Պասիլ Կը Մերժէ Լիբանանի Մէջ Գաղթակայաններու Ամէն Տեսակի Օրինականացում

Պասիլ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Պասիլ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան ահաւոր կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուի սուրիացի գաղթականներուն գոյութեան պատճառով: Ան նշեց, որ Լիբանան միակ երկիրն է, ուր այդքան մեծ թիւով (աւելի քան 35 առ հարիւր) սուրիացի գաղթականներ հասած են:

Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն ամսական դրութեամբ 100 միլիոն տոլարի ելեկտրական հոսանք կը տրամադրէ, ծննդաբերութեան պարագային ամսական դրութեամբ 80 սուրիացի մանուկ կը ծնի` լիբանանցի 40 մանուկի դիմաց, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս գաղթը քաղաքական չէ, այլ տնտեսական:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանան ոչինչ կ՛արգիլէ սուրիացի գաղթականին, սակայն կացութիւնը արդէն իսկ կը գտնուի պայթելու սեմին եւ եթէ անիկա այս ձեւով շարունակուի, ապա լիբանանցիներուն եւ սուրիացիներուն միջեւ սադրանք պիտի պատճառէ:

Պասիլ ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքը թերացած է սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելուն մէջ:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացիներուն համար գաղթակայաններ կառուցելու եւ կառավարութիւնը կատարուած իրողութեան դիմաց դնելու մտադրութիւն մը կայ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ամէն տեսակի գաղթակայաններու օրինականացումը մերժելի է եւ կը նկատուի բնակեցման տարբերակ մը:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ չէզոք քաղաքականութիւնը լաւագոյնն էր Լիբանանը փրկելու սուրիական տագնապէն: Ան նշեց, որ Պասիլ, որ նախկին կառավարութեան անդամ էր, քաջ գիտէ, թէ Միքաթիի կառավարութեան տուած որոշումը` Սուրիոյ նկատմամբ չէզոք քաղաքականութիւն որդեգրելու առումով, շատ ճիշդ քայլ մըն էր:

Ան աւելցուց, որ Պասիլ տեղեակ է նաեւ, թէ օրին միջազգային ինչքա՛ն ճնշում կը բանեցուէր կառավարութեան դէմ` Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն մուտքը չարգիլելու իմաստով:

Share this Article
CATEGORIES