Միացեալ Նահանգներ Իրաքցի Քիւրտերու Անկախութեան Հանրաքուէին Դէմ Են

Ճօ Պայտըն

Ճօ Պայտըն

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ դէմ արտայայտուեցան հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանիի շրջանի անկախութեան շուրջ հանրաքուէ կատարելու հրաւէրին` յայտնելով, որ Իրաք Իսլամական պետութեան զինեալները կրնայ ետ մղել միայն միացեալ մնալով:

Պարզանի շրջանի խորհրդարանէն պահանջած էր «ինքնորոշման իրաւունքին շուրջ հանրաքուէի» մը համար պատրաստութիւններ տեսնելու: Սակայն Սպիտակ տունը, որ քուլիսներու ետին աշխատանք կը տանի Իրաքի սիւննի, շիի եւ քիւրտ ղեկավարները Պաղտատի մէջ միացեալ կառավարութիւն մը կազմել համոզելու, Պարզանիի գաղափարին դէմ արտայայտուեցաւ:

Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտնեց. «Իրողութիւնը այն է, որ կը շարունակենք հաւատալ, որ Իրաքը աւելի հզօր է, երբ միացեալ է»: «Ահա թէ ինչու Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն զօրակցիլ Իրաքի մը, որ ժողովրդավարական է, բազմակարծական եւ միացեալ, եւ մենք պիտի շարունակենք իրաքեան բոլոր կողմերուն յորդորել այն նպատակին ուղղութեամբ շարունակել միասին աշխատիլ», ըսաւ ան:

Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն հինգշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Պարզանիի նախագահական անձնակազմի ղեկավար Ֆուատ Հիւսէյնի գլխաւորած քրտական պատուիրակութեան մը հետ եւ պատուիրակութեան մատնանշած Իսլամական պետութեան դէմ պայքարին մէջ «Իրաքի մէջ նոր կառավարութեան մը կազմութեան կարեւորութիւնը, որ բոլոր համայնքները պիտի համախմբէ»:

Պայտըն նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Իրաքի հարցը արծարծած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Մինչ այդ, ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեց ինքնահռչակ Իսլամական պետութեան ապագայ քարտէսը` իր սահմանները ընդլայնելու հնգամեայ ծրագիրի մը հիմամբ, որմէ ետք խալիֆայութիւնը պիտի տարածուի երեք ցամաքամասերու վրայ` 13 վիլայէթներով: Անիկա Եւրոպայի մէջ պիտի ներառէ Պալքանեան երկիրներն ու Սպանիան:

Իսլամական պետութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչները կը նշեն, որ իրենք կ՛ուզեն վերատիրանալ Անտալուսիոյ, որ մինչեւ 15-րդ դարու վերջաւորութիւնը իսլամական իշխանութեան տակ եղած է: Խալիֆայութեան այս ծրագիրին ամբողջացումը կը նախատեսուի քսան տարիէն:

Իրաքեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ վերջերս իրաքեան օդուժին մէջ ծառայութեան մէջ մտած ռուսական «Սոխոյ 25» օդանաւերուն մէկ մասը Ռուսիայէն են, իսկ մնացեալը` Իրանէն: Աղբիւրները նշեցին, որ Իրանէն եկած օդանաւերը իրականութեան մէջ 1991-ին Իրանի մօտ պահ դրուած իրաքեան օդանաւերէն են:

Իրաքի նախկին ղեկավար Սատտամ Հիւսէյն 1991-ին Քուէյթի ազատագրութեան պատերազմին ընթացքին իրաքեան 143 օդանաւեր քանդուելէ փրկելու համար զանոնք պահ դրած էր Իրանի մօտ: Իրաքի փոխնախագահ Իզզաթ Տուրի օրին Թեհրան այցելած էր` ընկերակցութեամբ Համզա Զուպէյտիի, եւ իրանեան իշխանութիւններուն հետ գոյացուցած էր համաձայնութիւն մը, ըստ որուն օդանաւերը պահ կը դրուին Իրանի մօտ եւ պատերազմի աւարտէն ետք կը վերադարձուին Իրաքի, սակայն Իրան զանոնք չէր վերադարձուցած:

«Հայաթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իրանեան լաւատեղեակ աղբիւր մը հերքած է, որ իրանեան օդանաւեր կամ օդաչուներ կը մասնակցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային գործողութիւններուն:

Սէուտական սահմանապահ ուժերու բանբեր Մոհամետ Ղամիտի սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ երկրին հիւսիսային սահմանները ապահով են եւ այդտեղ ապահովական աշխատանքները կատարեալ ձեւով կը կատարուին` աւելցնելով, որ Իրաքի հետ սահմանին մօտ «որեւէ փոփոխութիւն կամ կասկածելի շարժումներ չեն նկատուած»:

Յիշեցնենք, որ իրաքեան ուժերու սահմանէն հեռանալուն լոյսին տակ Սէուտական Արաբիա Իրաքի հետ իր սահմանին վրայ 30 հազար զինուոր տեղակայած էր:

Իրաքեան կողմը երէկ դարձեալ հերքեց իրաքեան ուժերու սահմանէն հեռանալու լուրը: Իրաքի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սաատ Մաան սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին զարմանք յայտնեց «կարգ մը տեղեկատուամիջոցներու ապակողմնորոշող, սխալ եւ բարոյականին վրայ ազդող տարաձայնութիւններ տարածելուն» առնչութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES