2014-ի Մոնտիալ. Գերմանիա Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Երեք անգամ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Գերմանիա 2014-ի Մոնտիալի շրջանակներուն մէջ, աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց` նկատի ունենալով, որ անիկա հանդիսացաւ այն միակ խումբը, որ կը յաջողի չորրորդ անգամ ըլլալով ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը:

Նշենք, որ Գերմանիա 2002-ին հասաւ Մոնտիալի աւարտականին, ուր պարտուեցաւ Պրազիլէն (2 – 0), իսկ 2006-ին եւ 2010-ին հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր:

Share this Article
CATEGORIES