50 Տարի Առաջ (7 Յուլիս 1964)

Տոմսեր

Ձմերուկ Կերէ՛ք…

Քանի մը օրէ ի վեր Պոսթընի մէջ ջերմօրէն կը հիւրասիրուի մանկամարդ թագուհի մը, որուն պատշաճ պատիւներ կ՛ընծայուին:

Ենթական կը կոչուի միս Քերըլայն Քինկ, որ կը թագաւորէ Ֆլորիտայի ձմերուկի ծաւալուն դաշտերուն վրայ: Մէկ խօսքով, «ձմերուկի թագուհի»-ն է, որ եկած է մեր քաղաքը, այս տաք օրերուն, հանրութեան ներկայացնելու համար հանրածանօթ ձմերուկը` իր բոլոր առաւելութիւններով…

Ահաւասիկ քանի մը հատուածներ` Քերըլայն Քինկ թագուհիի յայտարարութիւններէն, որոնք լոյս տեսած են տեղական թերթերու մէջ.

– Ձմերուկը պտուղներու մեծ գերդաստանի մը կը պատկանի եւ մէկն է ամէնէն օգտակարներէն: Խնձորէն, նարինջէն եւ պանանէն աւելի սննդարար է, որովհետեւ կը պարունակէ Ա. եւ Սէ. կենսանիւթերը ու քալսիում, որ կը զօրացնէ ոսկորները: Ձմերո՛ւկ կերէք:

Խմբագիր մը, որ ձմերուկի մասնագէտ է ըստ երեւոյթին, պատասխանած է թագուհիին.

– Շա՜տ կը գովէք ձմերուկը, որ բոլորիս ծանօթ է: Մենք մօտէն կը ճանչնանք զայն: Դարերու ընթացքին, ամէ՛ն տարի, վերամշակման արժանացած ըլլալն ալ կը փաստէ անոր ժողովրդականութիւնը: Սակայն սա մեր բոլորիս ճանչցած ձմերուկը եւս թերութիւններ չունի՞ արդեօք, որոնց չէք անդրադառնար երբեք…

Թագուհի Քինկ պատասխանած է.

– Անշո՜ւշտ ունի. ո՞վ թերութիւն չունի, որ ձմերուկը չունենայ: Օրինակ` ձմերուկը կուտ ունի եւ ոմանք չեն ուտեր զայն ա՜յդ պատճառով: Այդ կուտին պատճառած փոքր նեղութեան համար կ՛անտեսեն մեծ առաւելութիւնները: Մեծանուն մեղուն ալ, որ մեղր կու տայ, կը խայթէ: Այսուհանդերձ, ցարդ ոչ ոք մերժած է անոր մեղրը` խայթոցին անպատեհութեան պատճառով:

* * *

Տեղական թերթեր իմաստուն թագուհիին խօսքերը գտած են… մեղրի նման քա՜ղցր եւ ձմերուկի նման զովացուցի՜չ ու շինիչ: Մտածումներ Ա. եւ Սէ. կենսանիւթերով հարուստ…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Քրիստոնեայ Երիտասարդաց Եւ
Ուսանողաց Համագումարը Պրումմանայի Մէջ

Հինգշաբթի, 2 յուլիս 1964-ին, Պրումմանայի հայ սքուլին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ Երիտասարդաց եւ ուսանողաց անդրանիկ համագումարին: Հարիւրի մօտ պատգամաւորներ, որոնք եկած են արաբական բոլոր երկիրներէն, Թուրքիայէն, Կիպրոսէն, Յունաստանէն եւ Իրանէն, կը ներկայացնեն Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիները (հայ, յոյն, արաբ եւ ասորի) եւ բողոքական բազմաթիւ յարանուանութիւններ: Պատգամաւորներէն զատ, երեսունի մօտ ղեկավարներ եւ դիտողներ կը ներկայացնեն երիտասարդաց համաշխարհային կազմակերպութիւններ եւ կրօնական մարմիններ: Դիտողներ կան նաեւ Կաթոլիկ եկեղեցիէն եւ կազմակերպութիւններէն:

Այս համաժողովը առաջինն է իր տեսակին մէջ որ գումարուած ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ: Միաժամանակ ան մաս կը կազմէ ընդարձակ ծրագրի մը, որ գործադրութեան դրուած էր այս վերջին տարիներուն «Քրիստոնեայ ուսանողաց համադաշնակցութեան» կողմէ: Նմանօրինակ ժողովներ գումարուած են եւ կը գումարուին Ասիոյ, Ափրիկէի, Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու մէջ:

Պաշտօնական լեզուներն են` արաբերէն, յունարէն եւ անգլերէն: Անմիջական  թարգմանութեան դրութիւն մը թոյլ կու տայ, որ ժողովականներ կարենան մասնակցիլ բոլոր խօսակցութեանց:

Համաժողովին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 յուլիսի առաւօտեան, Պրումմանայի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էին պատգամաւորներ, հիւրեր եւ բազմաթիւ  եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: Պատարագեց եւ քարոզեց Գարեգին եպս. Սարգիսեան` բնաբան ունենալով «Դա է որդի իմ սիրելի, ընդ որ հաճեցայ, դմա լուարուք»: Իր խօսքը ուղղելով ժողովականներուն` ան վեր առաւ երիտասարդ ուսանողներու հիմնական պատասխանատուութիւնը եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ վերածնունդի գործին մէջ:

Ներկաները ապրումով հետեւեցան Հայ եկեղեցւոյ սրբազան պատարագին եւ երգեցողութեան, որոնք կատարուեցան հայ պատգամաւորներու կողմէ:

Համաժողովը արդէն սկսած է իր աշխատանքներուն եւ օրը օրին տեղեակ պիտի պահենք մեր ընթերցողները անոր աշխատանքներուն շուրջ:

Խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէ այժմ Պրումմանայի մէջ: Արեւելեան եկեղեցիներու պատկանող երիտասարդներ հաւատքով եւ յոյսով կը նային ապագային` առաջնորդուած ժողովին այնքան այժմէական թեմայով. «Ահաւասիկ առնեմ զամենայն նոր»:

Մ.

 

Share this Article
CATEGORIES