Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՈՒՆԺԵԶ- Աքքար մայրուղիին վրայ երէկ արձանագրուեցաւ ինքնաշարժի արկած մը, որ պատճառեց երեք զոհ եւ վիրաւորեց 23 ուրիշներ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Իպրահիմ Աուտէ Հասին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլարի Չայլտ Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց երկրին դիւանագիտական յարաբերութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը Մուսթաքպալ հոսանքին դէմ չէ ուղղուած եւ կարելի չէ անոր ձախողութեան մասին խօսիլ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թիւը նուազեցնելու առումով: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ Սուրիա ուղղուած եւ դարձեալ Լիբանան վերադարձած սուրիացիներէն գաղթականի հանգամանքը ջնջելու որոշումէն ետք յիսուն հազար սուրիացիներ Լիբանան չեն վերադարձած:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը լուրջ առաջարկ մը չէր, այլ նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտելու տեղեկատուական պայթուցիկ մը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ստուգել եւ ճշդել իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատուող Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն անունները:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ պէտք է Լիբանանի մէջ գործող սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող օրինական շրջագիծ մը ճշդել:

ՍԱՅՏԱՅԻ «Նապի Իպրահիմ» մզկիթի իմամ շէյխ Սահիպ Հըպլի շեշտեց, որ ահաբեկչութեան, հաւատադրժողական մտայնութեան եւ Իսրայէլի ոճիրներուն միջեւ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ապահովութեան ուժերը Թարիք Ժտիտէի մէջ ոչ մէկ սէուտցի ձերբակալած են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա երէկ կոչ ուղղեց քաղաքական տարբեր խմբաւորումներուն միջեւ մօտիկութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ զգուշացուց հաւատադրժողական շարժումներուն վտանգէն:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ գնահատեցին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի քաջ կեցուածքները:

ԻՐԱՒԱԲԱՆ Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ իրենք Մուսթաքպալ հոսանքին հետ երկխօսութիւն չեն կատարած եւ ոչ ալ կը մտածեն երկխօսութիւն կատարելու մասին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը կը միտի Լիբանանի քաղաքական կեանքը բարելաւել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն փաստեց, որ ինք բաւական հեռու է համախոհութենէն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ազատականներ կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց նախագահական աթոռը թափուր պահելու ընթացքը եւ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ մերժեց Լիբանանի մէջ իսլամական խալիֆայութեան յայտարարութիւնը` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ պետութեան չափանիշները չ՛ամբողջացներ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Ահրար Սուննա փաղանգին սպառնալիքները սուրիական վարչակարգին կողմէ խաղ մը կը նկատուին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթինհամաձայն, լիբանանեանապահովականկառոյցըկառավարութենէնպահանջածէՀըզպալլայէնխնդրել, որՍուրիայէննահանջէ:

Share this Article
CATEGORIES