Խուաքին Պօղոսեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Ուրուկուէյի Անուանի Խումբերէն Մէկուն Հետ

0607joaquinԻր լուրը քաղելով ուրուկուէյական մամուլէն` Armsport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ ուրուկուէյահայ 27 տարեկան յառաջապահ Խուաքին Պօղոսեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Տեֆենսըր Սփորթինկի հետ, որ կը նկատուի երկրին անուանի խումբերէն մէկը:

197 սմ հասակ ունեցող Պօղոսեան նախորդ տարեշրջանին մաս կը կազմէր արժանթինեան Քիլմեսին:

Նշենք, որ Տեֆենսըր Սփորթինկ կը նկատուի Ուրուկուէյի երրորդ ամէնէն անուանի խումբերէն մէկը` Փենիարոլէն եւ Նասիոնալէն ետք:

Share this Article
CATEGORIES