Բարեւներ Այնճարէն. Ֆրանսական Ճերմակ Գինի
Մ. Թ. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Մեր վարժապետը հիացմունքով կը փառաբանէր Նեղոս գետը` միշտ հանդիսաւորապէս յայտարարելով, թէ` «Նեղոսը Եգիպտոսի պարգեւն է»:
Մեր Այնճարի պարգեւն ալ Գարաչին է` Այնճարի գետը: Ի՞նչ պակաս ունի Նեղոսէն, թերեւս ալ աւելին… Բաւարար է այն խօսքը, թէ ան, որ լողացած է Գարաչիին մէջ, թող հաշուէ, որ Յորդանան գետը մկրտուած է…
Աստուած Այնճարին պարգեւած է բնութեան ամբողջական բարիքները: Այնճարի արեւը այնքան կիզիչ է, որ գլուխ կը ծակէ: Միայն Սօսեաց անտառին ստուերը կարող է պաշտպանել զայն: Այնճարի երկինքը այնքան ջինջ է, որ եթէ կաքաւ մը Սաննինին գագաթը սաւառնի, Այնճարէն կրնաս տեսնել զայն առանց հեռադիտակի: Այնճարի մրգաստանները ոչ միայն հասութաբեր բերքի աղբիւր են, այլ նաեւ` որսորդներու հաճելի ժամանցավայր: Այնճարի օդը պէյրութաբնակ հայորդիներուն համար` կազդուրիչ «օքսիժեն»: Իսկ Այնճարի ջուրը, մէկ խօսքով, այն հայը, յատկապէս` սփիւռքահայը, որ ունի բացառիկ շնորհք մը, զայն կը վերագրէ Այնճարի ջուրը խմած ըլլալուն…
Այնճարի գետը ոչ թէ պարզապէս արտերը ոռոգելու կը ծառայէ, այլ` շատ աւելին… Երբ տակաւին մեր շրջակայքը ճաշարանի հասկացողութիւն գոյութիւն չունէր, այնճարցիները օգտուելով աստուածատուր բարիքներէն, ի մասնաւորի Այնճարի գետէն, սրճարան-ճաշարաններ հիմնեցին Այնճարի ակին շրջակայքը, որ սօսիի հսկայ ծառերով շրջապատուած է: Մէկ տարբերակը` Հայաստանի Սօսեաց անտառին: Այնճարցիներուն` «Ծարտակերը»:
Ամէնէն նշանաւոր սրճարանը «Կաթնաղբիւր»-ն էր, ճիշդ ակին եզերքը: Չորս կողմէն առուակներ կը հոսէին, իսկ մէջտեղէն ուղղակի ակէն բխած զուլալ Կաթնաղբիւրը կը հոսէր:
Ճաշարանի յաճախորդները ընդօրինակելով այնճարցի լաճերուն առուակէն ջուր խմելու ոճը` երբեմն իրենք ալ ծունկի կու գային, փորին վրայ երկննալով եւ, ամօթ չըլլայ ըսելը, չնմանցնելու համար անասունի ծնօտի պէս, Կաթնաղբիւրէն զուլալ ջուրը կը խմէին շրթներով:
Յաճախորդներուն աչքին առջեւ սպասեակները վճիտ ջուրը կը լեցնէին ապակեայ սափորներուն մէջ եւ կը մատուցէին սեղաններուն: Յաճախ կը պատահէր, որ քիչ մը մազանման կանաչ թելեր, զորս մենք կը կոչենք «գորտի կեղտ», կամ ալ մանր միջատներ սղոսկէին սափորին մէջ: Հո՛գ չէ: Յաճախորդը ամենայն պարզութեամբ սպասեակէն կը պահանջէր ջուրը փոխել: Սպասեակը սովորական ընթացքով, առանց դժգոհելու, սափորին ջուրը կը սրսկէր սեղանին չորս դին` թէ՛ որպէս զովանալու եւ թէ՛ փոշին բռնելու, որովհետեւ գետինը տակաւին հողածածկ էր, եւ դարձեալ հոսող Կաթնաղբիւրէն կը լեցնէր զուլալ ջուրը, յաճախորդին աչքին առջեւ:
Ամառները խտըրպեկցի պատանիները «Կաթնաղբիւր» քաֆէին մէջ կ՛աշխատէին: Ոչ թէ վճարովի, այլ միայն թէ` հոն «շհազուելու», այսինքն` ձեւով մը պատսպարուելու եւ փոր մը կշտացնելու համար: Չէ՞ որ սրճարանին տէրը խտըրպեկցի վարպետն էր:
Միայն կիրակի օրերը ճաշարանը կանոնաւոր յաճախորդներ կը հիւրընկալէր, այն ալ` Պէյրութի հայերը: Շատ հազուադէպ էր, որ շաբթուան մէջ կանոնաւոր յաճախորդ ունենար:
Օր մըն ալ վարպետը կանչեց բոլոր գործաւորները եւ շատ կարեւոր յայտարարութիւն մը կատարեց.
