա Ալլահ» դրօշակները վար կ՛առնէ, որովհետեւ անոնք սիւննի համայնքը կը ներկայացնեն:

Զրէյքաթ յայտնեց, որ սիւննի երիտասարդներ փորձած են արգիլել բանակը այդ դրօշները վար առնելէ, սակայն բանակը խոշտանգած է, վարկաբեկած եւ ձերբակալած զանոնք:

Զրէյքաթ նաեւ աւելցուց, որ բոլորը գիտեն, թէ Հըզպալլայի դրօշները եւ ատելութեան անոր կարգախօսները միջազգային մայրուղիներու վրայ կը զետեղուին եւ ոչ ոք կրնայ զանոնք վար առնել:

Աւելի ուշ, Զրէյքաթ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն յայտնեց, որ «Ահրար Սուննա Պաալպեք» խմբաւորումը վերացական անուն մըն է, որ կը ներկայացնէ Իրանի հետեւորդ կուսակցութեան կեցուածքները եւ ունի գաղտնի սպասարկութեան դերակատարութիւն:

Աւելի ուշ, «Ահրար Սուննա Պաալպեք» խմբաւորումը «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն պատասխանեց Զրէյքաթի յայտարարութեան` նշելով. «Մեզ` իսլամական պետութեան մարտիկներս ապօրինի կը կոչէք, որովհետեւ մենք մեր պարտականութիւնը կը կատարենք,  իսլամական պետութիւն կը յայտարարենք եւ ունեցած ենք մեր խալիֆան: Դուք մեզի գաղտնի սպասարկութեան հետեւորդ կը կոչէք, որովհետեւ մենք կը պայքարինք նաեւ Լիբանանի խաչակիրներուն դէմ, հետեւաբար ապօրինի կողմերը դուք էք, որ կը գործէք արտաքին շահերու հաշուոյն»: «Ահրար Սուննա Պաալպեք» խմբաւորումը սպառնաց պայքարիլ լիբանանեան որեւէ կազմակերպութեան դէմ, որ կը յանդգնի դպչիլ իր կեցուածքներուն եւ սկզբունքներուն:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ ահաբեկչական եւ հաւատադրժողական խմբաւորումները համաշխարհային եւ շրջանային կառոյցներու կողմէ կը շարժին: Ան կոչ ուղղեց զգուշանալու Լիբանանին սպառնացող վտանգէն եւ պատասխանատուութեամբ ու միասնականութեամբ դիմադրելու ապահովական այս մարտահրաւէրին:

ՆՇԵՆՔ, որ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ապահովական կառոյցները վարչապետ Թամմամ Սալամէն պահանջած են զգուշանալ` նկատի ունենալով, որ ՏԱՀԵՇ քաղաքական անձնաւորութիւններ սպանութեան թիրախ դարձնելու նոր անուանացանկ մը պատրաստած  է:

 

Share this Article
CATEGORIES