Լիտինկթըն. «Բրիտանիան Պիտի Պահպանէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Զինուորական Սպառազինութիւն Մատակարարելու ԵԱՀԿ-ի Արգելքը»

Տէյվիտ Լիտինկթըն
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Տէյվիտ Լիտինկթըն 2 յուլիսին յայտարարած է, որ Բրիտանիա վերահաստատած է իր հաւատարմութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին զինուորական սպառազինութիւն մատակարարելու ԵԱՀԿ-ի արգելքը:
«Միջազգային պարտաւորութիւններէն եւ գոյութիւն ունեցող իրավիճակէն ելլելով` Բրիտանիան պարբերաբար վերատեսութեան կ՛ենթադրէ իր արտածման քաղաքականութիւնը արգելքի ենթարկուած ուղղութիւններով: Մանրամասնօրէն ուսումնասիրելով Հայաստան եւ Ազրպէյճան արտածման եւ առեւտուրի արտօնագիրի տրամադրման ընթացակարգերը, կառավարութիւնը պիտի շարունակէ կիրարկել ԵԱՀԿ-ի արգելքը` երկու երկիրներու ուժային կառոյցներուն զինուորական սպառազինութիւն մատակարարելու համար, ինչ որ կրնայ օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ կամ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ցամաքային սահմանին վրայ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Հարաւային Կովկասը ռազմավարական կարեւոր նշանակութեան տարածք է Բրիտանիոյ համար: Համագործակցելով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի հետ, Բրիտանիան կը շարունակէ աշխատանքները շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ փոխըմբռնման հաստատման համար:
«Մենք մեծապէս կ՛աջակցինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ եւ տեւական լուծում գտնելու գործին մէջ», նշած է պետական նախարարը:

