Արտադպրոցական Հայեցի Դաստիարակութիւնը Եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը – Բ.-

ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի Հայեցի Դաստիարակութեան Ազգային
Առաքելութիւնը Եւ Դերակատարութիւնը

badrasden-kdzaՄեր բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները դերակատարութիւն ունին տարբեր գաղութներու մէջ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու աշխատանքին մէջ: Կարգ մը նոր կառոյցներ, ինչպիսին է «Birthright Armenia», սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութեան կը նպաստեն` Հայաստանի հետ հաղորդակցելու առիթներ ընծայելով: Աւելի երկար ծառայութիւն ունեցող պատանեկան եւ երիտասարդական մակարդակի հիմնական կառոյցներն են ՀՅԴ-ի երիտասարդական միաւորները, Համազգայինը, ՀԲԸՄ-ը, Հայ եկեղեցին-ACYO եւ ՀՄԸՄ-ը:

Վերոնշեալներէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ հայեցի դաստիարակութեան խնդրին պատշաճ լուծումներ գտնել, որովհետեւ օրէ օր կը դժուարանայ նախ պատանի-երիտասարդութիւն ներգրաւելու աշխատանքը, ապա` զանոնք հայկական շրջանակի մէջ պահելը: Առանց թերագնահատելու ազգային որեւէ կառոյց` հայեցի դաստիարակութեան աշխատանքին մէջ հայկական կազմակերպութիւնները ունին որակական եւ քանակական տարբեր ցուցանիշներ: Ներկայիս եւ անցեալին, հայկական բոլոր գաղութներու մէջ ալ ՀՄԸՄ թէ՛ հայ ծնողներու եւ թէ՛ պատանիներու համար ճանչցուած եւ ցանկալի կառոյց մըն է:

ՀՄԸՄ-ի նպատակն է` մարդակերտում եւ հայակերտում, թիրախ ունենալով հայ ծագումով ոեւէ երեխայ-պատանի-երիտասարդ: Այս կը նշանակէ` հայապահպանում, հայկական ոգիի ջամբում եւ հայախօսութիւն: Պատմականօրէն, եւ մինչեւ այսօր, ՀՄԸՄ-ականը կը ստանայ հայկական արեւելում ունեցող դաստիարակութիւն:

ՀՄԸՄ-ը համագաղութային կազմակերպութիւն է: Իր անդամներուն 60 տոկոսը արեւմտեան սփիւռքի մէջ է, իսկ 40 տոկոսը` Մերձաւոր Արեւելք եւ Հայաստան: Ուրեմն, տարբեր գաղութներու մէջ ՀՄԸՄ հայեցի դաստիարակութեան մտահոգութիւնը կ’ապրի եւ միեւնոյն ժամանակ լաւագոյնս կրնայ փորձարկումի լաւ դաշտ հանդիսանալ: ՀՄԸՄ նաեւ երիտասարդ կազմակերպութիւն է եւ որպէս անդամ կ’ընդունի  նոյնիսկ 4-6 տարեկան փոքրիկները: Որքան կանուխ կազմուի փոքրիկի մը հայեցի շրջանակը, այնքան աւելի կ’ըլլայ յանձնառու հայը դարբնելու եւ անոր հայերէն խօսակցական լեզուն ամրապնդելու կարելիութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի հայեցի դաստիարակութեան աշխատանքը ունի երկու երես.-

Ա) Միութենական այլազան ծրագիրներու միջոցով հայեցի ինքնութեան, հպարտութեան եւ հայ ոգիի ջամբում, առաւել` սկաուտական գիտելիքներու ճամբով արտադպրոցական  հայկական ուսման փոխանցում (հայոց պատմութեան, Հայ եկեղեցւոյ, մշակոյթի, հայ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին ու այսօրուան խնդիրներուն առնչուած):

Բ) Առարկայական գիտելիքներու ամրապնդում` ենթակայական միջոցներով, արտադպրոցական ձեռնարկներով, ազգային տօներու նշումով, աւանդութիւններու պահպանման ճամբով եւ ակմբային կեանքի նախաձեռնութիւններով:

Այսօր ՀՄԸՄ-ի դպրոցական տարիքի անդամներուն 80 առ հարիւրը հայկական վարժարան կը յաճախէ: Ոչ հայկական դպրոց յաճախող ՀՄԸՄ-ական աշակերտներուն տոկոսը կը կազմէ 5 առ հարիւր:

ՀՄԸՄ-ի հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնը հայ հասարակութեան համար միշտ ալ պիտի մնայ անհրաժեշտութիւն մը: Ժամանակը պիտի չնուազեցնէ այդ առաքելութեան պահանջը: Հայկական այդ ինքնութեան կերտումը կը կատարուի եւ պիտի շարունակուի հետեւեալ պատճառներով.-

– ՀՄԸՄ առիթ կ’ընծայէ, որ հայ մանուկներ կանուխ տարիքէն (4-6 տարեկան) եւ հետեւողական ձեւով (շաբաթօրեայ կամ աւելի) հայկական շունչով վառ մթնոլորտի մը մէջ ապրին:

– Հակառակ այն իրողութեան, որ այսօրուան հայ պատանի-երիտասարդները եւ ծնողները կրնան ոչ հայկական ակումբներու անդամակցիլ,  մարմնամարզն ու  սկաուտութիւնը միշտ ալ գրաւիչ ընտրանք պիտի մնան պատանի-երիտասարդներու համար եւ, հետեւաբար, ՀՄԸՄ իր ընծայած միջոցներով պիտի մնայ այժմէական:

– ՀՄԸՄ-ական հայ երիտասարդները առիթն ու առաւելութիւնը ունին ՀՄԸՄ-ի համագաղութային ընտանիքին ընդմէջէն այլ հայերու հետ մշակելու եւ զարգացնելու ընկերային երկարատեւ յարաբերութիւններ: Այս կապը  զիրենք աւելի հաղորդակից կը պահէ հայկական արեւելում ունեցող շրջանակին հետ:

– Վերջապէս, ժամանակակից ընկերային մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները ապահով եւ թմրեցուցիչներէ հեռու միջավայրի մը մէջ պահելու նպատակով, մարզական եւ սկաուտական ծրագիրներու միջոցով զանոնք ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան միջավայրին կը վստահին:

Իրենց զաւակներու կազմաւորման տարիքին ծնողներ մեծապէս կը գնահատեն այն իրողութիւնը, որ ՀՄԸՄ պատանիներու մէջ կ’արմատաւորէ այնպիսի արժէքներ, ինչպիսիք են` քաղաքացիական հաւատարմութիւնը, ազգային հպարտութիւնն ու ինքնութիւնը, կարգապահութիւնը, խմբային աշխատանքը, յարգանքը ուրիշին եւ երէցին հանդէպ, պատասխանատուութիւնը, ուրիշներու հանդէպ յանձնառութիւնը: Մարդակերտումը այս ձեւով կ’օգնէ հայակերտումին:

ՀՄԸՄ իր կառոյցին եւ  ծառայութիւններուն բերումով հայ հասարակութեան աւելի հասանելի է, քան` այլ կազմակերպութիւններ: Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, զանազան գաղութներու  հայկական վարժարաններու աշակերտութեան յարգելի տոկոսը` 21 առ հարիւրը ՀՄԸՄ-ի անդամ արձանագրուած է, աւելի բարձր համեմատութեամբ, քան` այլ կազմակերպութիւններու պարագային: Ներկայիս միութեան անդամներու 25 հազարէն 18 հազարը 21 տարեկանէն վար է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ՀՄԸՄ ներկայիս մեծ թիւով դեռահաս հասարակութեան մը հայեցի դաստիարակութեան կ’օժանդակէ: Բայց նաեւ յստակ է, որ ՀՄԸՄ ցարդ չէ կարողացած հասնիլ ոչ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներու: Աւելի կարեւորը ապագան է եւ ապագայի հորիզոնը լայն է, որովհետեւ ՀՄԸՄ գիտակցօրէն հայկական շրջանակներէ հեռու մնացած հայ պատանի-երիտասարդութիւնը ներգրաւելը ապագայի թիրախ ընտրած է: Ազգային տեսանկիւնէն այս իրողութիւնը նաեւ կ’ընդգրկէ ռազմավարական արժէք:

