Սարգիսեան Եւ Տեմիրճեան Իրենց Ամէնէն Արագ Մրցումները Կատարեցին
Լիբանանահայ երկու փորձառու վարորդներ Շահան Սարգիսեան եւ Ալեքս Տեմիրճեան իրենց ամէնէն արագ մրցումը կատարեցին «Պլանփեն Էնտիւրանս»-ի մրցումին, որ կ՛իյնայ ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ եւ որ տեղի ունեցաւ ֆրանսական «Փոլ Ռիքարտ» վազքուղիին վրայ:
Պելճիքական «Պոթսան Ժինիոն» խումբին մաս կազմող վերոնշեալ երկու վարորդները գտան նոր խմբակից մը` Քրիս Վան Տեր Տրիֆթ (Նոր Զելանտա)` անգլիացի Ֆիլ Քուայֆի փոխարէն:
Նշենք, որ անոնց վարած ինքնաշարժն է «Մաքլարըն Էմ. Փի. 12-4 Սի.»:
CATEGORIES Մարզական

