Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Կալանք Դնել Պըն Լատենի Սպանութեան Մասին Պատմող Գիրքէն Ստացուած Եկամուտին Վրայ

Ուսամա Պըն Լատեն

Ուսամա Պըն Լատեն

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի աշխատակազմը մտադիր է դատարանին միջոցով կալանք դնել հարիւր հազարաւոր տոլարներու վրայ, զորս ստացած է ամերիկեան մասնայատուկ ուժերու նախկին անդամ մը` հրապարակումէն «Դժուարին օր» խորագրեալ գիրքին, որ կը պատմէ 2011-ի մայիսին Փաքիստանի մէջ Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավար Ուսամա պըն Լատենի սպանութեան մասին:

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնն ու Փենթակոնը այժմ կը բանակցին գիրքի հեղինակ Մեթ Պիզոնեթի հետ, որ գրած է Մարք Օուըն գրական կեղծանունով` վիճաբանութիւնը առանց դատարանի լուծելու համար:

«Նախարարութիւնը կը շարունակէ պնդել, որ Մարք Օուըն գիրքը հրապարակելով խախտած է իր իրաւական պարտաւորութիւնները: Վէճը խաղաղ ճամբով լուծելու բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ եթէ անոնք տապալին, այդ վէճը պիտի շարունակուի դատարանին մէջ», յայտարարած է Փենթակոնի ներկայացուցիչը:

Մասնայատուկ ուժերու նախկին անդամին փաստաբանը եւս հաստատած է, որ կը բանակցին իշխանութիւններուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES