2014-ի Մոնտիալ. Գերմանիա Դուրս Ձգեց Ֆրանսան Եւ Հասաւ Կիսաւարտական. Պրազիլ – Քոլոմպիա` 2 – 1

Պրազիլ – Քոլոմպիա մրցումէն
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ իրարու դէմ ճակատեցան Գերմանիա եւ Ֆրանսա, աւելի քան 74 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Այս մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Մարաքանայի դաշտին վրայ, 13-րդ վայրկեանին Գերմանիա նշանակեց կոլ մը` շնորհիւ Մեթց Հիւմելզի (13-րդ):
Թէեւ այս կոլէն ետք նոր կոլեր նշանակելու առումով երկուստեք առիթներ ստեղծուեցան, սակայն անոնք չարդիւնաւորուեցան:
Արդիւնքը մնալով անփոփոխ, մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւի կազմը անցաւ կիսաւարտական հանգրուան:
Նշենք, որ այդպիսով պատմութեան մէջ Գերմանիա հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ յաջորդաբար չորրորդ անգամն ըլլալով կը հասնի կիսաւարտական:

Պայքար Գնդակին Համար (Գերմանիա-Ֆրանսա Մրցումէն)
Գերմանիա այդպիսով յաջողեցաւ իր գերակայութիւնը պահել Ֆրանսայի վրայ, որմէ վերջին անգամ պարտուած է 1958-ին (6 – 3):
Կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, 60 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 2 – 1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քոլոմպիոյ:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Թիակօ Սիլվա (7-րդ) եւ Տաւիտ Լուիս (69-րդ), իսկ Քոլոմպիոյ կոլը` Ճէյմս Ռոտրիկեզ (80-րդ` փենալթիով):
Պէտք է ըսել, որ այս մրցումը, մանաւանդ Ա. կիսախաղին, եղաւ բաւական հետաքրքրական եւ տաք` երկուստեք:
Այսպիսով, հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Գերմանիան, երեքշաբթի, 8 յուլիսին, ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):

