Լիպըրման. «Համասի Հետ Զինադադարի Հաստատումը Մեծ Սխալ Է»

Աւիկտոր Լիպըրման
Համաս շարժումը առաջարկեց հրթիռարձակումները դադրեցնել, եթէ Իսրայէլ Կազայի դէմ օդային հարուածները դադրեցնէ: Համասէն աղբիւր մը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ պաղեստինեան շարժումը եգիպտական գաղտնի սպասարկութենէն պաշտօնատարներու միջնորդութեամբ զինադադարի համաձայնութիւն մը գոյացուցած է: Սակայն իսրայէլացի ապահովական պաշտօնատար մը յայտնեց, որ «գնդակը Համասին դաշտին մէջ է»:
«Համասին յայտնեցինք, որ հանդարտութիւնը հանդարտութեամբ պիտի պատասխանուի, եւ եթէ հանդարտ չմնայ, ծանր հարուած պիտի ստանայ: Այս պատգամը շատ յստակ է եւ շատ յստակ կերպով փոխանցուեցաւ: Եթէ միակողմանի զինադադար հաստատեցին եւ հանդարտութիւնը վերականգնուեցաւ, շատ աղէկ», ըսաւ ան:
Սակայն Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր ԼԻպըրման յայտարարեց, որ հանդարտութիւնը հանդարտութեան դիմացը վտանգաւոր գործելաոճ է, «եւ մինչ մենք զինադադարի մասին կը խօսինք, Համաս յաւելեալ հրթիռներ կ՛արտադրէ»` աւելցնելով. «Պէտք է հրթիռներու գործարանները քանդել, իսկ Համասի ղեկավարները պէտք է գիտակցին, որ իրենք արդար թիրախներ են. Մաշաալ եւ Հանիյէ պէտք է գիտակցին, որ մեզի համար արդար թիրախներ են»:
«Համասի հետ զինադադարի հաստատումը մեծ սխալ է», ըսաւ ան:
Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ քննադատելով Քաթարը ըսաւ. «Պէտք է յստակ եւ անկեղծ պատգամ մը փոխանցել Քաթարին, որուն ճամբով Համաս իր գործունէութեան համար գումարներ կը փոխանցէ»: «Պատճառ մը գոյութիւն չունի, որ բնակեցուածներուն առեւանգումը օրհնած ահաբեկչական կազմակերպութեանց ղեկավարները կենդանի մնան, ըլլան անոնք Կազայի, թէ Քաթարի մէջ», ընդգծեց Լիպըրման:
Մինչ այդ, Կազայի մէջ Համասի հրաւէրով բազմամարդ ցոյց տեղի ունեցաւ ընդդէմ Երուսաղէմի, Այսրյորդանանի եւ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն:
Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ իսրայէլեան ապահովական ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան: Տասնեակներով պաղեստինցիներ փորձեցին խզել Աքսայի մզկիթ առաջնորդող Պապ Սիլսիլայի մէջ հաստատուած իսրայէլեան անցարգելը:
Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարը զգուշացուց, որ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը բուռն կերպով պիտի հակադարձէ պաղեստինեան ցոյցերուն:
Նշենք, որ բազմահազար երուսաղէմցի պաղեստինցիներ երէկ մասնակցեցան իսրայէլացիներու կողմէ առեւանգուած եւ սպաննուած պաղեստինցի պատանիի թաղումին:

