Ըստ Վրաստանի Ներքին Գործոց Նախարարին Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պէտք Է Սկսիլ Մաքուր Էջէն

0407Russia-Georgia«Նովոսթի-Կրուզիա» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի ներքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Չիքայիծէի կարծիքով` Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումէն ետք, ռուս-վրացական յարաբերութիւնները պէտք է սկսիլ «Մաքուր էջէն»:

«Սթրազպուրկի դատարանի որոշումը արդար եղած է, սակայն վրացական-ռուսական յարաբերութիւնները պէտք է սկսիլ նոր էջէն: Ինչ որ պատահած է, շատ ցաւալի է, սակայն ատիկա անցեալին մէջ է: Դատարանը տուած է բոլոր հարցումներուն պատասխանները», Թիֆլիսի մէջ լրագրողներուն յայտնած է Չիքարիծէ:

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը հինգշաբթի օր Ռուսիան մեղաւոր ճանչցած է մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի շարք մը յօդուածներ խախտելու մէջ` Վրաստանի քաղաքացիները զանգուածաբար արտաքսելու գործով, եւ Ռուսիոյ պարտաւորեցուցած` վրացական կողմին հատուցում վճարել:

Վրաստանի միջպետական հայցը` ընդդէմ Ռուսիոյ, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին ներկայացուած է 26 մարտ 2007-ին եւ կը վերաբերի 2006-ի աշնան Ռուսիոյ տարածքին մէջ Վրաստանի քաղաքացիներու հետապնդումին:

Share this Article
CATEGORIES