Գերմանիոյ Խորհրդարանը Հաստատած Է Նուազագոյն Աշխատավարձի Չափը` Մէկ Ժամուան Համար 8.5 Եւրօ
Gazeta.ru կայքը` յղում կատարելով «Պի.Պի.Սի.»-ին, կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը առաջին անգամ ըլլալով հաստատած է երկրին մէջ նուազագոյն աշխատավարձի չափը:
Նուազագոյն աշխատավարձի չափը ճշդուած է մէկ ժամի համար 8.5 եւրօ, որ աւելի բարձր է, քան Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ ճշդուած գումարը: Նախապէս աշխատավարձը Գերմանիոյ մէջ կը սահմանէին աշխատաւորական միութիւնները եւ այլ աշխատանքային ընկերակցութիւններ, սակայն ատիկա չէր կարգաւորուեր օրէնսդրօրէն:
Մինչեւ այս պահը Գերմանիան մէկն էր Եւրոպական Միութեան անդամ այն 7 երկիրներէն, որոնք նուազագոյն աշխատավարձի շեմը չեն ամրագրած օրէնսդրութեամբ:
CATEGORIES Միջազգային