– Վաղը զահլեցիները հրաւիրած են Պաղտատի թագաւորին տղան…
Ամմաա՜, ինչպիսի՜ աւետիս. շաբթուան մէջ` «հաֆլէ», այսինքն` կուշտ փոր մը կը լեցնենք: Է՛հ` յետո՞յ…
– Բոլորդ կազմ ու պատրաստ, առտու կանուխ հոս կ՛ըլլա՛ք…
– Լա՛ւ, եղա՛ւ, վարպե՛տ:
– Ամէն ինչ մաքուր, կատարեալ պէտք է ըլլայ, ասոնք մեր գիտցած յաճախորդներուն պէս չեն, շատ բծախնդիր են, ուշադիր եղէք` սեւերես չելլենք:
– «Թքրամ», հրամա՛նդ, վարպետ, ուզածիդ պէս:
– Ջուրին ուշադիր պիտի ըլլաք… մէկ-երկու, լաւ մը կը զննէք, ապա կը տանիք սեղան: Չըլլա՛յ որ «գորտի կեղտ» կամ մէջը միջատ ըլլայ, «քեփեզէ» կ՛ըլլանք, կը խայտառակուինք:
Բայց կարելի՞ բան է, որ Կաթնաղբիւրէն լեցուած ջուրը առանց «գորտի կեղտ»-ի կամ ալ մանր միջատի…
Աւագանին եւ փորձառու, վաստակաւոր հին պաշտօնեաները ատոր վրայ ժողով մը գումարեցին:
Նախ առաջարկուեցաւ, որ ներսը հոսող առուակէն մետաղեայ մաղով զտել ջուրը ապա յաճախորդին մատուցել:
– Չ՛ըլլար,- ըսաւ վարպետը,- պէտք է ջուրը յաճախորդին աչքին առջեւ լեցուի, այլապէս ինչպէ՞ս պիտի գիտնայ, թէ ջուրը թարմ է… ատիկա չեղաւ:
Ուրեմն բացարձակ մաքուր` «փիուր» ջուր մատուցել անկարելի է: Ճար չկայ…
– Ի՛նչ որ է, երկու-երեք անգամ ջուրը զննեցէք… միշտ աչքերնիդ ջուրին վրայ թող ըլլայ…
– Լա՛ւ, այդպէս կ՛ընենք, վարպե՛տ:
Առտու կանուխ սրճարանին պաշտօնէութիւնը կազմ ու պատրաստ կը սպասէր վարպետին:
Վարպետը ուշացաւ… վերջապէս եկաւ, յայտնի էր, որ իրիկունը անքուն անցուցած էր, բայց տակաւին ջուրին հարցը լուծուած չէր…
– Ես կը ճանչնամ զահլեցիները, ատոնք շատ բարակը կը փնտռեն… մանաւանդ` Պաղտատի թագաւորին տղան, որ ամբողջ կեանքը եւրոպաները` Լոնտոն անցուցած է. ինչպէ՞ս պիտի հաւանի մեր ջուրը:
Շեֆը, որ օթել «Սան Ճորճ» «մարմաթոն»-ի պաշտօն վարած էր (այդ ատեն մենք չէինք գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակեր «մարմաթոն», կը կարծէինք, որ տնօրէնի կամ ալ վերակացուի պաշտօն էր):
– Էվրեքա- գտաւ ճարը:
Գրպանէն հանեց կնկայ գործածուած գուլպայ` «քոլոն» մը, եւ սափորին բերան ծածկելով` Կաթնաղբիւրէն լեցուց վճիտ ջուրը… ամա՜… բոլորս շշմեցանք… «փրի փաք» մաս-մաքուր ջուր: Ո՛չ միջատ, ո՛չ ալ «գորտի կեղտ»:
– Տեսէք- ըսաւ շեֆը` ցոյց տալով Կաթնաղբիւրին վճիտ ջուրը,- թագաւորին տղան չէ, թագաւորն ալ այսպէս մաքուր ջուր խմած չէ:
Վարպետը հիացաւ շեֆին գիւտին վրայ …մեր վրայէն ալ մեծ հոգ մը թօթափեցաւ… կարծես թէ թագաւորին տղուն հոգը ունէինք, կարեւորը վարպետը գոհ թող մնայ, որպէսզի մեր վրայ պատրուակ չգտնէ:
– Եղա՛ւ,- ըսաւ վարպետը, եւ մենք գործի անցանք:
Պատուական հիւրերը ժամանեցին…
Տեսնես` սպասեակները հպարտանքով իրարու ետեւ «քոլոնէն» զտուած, վճիտ ջուր կը մատուցէին …Պաղտատի թագաւորին տղուն:
Վարպետը անդադար կը պատուիրէր սպասեակներուն`
– Ջուրը փոխեցէք…
Ապա կը հարցնէր.
– Ջուրին առարկութիւն եղա՞ւ…
– Ո՛չ, վարպե՛տ, շա՛տ գոհ են…
Համադամ խորտիկները իջան…
Բայց տակաւին ջուրին առարկող չեղաւ…
Զահլեցիները ինքնաշարժէն խաւաքարտէ սնտուկ մը իջեցուցին եւ շիշեր հանելով` սեղանին վրայ շարեցին:
Ամա՜, ատիկա ի՞նչ է… մենք` լաճերս զարմացանք:
Վարպետը հեռուէն լաւ մը զննելով շիշերը`
– Ֆրանսական գինի է,- ըսաւ պարզօրէն:
Անշուշտ վարպետն է խօսողը… ամբողջ կեանքը պանդոկները եւ ճաշարանները անցուցած է…
Շեֆը վարպետէն ետ չի մնար, մանաւանդ որ ջուրը զտելու գիւտը յղացաւ:
– Ո՛չ,- ըսաւ,- անգլիական ճին է… թագաւորին տղան Լոնտոն կը բնակի, ֆրանսական գինի ուրկէ՞ պիտի խմէ: Ատոնք անգլիական ճին կը խմեն:
Շեֆին ըսածը տրամաբանական է…
– Հիմա դուն ալ գլխուս հասկցող մը եղա՞ր,-առարկեց վարպետը,- տե՛ս շիշը, վրայի թուղթը վարդագոյն է, ճանը՛մ, յայտնի է, ֆրանսական ճերմակ գինի է… Ես շատ խմած եմ ատկէ…
Նոր բան մըն ալ սորվեցանք… եթէ շիշին վրայի թուղթը վարդագոյն ըլլայ… ուրեմն ֆրանսական ճերմակ գինի պէտք է ըլլայ…
Քիչ ետք թագաւորին տղան լեմոն պահանջեց…
– Հը, հը՛,- հեգնեց շեֆը,- լեմոնը ճինին հետ կը խմեն: Գինիին հետ լեմոնը ի՞նչ գործ ունի:
– Գրաւի կու գա՞ս,- ջղայնացած ասպարէզ կարդաց վարպետը.- գինի է, ֆրանսական ճերմա՛կ գինի … տես, ճինը այդպէս մէկ ումպով չեն խմեր …
– Այո՛, գրա՛ւ, ճին է…,- յամառեցաւ շեֆը:
«Գինի է- ճին է», վէճը բարդացաւ:
– Գնա՛, բեր շիշ մը,- հրամայեց վարպետը սպասեակին:
Սպասեակը գնաց ու եկաւ.
– Վարպե՛տ,- ըսաւ,- շիշերը կէս են տակաւին, ամօթ է, չեմ կրնար վերցնել…
– Արդէն ձեր ձեռքէն բան չ՛ելլեր… տղա՛յ,- դարձաւ ինծի,- դուն գնա՛, թռցուր շիշ մը…
Զահլեցիները եւ թագաւորին տղան կուշտ ու կուր կերան- խմեցին եւ վերջապէս պատրաստուեցան մեկնելու…
Ես հաստաբուն սօսիին կռնակը դիրք բռնած` անձկագին կը սպասէի անոնց մեկնելուն: Վարպետին հրահանգը գործադրելով հանդերձ, աւելի հետաքրքիր էի թագաւորին տղուն խմած ըմպելիքով:
Ամաա՜՜… պակաս շիշերը հետերնին առին… Բայց տե՛ս, մէկ շիշ մնաց, մէջը հազիւ երկու մատ… գինի:
Անմիջապէս որ վերջին զահլեցին կռնակը դարձուց, յափշտակեցի ֆրանսական գինին եւ մէկ ումպով խմեցի ամբողջ պարունակութիւնը: Եւ… «թիլթ» եղայ… սառեցայ… ջուր… մեր գիտցած ջուրը… Կաթնաղբիւրին ջուրը, այն ալ` շիշով… ես տակաւին տեսած չէի «մախթում» կնքուած շիշով ջուր…
Վարպետը անհամբեր դէպի ինծի մօտենալով` կը պոռար.
– Ի՞նչ է… գինի չէ՞…
– Բե՛ր տեսնենք,- կը միջամտէր շեֆը, ճին է, չէ՞:
Ես շփոթած` չէի կրնար որոշել… Քիչ մնաց` «ջուր է», պիտի յայտարարէի: Բայց ապո՛ւշ, երկուքն ալ յուսախաբ պիտի ըլլային եւ աւելի՛ն… զիս խրփոյի տեղ դնելով` միասնաբար վրաս պիտի դառնային…
– Դուն տակաւին չես գիտեր ջուրին եւ գինիին տարբերութիւնը:
… Եւ նախիրին ոտքի կոխան պիտի դառնայի:
Ո՛չ, ջուր չէ՛, վճռեցի… գինի կամ ճին… իսկոյն զգաստացայ եւ խելքս հասաւ, որ առիթն է վարպետը փառաբանելու.
– Գինի է,- ըսի,- գինի՜… Մինչ այդ ես տակաւին գինիի համ չէի ճաշակած:
– Հը`- հեգնեց վարպետը` շիշը ձեռքէս խլելով.
– «Evian» FRANCE – յայտարարեց եւ հեգնանքով շիշը շէֆին երկարեց. այսինքն` առ, կարդա, եթէ կարդալ գիտես… ապա շարունակեց.
– Հը՛, ի՞նչ է… անշուշտ… ես չըսի՞ ֆրանսական ճերմակ գինի է… ես շատ խմած եմ ասկէ…
Շեֆը ամօթէն, գլուխը կախեց…

