Պըրրի Ընդունեց Կրթութեան Նախարարը

Խալիլ, Ապու Սաապ եւ Պըրրի

Խալիլ, Ապու Սաապ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Հանդիպումէն ետք Ապու Սաապ յայտնեց, որ Լիբանանեան համալսարանին եւ անոր դասախօսներուն վերաբերող թղթածրարը արծարծած է Պըրրիի հետ եւ անոր օժանդակութիւնը խնդրած` հինգշաբթի, 10 յուլիսի կառավարութեան նիստին ընթացքին լուծելու այդ թղթածրարը:

Ապու Սաապ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը կը հասկնայ ուսուցիչներուն եւ դասախօսներուն պահանջները եւ զանոնք կը գտնէ արդար, «հետեւաբար մենք խորհրդարանի նախագահէն կը խնդրենք միջամտել` լուծելու համար այս փշոտ հարցը», ըսաւ ան:

Ապու Սաապ աւելցուց, որ այս թղթածրարին լուծման համար իրենք լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ պիտի գործակցին եւ խորհրդակցին, որպէսզի անակնկալներ չպատահին կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին:

Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի կառավարիչ` ծագումով լիբանանցի Մարի Պաշիրը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Լեքս Փարթըլեմի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ մէջ լիբանանեան գաղութին իրավիճակը:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆուատ Ֆլայֆելը:

Share this Article
CATEGORIES