ՀՄԸՄ Ինչպէ՞ս Կրնայ Աւելիով
Նպաստել Հայեցի Դաստիարակութեան

Արտադպրոցական հայեցի դաստիարակութեան բնագաւառին մէջ ՀՄԸՄ կը հետապնդէ չորս նպատակ.-

Ա. Փոքր տարիքէն հայկական ոգիի եւ պատկանելիութեան ամրապնդում:

Բ. Հայաստանի հետ հոգեկան եւ առարկայական կապերու ամրապնդում:

Գ. Աւելի յանձնառու երիտասարդ սերունդի մը կերտում:

Դ. Հայախօսութեան քանակական եւ որակական զարգացում:

Հայկական Ոգիի Զարգացում

Վերեւի առաջին երեք նպատակները կը նպատակադրեն հայ մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու մէջ զարգացնել գիտակցուած հայկականութիւն:

Հայեցի դաստիարակութեան իր առաքելութեան առաջին երեք բաժիններով, հայ ինքնութեան եւ դիմագիծի, այսինքն` հայօրէն ապրելու եղանակը զարգացնելու  գծով, ՀՄԸՄ ներկայիս բաւական  արդիւնաւոր աշխատանք կը տանի:

– Սկաուտական շարքերէ ներս հայեցի դաստիարակութիւնը միշտ օրակարգի վրայ  է: Սկաուտական ծրագիրները բաւական առիթ կ’ընծայեն  հայկական արեւելումով նախաձեռնութիւններու: Արդէն իսկ ազգային դաստիարակութեան հետ առնչուած գիտելիքները կը վերամշակուին: Շեշտը կը դրուի լեզուի եւ մշակոյթի հետ կապ ունեցող արտադպրոցական աշխատանքներու վրայ` թէ՛ աւանդական եւ թէ՛ վերամշակուած միջոցներով: Կարող խմբապետներն ու դաստիարակներն են,  որ սկսած են դժբախտաբար պակսիլ:

– ՀՄԸՄ նաեւ առիթ կ’ընծայէ, որ սփիւռքէն  երիտասարդներ Հայաստան այցելեն` համագաղութային բանակումներ եւ մարզախաղեր կազմակերպելով: Այդ առիթը շատերու մէջ կը զարգացնէ ազգային հպարտութեան եւ պատկանելիութեան զգացում եւ կը նպաստէ հայօրէն ապրելու եւ հայ կեանքին աւելի մօտենալու:

– ՀՄԸՄ յաջողած է 18 տարեկանը բոլորած իր անդամներուն մեծ մասը, մասնաւորաբար սկաուտները, փոխանցել գաղութային այլ պաշտօններու եւ գործօն կազմակերպութիւններու շարքերուն, եւ այդ լաւագոյն ապացոյցն է, որ ՀՄԸՄ իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ կը  կատարէ:

Եթէ ՀՄԸՄ հայեցի դաստիարակութեան, հայեցի ոգիի կերտման գծով յաւելեալ ընելիք ունի, այդ ընելիքը հետեւեալն է.-

– Գիտակցուած հայկականութեամբ ապրելու եղանակը թէեւ ներկայիս ի զօրու է, սակայն պէտք է աւելի արժեւորուի եւ բոլոր մակարդակի ղեկավար մարմիններու կողմէ ՀՄԸՄ-ական ներքին քաղաքականութիւն  դառնայ: Մարզիկներու մօտ աւելի ամուր հայկական արեւելում եւ հայկական ինքնութեան զգացում պէտք է զարգացնել: Այս մէկը հիմնականօրէն  կ’ենթադրէ մարզիչներու դաստիարակութիւն եւ կարող խմբապետներու եւ դաստիարակներու պատրաստութիւն:

– Կեդրոնական եւ շրջանային ղեկավարութիւնը, մարդուժի եւ նիւթականի առնչութեամբ, մտածելակերպի եւ աշխատանքային ձեւերու բարեփոխութիւն պէտք է յառաջացնէ: Ինչպէս որ հայկական վարժարանը պէտք ունի պիւտճէի եւ ուսուցչական մարդուժի, նոյնը պէտք է ՀՄԸՄ-ին` որպէս արտադպրոցական դաստիարակութեան դարբնոց:

– Պետական եւ օտար վարժարաններու հայ աշակերտութեան յատուկ մարզական եւ սկաուտական միաւորներ կազմակերպէ: Այս մէկը կ’ենթադրէ յարաբերական յատուկ աշխատանք եւ մարդուժի ներդրում:

– Երիտասարդ խմբապետներու կողքին, նշանակել հայ լեզուի փորձառու եւ մշակոյթին ծանօթ աւագ խորհրդատու անձեր (Mentors), որոնք օրինակ կրնան հանդիսանալ իրենց եւ իրենց ընտանիքի «գիտակցական հայկականութեամբ ապրելու եղանակով»:

– Թէ՛ մարզական եւ թէ՛ սկաուտական ծրագիրներու համար ձեռք բերել մասնագիտացած  երիտասարդ խորհրդատուներ (Youth Counselors), որոնք հետեւողական ներկայութիւն ըլլան եւ պատշաճ վճարում ստանան:

– Հայեցի դաստիարակութեան աշխատանքին տրամադրել յատուկ պիւտճէ:

Հայախօսութիւն

ՀՄԸՄ հայեցի դաստիարակութեան իր առաքելութեան չորրորդ բաժինով` հայախօսութեամբ,  աւելի դժուար կացութեան մէջ է:

ՀՄԸՄ-ի համար հայոց լեզուի գործածութիւնը նպատակային է եւ առանցքային կարեւորութիւն ունի: Սակայն իրողութիւնը այն է, որ ինչպէս Արեւմուտքի բոլոր պատանի-երիտասարդները, ՀՄԸՄ-ի անդամներուն կողմէ եւս հայ լեզուի գործածութիւնը նահանջած է եւ դարձած է կարեւոր մարտահրաւէր: Ներկայիս ՀՄԸՄ-ի շատ մը մասնաճիւղերու շարքերուն կարեւոր մէկ մասը հայերէն գրել չի գիտեր, հայերէն չի խօսիր, եւ երբեմն չի հասկնար: Ինչ կը վերաբերի այն ենթադրութեան, թէ ներկայիս օգտագործուող, հայերէնով գրուած սկաուտական դաստիարակչական գիրքերն ու գիտելիքները հասկնալի են սկաուտներու կողմէ, սխալ է ջախջախիչ մեծամասնութեան պարագային: Սխալ է նաեւ այն ենթադրութիւնը, թէ ներկայիս ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու մարզիկները աշխատանքներու ընթացքին կը խօսին միմիայն հայերէնով:

Հայերէնի գործածութեան նահանջը կը վերագրուի երկու տարբեր ընկերային հոսանքներու.-

Իրողութիւն է, որ արդի ժողովրդագրական փոփոխութիւնները առաջնորդած են սփիւռքի հայկական կարգ մը գաղութներու դիմագիծի փոփոխութեան: Այս մէկը նաեւ առաջնորդած է հայկական տարբեր ենթամշակոյթներու յառաջացման եւ ինքնիր մէջ մեկուսացման: Այս իրողութիւնը ստեղծած է միասնականութեան պակաս եւ միջանդամական հաղորդակցութեան դժուարութիւն, հետեւաբար յառաջացած է նոր մարտահրաւէր: Արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն  խօսող երիտասարդութիւնը զիրար չհասկնալու պատճառաբանութեամբ  որդեգրած է տեղական երկրի լեզուն` որպէս հասարակ յայտարար:

– ՀՄԸՄ կ’արտացոլացնէ նաեւ մեր գաղութներու պատկերը, ուր խառն ամուսնութիւններու թիւի աճը, համաշխարհայնացումը եւ հաղորդակցութեան արդի միջոցներու տարածումը եւ հայերէնի գործածութեան նուազումը նոր սերունդը հեռացուցած են իր ազգային արմատներէն:

Միջին Արեւելքի մէջ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը (բացառելով կարգ մը մարզիկներ) տակաւին հայախօս է, սակայն Արեւմուտքի ՀՄԸՄ-ական կառոյցները կը տանջուին: ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան սփիւռքը կը ներառէ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Արժանթինը, Աւստրալիան եւ Եւրոպայի զանազան շրջաններու երիտասարդ անդամները: Հայախօսութեան իմաստով, յարաբերաբար պատկերը աւելի լաւ է Քանատայի եւ Ֆրանսայի մէջ:

Ընդունելով հայախօսութեան նահանջին համագաղութային փաստը` ՀՄԸՄ մտադրած է իր անդամներուն հայոց լեզուի գործածութիւնը առաւելագոյն մակարդակի հասցնել: ՀՄԸՄ ունի իր ընդհանուր ռազմավարական ծրագիրը 11 ուղղութիւններով: Այդ ուղղութիւններէն մէկն է հայ լեզուի գործածութիւնը: Մօտեցումը գործնական է եւ չի նպատակադրեր հայախօսութիւնը պարտադրել բոլորին, այլ` անդամներու մօտ հայախօսութեան ենթահող պատրաստել: ՀՄԸՄ-ի ռազմավարական մօտեցումն է քաջալերել հայերէն խօսակցական լեզուի գործածութիւնը եւ իր շարքերուն մէջ ստեղծել այնպիսի միջավայր մը, ուր հայ մշակոյթի ընտելացումը եւ մայրենի լեզուի գործածութիւնը եթէ ոչ սահուն, գէթ հպարտութեան զգացում ստեղծեն: ՀՄԸՄ-ի հայեցի դաստիարակութեան ջամբումի` հայախօսութեան, գիտակցուած հայկականութեան եւ ազգային հպարտութեամբ մեծցող հայերու պատրաստութեան չորս բաղադրիչները հետեւեալներն են.-

1.- Կատարել համագաղութային մանրամասն եւ գիտական ուսումնասիրութիւն մը` յայտնաբերելու համար, թէ`

ա) Տարբեր երկիրներու ՀՄԸՄ-ականները ինչպէ՞ս (ի՞նչ լեզուով) կը հաղորդակցին իրարու հետ աշխատանքային գործունէութիւններու ընթացքին:

բ) Այդ հաղորդակցութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ գործունէութեան եւ դաստիարակչական որակին վրայ եւ որքանո՞վ կը համապատասխանէ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան:

Այս աշխատանքին արդէն իսկ սկսած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ռազմավարական յանձնախումբը:

2.- Ճշդել երկլեզու միջավայրերու յատուկ հայախօսութեան (հայերէնով հաղորդակցութեան) նուազագոյն չափանիշները անդամներու այն հատուածին  համար, որ «կոտրտուած» հայերէնի մակարդակ մը ունի:

Տրուած ըլլալով, որ ՀՄԸՄ-ի անդամակցութիւնը կը բաղկանայ հայոց լեզուի ըմբռնումի եւ արտայայտուելու այլազան մակարդակներէ, ծրագիր մը պիտի մշակուի ՀՄԸՄ-ական այն հատուածին համար, որ հայերէն կը հասկնայ, բայց դժուարութիւն ունի արտայայտուելու եւ կամ անկարող է կարդալու:

ա) Այն մասնաճիւղերուն մէջ, ուր կարգ մը աշխատանքներ արդէն օտար լեզուով կը կատարուին, ճշդել ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւններուն ընթացքին հայախօսութեան (իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց հայոց լեզուի խօսակցական գործածութեան) նուազագոյն չափանիշը, մասնաւորաբար սկաուտական գործունէութեանց ընթացքին:

բ) Ապահովել ու պատրաստել դաստիարակչական պատշաճ նիւթեր հայերէնով ու բառամթերքով, բայց սկզբնական շրջանին եւ ժամանակաւոր կերպով նաեւ ոչ հայերէն տառերով` հասնելու համար հաղորդակցութեան այդ նպատակին:

– Փորձառու դաստիարակներ մեզի կ’ըսեն, թէ հինգ-վեց ամսուան ընթացքին, շաբաթը ՄԷԿ ԺԱՄ աշխատանքով, չափահաս թէ ոչ, կրնան տառաճանաչ դառնալ: Եթէ նիւթերը հայերէնով պիտի ըլլան, տառերը սորվիլը այդքան ալ դժուար չէ… կարեւորը սիրցնելն է:

– Այս յօդուածին նպատակը հայերէնի խօսակցական կամ գրական դասընթացքի մանրամասն առաջարկներ ներկայացնել  չէ: Բայց կ’արժէ յստակացնել, թէ գործնական լուծումներու կարեւորագոյն միջոցը մանուկ-պատանի-երիտասարդներու հոգիին մէջ իւրացուած վարժութիւն մը ստեղծելն է: Այսինքն իրենք պէտք է մասնակից դառնան դաստիարակիչ գործունէութեան, իրենց մտածելու եւ ապրելու ձեւը բարեփոխուի հետեւողական ու համակարգուած  կերպով, եւ այդ փոփոխութիւնը արժեւորուի եւ իրենց մտածելու ձեւին մէջ ամրապնդուի: Միջոցները զանազան են` բառարան, համակարգիչ, համացանց, խտասալիկ եւ արդի արհեստագիտութեան բաղկացուցիչ բոլոր միջոցները: Երգերու եւ խաղերու ճամբով ուսուցումը հաստատուած ուրիշ միջոց մըն է:

Այս նպատակը պիտի մշակուի ՀՄԸՄ-ական փորձառու մասնագէտներու կողմէ, իսկ գործադրութիւնը պիտի վստահուի սկաուտ խմբապետներու փորձառական կիրարկման (pilot projects):

3.- Մշակել յատուկ ծրագիրներ այն անդամներուն համար, որոնք բնաւ հայերէն չեն խօսիր, անդամներու այն բաժնին համար (2-րդ կամ 3-րդ սերունդի հայեր, խառն ամուսնութիւններու ծնունդներ եւ այլն), որոնք ո՛չ կը կարդան, ո՛չ ալ կը խօսին հայերէն, այսինքն գործնապէս չեն հասկնար հայոց լեզուն:

ա) Մշակել հաղորդակցութեան ծրագիր մը, որպէսզի անոնք կարողանան հասկնալ, հաղորդակցիլ եւ հետեւիլ միութեան մնացեալ անդամներուն եւ աւելի հանգիստ զգան ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւններու ընթացքին:

բ) Մշակել աշխատանքային յատուկ ծրագիրներ, որպէսզի անոնք քաջալերուին հայերէնը գործածելու սկաուտական եւ մարմնամարզական ծրագիրներու ընթացքին (օրինակ` ստեղծել հայախօսութեան, հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան յատուկ սկաուտական նշանակ-պեճ մը):

Այս նպատակը պիտի մշակուի ՀՄԸՄ-ական փորձառու եւ լեզուագէտ մասնագէտներու կողմէ, իսկ գործադրութիւնը պիտի վստահուի սկաուտ խմբապետներու եւ մարզիչներու, փորձառական կիրարկումով (pilot projects):

4.- Հայերէն դասաւանդել ՀՄԸՄ-ի անդամներու:

ա.  Այլ միութիւններու հետ գործակցաբար քննել,  թէ ինչպէ՛ս ՀՄԸՄ կրնայ սկսիլ արտադպրոցական հայերէն դասաւանդել իր երիտասարդ անդամներուն, իր գործունէութիւններուն ընթացքին կամ այլ:

բ. Վերլուծել, թէ ո՞վ (ո՞ր դաստիարակը) կրնայ ոչ դպրոցական միջավայրի պատշաճ դասընթացք մը պատրաստել սփիւռքի մէջ ծնած հայ երիտասարդներու համար, որոնք լաւագոյն պարագային հայերէնը կը գործածեն իբրեւ երկրորդ լեզու:

Այս նպատակը այլ միութիւններու-կառոյցներու հետ համագործակցութեան  կը կարօտի: ՀՄԸՄ-ականներէ աւելի լեզուագէտ մասնագէտներու պահանջը կայ: ՀՄԸՄ-ի կրնայ վստահուիլ գործադրութիւնը` օգտագործելով իր մանուկ-պատանիներու փաղանգը,  փորձառական կիրարկումով (pilot projects):

Եզրակացութիւն

Երիտասարդ սերունդի յատուկ հայեցի դաստիարակութիւնը հաւաքաբար պիտի շարունակեն կատարել ծնողք, ուսուցիչ, եկեղեցի, կազմակերպութիւններ: Ռազմավարական իմաստով, սակայն, հայեցի դաստիարակութիւնը պէտք է ունենայ իրապաշտ պատկերացում եւ ծրագրուած քաղաքականութիւն: Արդ, կը թելադրուի, որ`

– Հայկական վարժարաններու մէջ դպրոցական կրթութիւնը մնայ հիմնական, բայց արտադպրոցական հայեցի դաստիարակչութեան կարեւորութիւնը ստանայ համահաւասար, եթէ ոչ` առաջնահերթ նշանակութիւն:

– Դաստիարակութեան  թիրախը ընդարձակուի, հայ աշակերտութեան  հինգ առ հարիւրէն եւ դպրոցական գրասեղաններէն անդին անցնելով:

– Առաջնահերթ եւ կարեւոր նկատուի հայեցի ոգիով ապրելու եղանակը, անհատի մը կեանքին մէջ գիտակցուած հայկականութեան եւ հայ ինքնութեան հզօրացման զարգացումը, տրուած ըլլալով, որ հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը այլեւս չի կրնար ենթադրել անպայման հայկական վարժարան յաճախել եւ հմուտ հայախօս ըլլալ:

– Գաղութներու մէջ շարունակուի արտադպրոցական ուսուցումի կազմակերպուած կառոյցներու ընտրանքը, ըլլայ շաբաթօրեայ հայ լեզուի ուսուցում, մարզական, սկաուտական, արուեստ (երգի կամ երաժշտական դպրոց, պարախումբ), բայց սկսի կանուխ տարիքէն (6 տարեկանէն) եւ ընթանայ հետեւողականութեամբ եւ համադրումով:

Ինչպէս դպրոցական դաստիարակութեան պարագային, արտադպրոցական դաստիարակչական կառոյցներու յատուկ մարդուժ եւ պիւտճէ ծրագրուի եւ համապատասխան կրթանպաստ յատկացուի:

– Արտադպրոցական դաստիարակութեան ծիրին մէջ նոյնանման առաքելութիւններով ուղեկից կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութիւն ստեղծուի:

Արտադպրոցական ծիրէն ներս ՀՄԸՄ կարեւոր կառոյց մըն է, որուն նպաստը եւ ներուժը թերագնահատուած է: Հայեցի դաստիարակութեան իր առաքելութեան իբրեւ լուծում` ՀՄԸՄ ունի գործնական մօտեցում, հետեւեալ ձեւով.-

– ՀՄԸՄ 4-6 տարեկանէն, հետեւողական կերպով, արեւմտեան սփիւռքի եւ այլուր բնակող փոքրիկներուն կ’ընծայէ  ազգային ոգի եւ պատկանելիութեան զգացում մշակելու մթնոլորտ, այս ձեւով կանուխ տարիքէն եւ իւրացուած վարժութեամբ  զիրենք կապելով հայութիւնը յուզող խնդիրներու:

Իր ռազմավարական ծրագիրով`

– ՀՄԸՄ այլեւս բաւարարուած չէ Միջին Արեւելքէն գաղթած շրջանակով, եւ սկսած է հայեցի դաստիարակութեան կարկինը ընդարձակել դէպի բոլոր ենթամշակոյթներու պատկանող հայ երիտասարդները:

– ՀՄԸՄ կարելիութիւններ կը մշակէ օտար վարժարան յաճախող պատանիները իր շարքերուն մէջ ներգրաւելու` անոնց մօտ հայկական արեւելում յառաջացնելու նպատակով, թէ՛ մարզական եւ թէ՛ սկաուտական ծրագիրներով: Այս նպատակին յաջողութիւնը կը կարօտի յարաբերական աշխատանքի  եւ մասնագիտացած  երիտասարդ խորհրդատուներու (Youth Counselors), որոնք հետեւողական ներկայութիւն են եւ պատշաճ վճարումի կը կարօտի:

Յաւելեալ ուշադրութիւն պէտք է ներկայացնէ`

– Հայերէնով դիւրին արտայայտուող անդամներու կողքին մօտենալու նաեւ հայերէնով դժուար արտայայտուող խաւին` փորձելով հայախօսութեան մակարդակը բարձրացնել անոնց մօտ, երիտասարդ խմբապետներու կողքին` փորձառու, հայ լեզուին ծանօթ աւագ խորհրդատու անձերու (Mentors) օժանդակութեամբ:

– Որդեգրելով նոր քաղաքականութիւն մը` յատուկ թիրախ ունենալ ոչ հայախօս բոլոր պատանիները եւ երիտասարդները: ՀՄԸՄ ասիկա կրնայ ծրագրել միջմիութենական, միջկառուցային գործակցութեամբ, ի մասնաւորի ՀՕՄ-ի, Համազգայինի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ գործակցութեամբ: Այդ ձեւով, հայկական վարժարաններու կողքին, եւ անոնց զուգահեռ, կը ստեղծուի արտադպրոցական կառոյց մը, որ զարկ կու տայ հայախօսութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան:

Նման կառոյցներ եւ ուղեկից միութիւններ հաւանաբար տալիք եւ ըսելիք պիտի ունենան արտադպրոցական հայեցի դաստիարակութեան համակարգի ստեղծման մասին: Յաջող ռազմավարութիւն մը կը պահանջէ լայնախոհութիւն, ուժերու համադրում եւ համագործակցութիւն: Արտադպրոցական դաստիարակչական  ռազմավարութիւն մը մշակելու, գործադրութեան ուղեցոյց մը ունենալու եւ  այս գծով իր դերակատարութիւնը յստակացնելու եւ գործադրութեան անցնելու համար ՀՄԸՄ-ի անմիջական քայլերը պէտք է ըլլան հետեւեալները.-

– Արտադպրոցական  դաստիարակութեան համահաւասար կարեւորութեան այս գնահատումը փոխանցել ազգային այլ կառոյցներու ղեկավարութեանց: Այս գծով անհրաժեշտ է համագործակցութեան դաշտերն ու անհրաժեշտութիւնները ճշդել, ինչպէս նաեւ` ուժերու համադրում կատարել ՀՕՄ-ի, Համազգայինի եւ ազգային առաջնորդարաններու  հետ: ՀՄԸՄ կը հայթայթէ խմորը, արտադպրոցական աշակերտութիւնը,  իսկ վերոնշեալ ազգային կառոյցները` դաստիարակներու կորիզը (դաստիարակ պատրաստելը այլ հիմնական կէտ է): Այս ձեւով, հայկական վարժարաններու կողքին եւ անոնց զուգահեռ, կը ստեղծուի արտադպրոցական կառոյց մը, որ զարկ կու տայ հայախօսութեան եւ հայեցի  դաստիարակութեան: Կարեւորը գաղափարը որդեգրելն է, գործադրութեան դիւրին կամ բարդ ըլլալը եւ գործնականացումը բնականաբար ուսումնասիրութեան կը կարօտի:

– Հայոց լեզուի եւ հայկական արեւելումով արտադպրոցական  դաստիարակութեան համար յատուկ մարդուժ եւ նիւթական ապահովել: Ժամանակը հասած է, որ այս գծով ՀՄԸՄ իր ծրագիրը ներկայացնէ եւ խորհրդակցութիւններ ունենայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին հետ, ազգային առաջնորդարաններու, ազգային այլ կառոյցներու ղեկավարութիւններու, ինչպէս նաեւ` հայեցի դաստիարակութեան ջատագով ազգայիններու եւ բարերարներու հետ:

 

Լոս Կաթոս, Քալիֆորնիա            
(Շար. 2)

Share this Article
CATEGORIES