Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մանր, աննշան հարցերը խոշորացոյցով դիտելով` ձեր օրը մի՛ խանգարէք: Փիլիսոփայական մօտեցումով կրնաք լուծել նոյնիսկ դժուար խնդիրը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ունիք ծրագիր մը, որուն մասնագէտը չէք, դիմեցէք փորձառու անձի մը, որ ձեզի ցոյց պիտի տայ ուղիղ ճամբան: Խոհեմ եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երբ ճշմարտութեամբ եւ արդար տրամադրութեամբ որոշում մը տաք, անպայման կը յաջողիք: Նման պարագաներու դիմեցէք միայն ձեր խղճին եւ սրտին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը յարմար է ձեր որոշումը իրագործելու: Յետաձգելու մասին մի՛ մտածէք, որպէսզի խանգարում չստեղծուի: Ուրիշներու կարծիքին մի՛ հետեւիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ստորակայութեան զգացումը հեռացուցէք ձեր միտքէն, որպէսզի ձեր բնական խառնուածքին հակառակը չընէք: Նայեցէք բնութեան, որ իր կամքով կը շարժի եւ չի սխալիր:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ներկայիս մեծ կամ ձեր կարողութենէն բարձր ծրագիրներ մի՛ երազէք: Մնացէք չափաւորութեան սահմանին մէջ, ան կ՛ուղղէ ձեզ դէպի բարձրը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մելամաղձոտութիւնը կը յառաջանայ մեկուսի ապրելաձեւէ, ուրեմն միացէք ուրախ եւ քէֆը սիրող անձերու: Միշտ մտածեցէք, որ կեանքը կարճ է եւ ուրախացէք եւ ուրախացուցէք, որքան որ կրնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ծառայասիրութիւնը պիտի գնահատուի: Աշխատանքի պարագային, կրնաք արժանանալ նիւթական վարձատրութեան: Դրամը կեանքը կը բարելաւէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատանոցին մէջ պատահած մանր կամ ծանր խնդիրները ձեզ հետ տուն մի՛ տանիք: Ինչ որ պատահած է, ձգեցէք իր տեղը, մոռցէք պատահածը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հոգեմտաւոր մտորումներով պիտի տարուիք: Ձեր հոգեկան աշխարհը կը խաղաղի այս կերպով: Մարզանքը կամ եոկան նպաստաւոր գործօններ են:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր շնորհները պիտի փայլին այնպէս, ինչպէս կը բաղձայիք: Ձեր աշխատանքին շնորհիւ է, որ պիտի հասնիք այս յաջողութեան: Շարունակեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամառ է, հետեւեցէք ձեր կենդանակերպ աստղին թելադրանքին: Լողացէք, որքան որ կ՛ուզէք: Առողջութիւնն ալ շարժում եւ գործ կը պահանջէ:

