Ռուսիոյ Տումային Մէջ Առաջարկուած Է Ուքրանիան Մալոռոսիյա Անուանել
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ դաշնութեան պետական Տումայի ներկայացուցիչը առաջարկած է ներկայ Ուքրանիոյ համար նկատի ունենալ պատմական եզրը:
Տումայի գիտութեան ու գիտաճարտարագիտութեան հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Միխայիլ Տեկթիարիով ԷլՏէՓէԷռ կուսակցութենէն Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի ռուսերէնի հիմնարկին դիմում ներկայացուցած է, որուն մէջ կը խնդրէ վերականգնել աւանդական Մալոռոսիյա եզրը: Ան կ՛առաջարկէ այդպէս նշել Ուքրանիան` այդ երկրի միջազգային գետնի վրայ ընդունուած անուան զուգահեռ:
Իր դիմումին մէջ երեսփոխանը գիտնականներէն խնդրած է ուսումնասիրել ,Մալոռոսիյաե եզրի ռուսերէնի մէջ օգտագործումը, անոր պաշտօնական օգտագործման վերաբերեալ յանձնարարականներ տալ:
Ըստ երեսփոխանին, ժամանակակից Ուքրանիոյ տարածքին մեծ մասը 17-րդ դարէն մինչեւ 1917 անուանուած է Փոքր Ռուսիա կամ Մալոռոսիյա:

