Թուային Ժամանակներու Մէջ. Պարտաւո՞ր Ենք Մեր Զաւակները Փրկել Թուային Աշխարհէն

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ –  ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՐԴԵՕՔ ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ՉԱՓԷՆ ԱՒԵԼԻ՞ ԺԱՄԱՆԱԿ Կ՛ԱՆՑԸՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ: «ԱՅՈ՛» ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷԻՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ԾՆՈՂՆԵՐ, «ՎՍՏԱՀԱԲԱՐ Ո՛Չ»` ՈՒՐԻՇՆԵՐ: ՈՄԱՆՔ ՊԻՏԻ ԸՍԷԻՆ, ԹԷ ԻՐԵՆՑ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ՆՈՅՆՔԱՆ Կ՛ԱՊՐԻՆ ԹՈՒԱՅԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ, ՈՐՔԱՆ` ԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐԸ` ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՀԱՍՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՍԱԿ ՆԵՏՈՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ

«Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մանուկներ իրե՛նք են հեղինակութիւնը իրապէս կարեւորութիւն ներկայացնող մարզի մը մէջ, այն հարցին, թէ թուային աշխարհը ինչպէ՛ս փոփոխութեան կ՛ենթարկէ մեր հաստատութիւնները»:

«Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մանուկներ իրե՛նք են հեղինակութիւնը իրապէս կարեւորութիւն ներկայացնող մարզի մը մէջ, այն հարցին, թէ թուային աշխարհը ինչպէ՛ս փոփոխութեան կ՛ենթարկէ մեր հաստատութիւնները»:

Կը թուի, թէ այս օրերուն տեւաբար իրականանման (վըրչուըլ) աշխարհէն հիւր մը կայ մեր տան մէջ, երբ մեր զաւակները իրենց բարեկամներուն հետ կը շաղակրատեն Էքսպոքս լայվի կամ Ֆէյսթայմի վրայ, երբ դիմանկարներ կը դիտեն Ինսթակրամի վրայ:

«Ճենըրէյշըն Էմ.»

Կեանքէն անոնց ակնկալութիւնները հիմնականօրէն տարբեր են այսօր, քան ինչ որ էին մեր ակնկալութիւնները` իրենց տարիքին, այսինքն` 8-10 տարեկանին: Անոնք առաջին սերունդն են, որ առաջին անգամ իրենց մատը սահեցուցած են թուային պաստառին վրայ եւ` զարմացած, թէ ինչո՞ւ որեւէ բան չի պատահիր, առաջինը, որ երբ խաղալիք մը կոտրած են, ըսած են, «Մի՛ մտահոգուիր, կրնանք նոր խաղալիք մը բերել համացանցէն», եւ առաջինը, որ կը գիտակցին, թէ իրական աշխարհը աննկատ իր կեանքը կ՛ապրի թուային աշխարհին կողքին:

Մեր զաւակները թուային աշխարհի «բնիկներն են», որոնք կը հասկնան թուային աշխարհին վարք ու բարքը, գիտեն, թէ ինչպէ՛ս թուային երկտող մը եւ ե-նամակ մը պիտի ուղարկեն, ինչպէ՛ս ուայ-ֆայ պիտի ունենան, ինչպէ՛ս իրենց գործիքին պաստառին վրայ պիտի դիտեն, ինչ որ կ՛ուզեն: Տան պարտականութիւնը այլեւս շատ դիւրին է իրենց համար, երբ աշխարհի գիտութիւնը իրենց մատներուն տակ իրականանման ներկայութիւն է, շնորհիւ` Կուկըլի:

«Կրոուինկ ափ տիճիթըլ» գիրքի հեղինակ Տոն Թափսքոթ երկար ժամանակ յատկացուցած է ուսումնասիրելու, թէ համակարգիչի գործածութեան դարուն ծնած սերունդը ինչպէ՛ս կը տարբերի նախորդ սերունդէն:

«Բջիջային հեռաձայնի (մոպայլ) սերունդը` «Ճենըրէյշըն Էմ.» հասակ կը նետէ տեղեկութիւններու  տարափի մը տակ: Անոնց ուղեղը իրականութեան մէջ տարբեր է մեր ուղեղէն», կ՛ըսէ ան:

Թափսքոթ կը հաւատայ, թէ ուղեղին մէջ հաստատուած ջղային կապերն են, որոնք կ՛որոշեն, թէ ի՛նչ ձեւով կ՛անցընենք մեր ժամանակը:

«Իմ սերունդս հասակ նետեց պատկերասփիւռ դիտելով: Մենք կրաւորական ընկալողներ էինք: Այսօրուան մանուկները տուն կը վերադառնան, կը միացնեն իրենց բջիջային գործիքները, Էմ. Փի. 3-ի վրայ երաժշտութիւն կ՛ունկնդրեն, բարեկամներու հետ կը զրուցեն իրենց գործիքներով, տեսերիզի խաղեր կը խաղան, եւ այս բոլորը կը յաջողին կատարել միաժամանակ»:

Անձնական Ազատութիւնը`
Կաշկանդուա՞ծ

Այն բոլոր տեղեկութիւնները, զորս մեր զաւակները կը ստեղծեն կամ կ՛ամբարեն իրենց համակարգիչներուն վրայ եւ այն իրողութիւնը, թէ անոնք ամենայն դիւրութեամբ իրենց բարեկամները տուն կը հրաւիրեն իրենց համակարգչային պաստառին միջոցով, ծնողները կը մղէ հարց տալու, թէ արդեօք անոնք հասակ կը նետեն այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր անձնական ազատութիւնը այլեւս անիմա՞ստ է:

«Այնպիսի ժամանակներ կ՛ապրինք, ուր մեր կեանքը կ՛արձանագրուի եւ կը վերլուծուի անհամար սպասարկութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ պետութեան կողմէ: Հետեւաբար մատղաշ սերունդը իր անձնական ազատութեան կարեւորութեան եւ իր տրամադրած տեղեկութիւններուն գիտակից դարձնելը պէտք է առաջնահերթ տեղ գրաւէ օրակարգի վրայ», կ՛ըսէ Բրիտանիոյ մէջ քաղաքացիական ազատութիւններու պաշտպան «Պիկ պրատըր ուոչ» կազմակերպութեան փոխտնօրէն` Էմմա Քար:

Մեր զաւակներուն ուղեղին մէջ կը թաւալին թուային հարիւրաւոր պատկերներ, սակայն արդեօք մեր զաւակները մեզմէ աւելի հակակշիռ պիտի ունենա՞ն տեղեկութիւններու վրայ:

Մեր զաւակներուն ուղեղին մէջ կը թաւալին թուային հարիւրաւոր պատկերներ, սակայն արդեօք մեր զաւակները մեզմէ աւելի հակակշիռ պիտի ունենա՞ն տեղեկութիւններու վրայ:

«Կը տեսնենք, թէ մարդիկ հետզհետէ աւելի յաճախ կը ստիպուին ընկերային ցանցերու իրենց բանալի գաղտնի բառերը տալ գործատէրերու` նախքան գործի ընդունուիլը, համացանցի աշխարհին մէջ հալածանքը եւ բռնադատութիւնը դարձած են ցայտուն հարցեր, այլեւս սովորական են այն լուրերը, թէ առեւտրական ընկերութիւններ եւ պետութիւնը գաղտնի կը հետեւին մեր հաղորդակցութիւններուն»:

«Այսօրուան հրամայականն է մեր զաւակներուն սորվեցնել, թէ ինչպէ՛ս իրենց հաղորդակցութիւնները հասանելի կը դառնան ուրիշներուն, եւ թէ` ինչ անդրադարձներ կրնայ ունենալ այս հասողութիւնը»:

Սակայն Թափսքոթի համար համոզիչ չէ այս վիճարկութիւնը:

«Անհիմն է այն գաղափարը, թէ անձնական ազատութիւնը կաշկանդուած է, այլ զայն պաշտպանելու ձեւն է, որ կ՛ենթարկուի հիմնական փոփոխութեան», կ՛ըսէ ան:

«Մանուկներ գիտակից են անձնական ազատութեան կաշկանդումի հարցին եւ բնազդաբար կը հասկնան տեղեկութիւններ օգտագործելու մէջ իրենց պատասխանատուութիւնը»:

Տեղին կը թուի ըլլալ այս կարծիքը: Այս օրերուն մանուկներ յաճախ հարց կու տան, «Այս նկարը Ֆէյսպուքի վրայ պիտի դնե՞ս»:

Նոյնիսկ այս յօդուածին համար լուսանկար մը առնելը ստեղծեց շարք մը հարցադրումներ. «Ի՞նչ պիտի գրես իմ մասիս», «Ինչո՞ւ պարզապէս Կուկըլէն այՓատ գործածող մանուկի մը լուսանկարը չես առներ»:

Ճիշդ է, որ մանուկներ այնքան ալ չեն յարգեր «հեղինակի իրաւունքը», սակայն պէտք է ընդունիլ, թէ անոնք բծախնդիր սպառողներ են:

«Իրականութեան մէջ անոնք մանրազնին կը քննեն,- կ՛ըսէ Թափսքոթ:- Երբ մանուկ էի, պատկեր մը պարզապէս լուսանկար մըն էր: Այս օրերուն, երբ մանուկներ նկար մը կը տեսնեն, հարց կու տան, թէ արդեօք անիկա թուային միջոցներով փոփոխութեան ենթարկուա՞ծ է»:

Ինչ կը վերաբերի անձնական տեղեկութիւններ գաղտնի պահելու ազատութեան, ապացոյցներ ցոյց կու տան, թէ ընկերութիւններ սկսած են հասկնալ, թէ մարդիկ նախանձախնդիր են իրենց մեծագոյն ունեցուածքը` իրենց անձնական տեղեկութիւնները գաղտնի պահելու: Ընկերութիւններ սկսած են ընձեռել անձնական տեղեկութիւններ պահելու թուային տարբեր միջոցներ, որպէսզի պաշտօնեաներ զանոնք մէկտեղեն եւ բաժնեն համացանցի վրայ:

Ոմանք կը մտածեն, թէ օր մը ի վերջոյ մարդիկ իբրեւ վաճառելի իր պիտի ծախեն իրենց անձնական տեղեկութիւնները: Զանոնք գնելու տրամադրութիւն պիտի ցուցաբերեն ծանուցումի ընկերութիւններ, որոնք մեր  վաճառած տեղեկութիւնները մեզի պիտի վերադարձնեն` անձնականացած պարունակի մէջ: Այսպէս` «Ռիսփեքթ նեթուըրք» պիտի հաստատէ համացանցի բեմ մը, որ առիթ պիտի տայ մեզի ընտրելու այն անձերը, որոնց հետ կը փափաքինք բաժնել մեր տեղեկութիւնները:

Մինչ այդ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ համացանցի վրայ արդէն հրապարակուած անձնական տեղեկութիւններու մեր հակակշիռը:

Անցեալ ամիս Եւրոպական Միութեան Արդարադատ ատեանը թեր քուէարկեց «մոռցուելու իրաւունքը ունենալու» սկզբունքը հաստատող օրէնքին` Կուկըլէն պահանջելով, որ ջնջէ կապերը դէպի այն կայքերը, որոնք տեղեկութիւններ կը պարունակեն անձի մը դրամական վիճակին վերաբերեալ, երբ անձ մը արդէն ժամանակավրէպ հռչակած է տուեալ տեղեկութիւնները:

Մեր զաւակներուն հաւանաբար հաճելի պիտի թուին այս օրէնքները, որովհետեւ անոնք պիտի փափաքին ջնջել իրենց մանկութեան եւ պատանեկութեան զետեղած անձնական տեղեկութիւնները եւ պիտի ուզեն զանոնք փոխարինել իրենց չափահաս կեանքին վերաբերող տուեալներով:

Հաւանաբար մեր զաւակները պիտի փափաքին օր մը ջնջել հսկայական քանակութեամբ տեղեկութիւններ: Փիւ վիճակագրական սպասարկութեան համացանցի կեդրոնին կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրի մը համաձայն, Միացեալ Նահանգներու մէջ մանուկներուն շուրջ 50 առ հարիւրը 12 տարեկանին արդէն ունի բջիջային հեռաձայն մը: Ծնողներ սկսած են ե-նամակի եւ համացանցի վրայ ընկերային կապերու հասցէներ հաստատել իրենց նորածին զաւակներուն համար:

Նոյնիսկ կէս-կատակ կէս-լուրջ կը պատմուի, թէ այսօր բազմաթիւ ծնողներ աւելի հաւանական է, որ իրենց նորածին զաւկին համար գնեն թուային պաստառով գործիք մը, քան թէ` արջուկ մը:

Զտող Գործիքներ

Արհեստագիտական միջոցներու հետ կանուխ տարիքէն կապը առիթ տուած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու, որոնք կը քննեն, թէ արդեօք մանուկներ չափէն աւելի՞ մխրճուած են թուային աշխարհին մէջ, այնքան, որ մոլի դարձած են եւ այլեւս ժամանակ չունին բաց երկինքի տակ քալելու, հողին վրայ խաղալու կամ թիթեռնիկ հալածելու:

Կարելի՞ է հաւասարակշռութեան միջին մը գտնել բացօթեայ կեանքի եւ համացանցի կեանքի միջեւ:

Կարելի՞ է հաւասարակշռութեան միջին մը գտնել բացօթեայ կեանքի եւ համացանցի կեանքի միջեւ:

Թափսքոթի համաձայն, ամէն ինչ կախեալ է առողջ դաստիարակութենէ:

«Ծնողներ պարտաւոր են ընտրութիւններ կատարել, արգիլել ճաշի պահուն եւ ճաշարանին մէջ թուային գործիքներու գործածութիւնը, համաձայնութիւն մը գոյացնել, թէ ե՛րբ կարելի է գործածել զանոնք», կ՛ըսէ ան:

Թափսքոթ շատ չի քաջալերեր համացանցի պարունակութիւնը զտող միջոցները, որոնք ծնողներուն առիթ կու տան արգիլելու պոռնկագրական կայքերու հասողութիւնը:

«Պոռնկագրական նիւթերու հասողութեան հարցը դիմագրաւելու լաւագոյն ձեւը ո՛չ թէ անոնց հասողութիւնը արգիլելն է, այլ անոնց մասին բացատրութիւն տալը», կը շեշտէ ան:

Թափսքոթի նման լաւատեսներու դիտանկիւնէն, դպրոցներ գլխաւոր դեր ունին արհեստագիտական միջոցներու գործածութիւնը ընկալած մանուկները հասկնալու մէջ:

«Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մանուկներ իրե՛նք են հեղինակութիւնը իրապէս կարեւորութիւն ներկայացնող մարզի մը մէջ, այն հարցին, թէ թուային աշխարհը ինչպէ՞ս փոփոխութեան կ՛ենթարկէ մեր հաստատութիւնները», կ՛ըսէ ան:

Թափսքոթ կը տարակուսի, թէ դպրոցներ հասկցած են այս փոփոխութեան հսկայական տարողութիւնը:

«Այսօրուան մանուկները չեն սորվիր այն ձեւով, որ մենք սորված ենք, սակայն դասարանը որեւէ ձեւով չէ փոխուած ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն ի վեր», կ՛ըսէ ան:

Թէեւ բազմաթիւ դպրոցներ արհեստագիտական միջոցներով ստեղծուած նորարար մօտեցումներ որդեգրած են, սակայն ապացոյցներ նաեւ ցոյց կու տան, թէ բազմաթիւ ուսուցիչներ կը վախնան այս կարելիութենէն:

Անցեալ ամիս Բրիտանիոյ ուսուցիչներու եւ դասախօսներու ընկերակցութեան մէկ տեղեկագիրը պետութենէն կը պահանջէր ուղեցոյց մը, որ ճշդէր համացանցի կապուած գործիքներու տրամադրելի ժամերը:

«Հետզհետէ աւելի յաճախ կը լսենք շատ փոքրիկ մանուկներու մասին, որոնք երբ դպրոց կու գան, չեն կրնար կեդրոնանալ կամ ընկերային կապեր հաստատել, որովհետեւ չափէն աւելի ժամանակ կ՛անցընեն թուային խաղեր խաղալով եւ համացանցի վրայ ընկերային կապեր օգտագործելով», կ՛ըսէ դպրոցի տնօրէն մը:

Սակայն արհեստագիտական թուային միջոցներու հասողութիւնը կաշկանդելէ աւելի` Թափսքոթ խորհուրդ կու տայ հրաժարիլ համացանցի աշխարհը վատ կամ համացանցէ դուրս աշխարհը լաւ որակելու մտայնութենէն:

«Ժխտական կեցուածք մը կը տիրէ համացանցի դէմ: Անիկա կը նկատուի մոլութիւն, որ կ՛առաջնորդէ ընկերային իրական կապեր հաստատելու անկարողութեան, կը ստեղծէ նարսիսական անձերու բանակ մը, որ հետաքրքրուած է միայն Ֆէյսպուքով եւ ինքնալուսանկարներով (սելֆի): Նկատած եմ, թէ ճիշդ չէ այս կարծիքը», կ՛ըսէ ան:

«Այս սերունդը երբեւիցէ ապրած ամէնէն խելացի սերունդն է»:

 

Share this Article
CATEGORIES