Լուքաշենքօ Քսան Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ուղերձ Յղած Է Պիելոռուսերէնով

Ալեքսան Լուքաշենքօ

Ալեքսան Լուքաշենքօ

«Ազատութիւն» կայքը կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ ցնցած է Պիելոռուս ժողովուրդը, երբ վերջին քսան տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիելոռուսերէն ուղերձ մը արտասանած է: Ան Պիելոռուսիոյ անկախութեան օրուան ընթացքին երէկ ժողովուրդին ուղերձ մը յղեց ոչ թէ ռուսերէնով, այլ` պիելոռուսերէնով:

Պիելոռուսիոյ մէջ անոր այս քայլը տարբեր մեկնաբանութեանց արժանացած է: Հիմնական ենթադրութիւնը այն է, որ Լուքաշենքօ կը փորձէ իր անկախութիւնը հաստատել առեւտրական եւ դիւանագիտական հիմնական դաշնակիցէն` Ռուսիայէն, վերջինիս կողմէ Խրիմը իր կազմին մէջ ընդգրկելէն ետք:

Պիելոռուսիոյ նախագահին` մայրենի լեզուով ելոյթը նախորդած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Մինսք այցելութեան, որուն հիմնական նպատակը նացիական զօրքերէն Պիելոռուսիոյ ազատագրման 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցիլն է:

Ըստ Լուքաշենքոյի նախկին բանբեր Ալեքսանտր Ֆետութայի, պէտք չէ Լուքաշենքոյի այս քայլին այլ մեկնաբանութիւն տալ:  «Պէտք չէ ըսել` ան կը հեռանայ Ռուսիայէն: Ան իր ուղեգիծը ունի», ըսած է Ֆետութա, որ նախագահի կազմէն հեռացած է 1995-ին: Վերջինս Լուքաշենքոյի պիելոռուսերէնով առաջին ճառը գրած է 1994-ին: Լուքաշենքօ զայն կարդացած է դարձեալ Անկախութեան օրուան առիթով: Ըստ Ֆետութայի, լրատուամիջոցներուն արձագանգը «խրտչեցուցած է Լուքաշենքոն, եւ ան հրաժարած է պիելոռուսերէնով հետագայ ճառերէն:

Ատկէ ետք ան հրապարակաւ ցոյց կու տար պիելոռուսերէնի նկատմամբ իր ատելութիւնը: «Մարդիկ, որոնք կը խօսին պիելոռուսերէն, միայն կրնան խօսիլ այդ լեզուով, որովհետեւ այլ վեհ բան այդ լեզուով արտայայտել կարելի չէ», ըսած էր ան 1994-ին:

Պիելոռուսիոյ նախագահը պիելոռուսերէնը աւելի ուշ խեղճ լեզու որակած է` նշելով, որ աշխարհի մէջ երկու մեծ լեզու կայ` ռուսերէն եւ անգլերէն:

1995-ին բաւական վիճելի սահմանադրական հանրաքուէէն ետք` Պիելոռուսիոյ մէջ ռուսերէնին պետական լեզուի կարգավիճակ շնորհուեցաւ:

Պիելոռուսերէնին նախապատուութիւն կու տան հիմնականին մէջ ընդդիմութեան կողմնակիցները, ազգայնականները եւ մտաւորականներ: Պիելոռուսերուն մնացած մասը կ՛օգտագործէ ռուսերէնի եւ պիելոռուսերէնի խառնուրդ լեզուն:

Ի պատասխան ընկերային ցանցերուն վրայ Լուքաշենքոյի` պիելոռուսերէնով վերջին ելոյթի մեկնաբանութիւններուն` Ֆետութան կը նշէ, որ պէտք չէ «ծաղրել կամ վախցնել նախագահին, հակառակ պարագային` անհրաժեշտ պիտի ըլլայ սպասել դարձեալ 20 տարի»:

Share this Article
CATEGORIES