«Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Յատուկ Պատասխանատուութիւն Կը Կրեն Աշխարհի Վրայ Կայունութեան Համար» Օպամային Կ՛ըսէ Փութին
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` դիմելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, Միացեալ Նահանգներու անկախութեան օրուան առիթով նշած է, որ Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները` յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրեն միջազգային կայունութիւնը ապահովելու գործին մէջ եւ պէտք է համագործակցին ի շահ ամբողջ աշխարհի:
Քրեմլինի հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Փութին նաեւ ընդգծած է, որ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները` իբրեւ գերտէրութիւններ, որոնք յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրեն միջազգային կայունութեան եւ անվտանգութեան համար, պէտք է համագործակցին ոչ միայն սեփական ժողովուրդներու, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի շահերէն մեկնելով»:
CATEGORIES Միջազգային

