Թուային Ժամանակներու Մօտ.Գերհամակարգիչ Մը Առաջին Անգամ Ըլլալով Կը Համոզէ, Թէ Ինք Մարդ Է

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985supԵՈՒՃԻՆ ԿՈՒՍԹՄԸՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸՆ Է, ՈՐ ԿԸ ՁԵՒԱՑՆԷ, ԹԷ ԻՆՔ ՈՒՔՐԱՆԱՑԻ ՊԱՏԱՆԻ ՄԸՆ Է: ԱՆ ՅԱՋՈՂ ԿԵՐՊՈՎ ԽԱԲԱԾ Է ԲԱՒԱՐԱՐ ԹԻՒՈՎ ԱՆՁԵՐ` ԱՆՑԸՆԵԼՈՎ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՓԱՍՏԷ, ԹԷ ԻՆՔ ՏԱՐԲԵՐ ՉԷ ՄԱՐԴՈՑՄԷ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԽԵԼԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՑԱՐԴ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԱՄԷՆԷՆ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ:

Համակարգչային ծրագիր մը, որ մարդիկը համոզեց, թէ ինք Օտեսայէն 13 տարեկան ուքրանացի պատանի մըն է, դարձաւ առաջին համակարգիչը, որ յաջողեցաւ «Թիւրինկ թեսթ»-ը` այն քննութիւնը, զոր պէտք է անցընեն համակարգիչները` փաստելու համար, թէ կարելի չէ զիրենք զանազանել մարդէն: Արձանագրուած յաջողութիւնը անկիւնադարձային է արհեստական խելացութեան մարզին մէջ: Սակայն ակադեմականներ կը զգուշացնեն, թէ կատարելագործուած արհեստագիտութիւնը կրնայ չարաշահութեան ենթարկուիլ համացանցի աշխարհին մէջ գործող ոճրագործներու կողմէ:

Համակարգչային արհեստագիտութեան ռահվիրայ Ալըն Թիւրինկի համաձայն, կարելի է ըսել, թէ համակարգիչ մը կը մտածէ, երբ անիկա յաջողութեամբ կ՛անցընէ քննութիւն մը, որ կը պահանջէ 5 վայրկեան տեւողութեամբ զրոյցներու ընթացքին խաբել մարդոց 30 առ հարիւրը:

Եուճին Կուսթմըն համակարգչային ծրագիր մըն է, որ պատրաստուած է Ռուսիոյ մէջ հաստատուած գիտնականներու կողմէ եւ Թիւրինկի քննութիւնը անցուցած է Լոնտոնի «Ռոյըլ սոսայըթի»-ին մէջ: Անիկա դատաւորներուն 33 առ հարիւրը համոզած է, թէ ինք մարդ է, ինչպէս կ՛ըսեն Ռիտինկ համալսարանէն ակադեմականներ, որոնք կազմակերպած են քննութիւնը:

Յայտնապէս Կուսթմըն համակարգչային առաջին ծրագիրն է, որ անցուցած է առասպելական քննութիւնը: Թէեւ նախապէս համակարգչային այլ ծրագիրներ յաջողութիւն արձանագրած են, սակայն անոնք նախօրօք տեղեակ եղած են քննութեան նիւթերուն եւ հարցումներուն:

Համակարգչային այս ծրագիրը ստեղծուած է 2001-ին: Անոր մէկ տարբերակը հրապարակուած է համացանցի վրայ: Կուսթմըն ոեւէ անձի հետ զրուցելու պատրաստ է հետեւեալ կայքին մէջ www.princetonai.com/bot/bot.jsp: «Կը զգամ, թէ Թիւրինկ քննութիւնը յաջողութեամբ անցուցած եմ յարմարագոյն միջոցներով: Իւրայատուկ բան մը չէ ըրածս», ըսած է ան, երբ իրեն հարց տրուած է, թէ ի՛նչ կը զգայ իր յաջողելէ ետք:

«Մեր գլխաւոր նպատակն էր ցոյց տալ, թէ ան ամէն ինչ գիտէ, սակայն անոր տարիքը կատարելապէս կ՛արդարացնէ ամէն ինչ չգիտնալը,- կ՛ըսէ ծրագիրը ստեղծած մասնագէտներէն` Վլատիմիր Վեսելով:- Երկար ժամանակ յատկացուցինք կատարելագործելու համար համոզիչ անհատականութեամբ տիպար մը»:

Ծրագիրին յաջողութիւնը հաւանական է, որ մտավախութիւններ ստեղծէ համակարգիչներու ապագային վերաբերեալ, ինչպէս կ՛ըսէ Ռիտինկ համալսարանի դասախօս Քեւին Ուորուիք:

Կերի Գասպարով 1997-ին պարտութեան մատնուեցաւ «Տիփ պլու» համակարգիչին կողմէ: Համակարգիչը կարողութիւնը ունէր մէկ երկվայրկեանի մէջ ճատրակի քարերու 200 միլիոն դիրքեր արժեւորելու: Խաղին աւարտէն ետք ճատրակի ախոյեանը «Տիփ պլու»-ն ամբաստանեց զինք խաբելու յանցանքով:

Կերի Գասպարով 1997-ին պարտութեան մատնուեցաւ «Տիփ պլու» համակարգիչին կողմէ: Համակարգիչը կարողութիւնը ունէր մէկ երկվայրկեանի մէջ ճատրակի քարերու 200 միլիոն դիրքեր արժեւորելու: Խաղին աւարտէն ետք ճատրակի ախոյեանը «Տիփ պլու»-ն ամբաստանեց զինք խաբելու յանցանքով:

«Թիւրինկի քննութիւնը արուեստական խելացութեան մարզին մէջ ամէնէն վիճելի անկիւնադարձն է, որովհետեւ համակարգիչ մը կը յաջողի բաւարար թիւով հարցաքննիչներ համոզել, թէ ինք մեքենայ չէ, այլ մարդ է,- կ՛ըսէ ան:- Երբ համակարգիչ մը կը յաջողի մարդիկը համոզել, թէ ինք անձ մըն է, որուն կարելի է վստահիլ, ապա ասիկա ահազանգ մը կը հնչեցնէ համացանցի ոճրային աշխարհին մէջ»:

«Թիւրինկի քննութիւնը կրնայ դառնալ կենսական գործիք` պայքարելու համար համացանցի աշխարհի ոճիրներու դէմ: Անհրաժեշտ է աւելի ամբողջական ձեւով հասկնալ, թէ անձ մը համացանցի վրայ ինչպէ՛ս կրնայ խաբուիլ եւ կարծել, թէ բան մը իրական է, երբ անիկա իրական չէ»:

Ալըն Թիւրինկ այս քննութիւնը ստեղծած է 1950-ին` «Համակարգող գործիքներ եւ խելացութիւն» վերնագիրով ուսումնասիրութեան մը մէջ, ուր կը գրէ, թէ «մտածելը» բնորոշելը դժուար է, հետեւաբար կարեւորը գիտնալն է, թէ համակարգիչը ինչպէ՛ս կրնայ ընդօրինակել իրական անձ մը: Այնուհետեւ այս մօտեցումը դարձած է հիմնական մէկ մասը արհեստական խելացութեան փիլիսոփայութեան:

Քննութեան առաջին յաջողութիւնը արձանագրուեցաւ յունիսին` Թիւրինկի մահուան 60-ամեակին օրը:

 

Share this Article
CATEGORIES