Մովսիսեան Կրնայ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Շարունակել Իտալիոյ Մէջ

0607yuraԸստ Tuttosport կայքին, Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը կրնայ շարունակել Իտալիոյ մէջ:

Անոր փոխանցման համար ռուսական ակումբը կը պահանջէ 10 միլիոն եւրօ:

Armsport.am-ի համաձայն, Սամտորիա հետաքրքրուած է 26 տարեկան Մովսիսեանով, որ ներկայիս կ՛ապաքինի վիրաբուժութեան ենթարկուած ըլլալուն պատճառով եւ կրնայ ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալ շուրջ 2 ամիս ետք:

Նաեւ շրջանառութեան դրուած են լուրեր, որ գերմանական եւ անգլիական շարք մը ակումբներ եւս հետաքրքրուած են Մովսիսեանով:

Share this Article
CATEGORIES