2014-ի Մոնտիալ. Մարք Վիլմոթց. «Արժանթինի Հաւաքականը Սովորական Խումբ Է»

0607mark-wilmotzՊրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի իր կազմին` Պելճիքայի կրած պարտութենէն ետք, խումբի մարզիչ Մարք Վիլմոթց ըսաւ, որ Արժանթին սովորական խումբ մըն է:

«Արժանթին մեզմէ զօրաւոր չէ: Անիկա սովորական խումբ մըն է: Անոր միակ առաւելութիւնը եղաւ այն, որ կրցաւ կոլ մը նշանակելով յաղթանակ արձանագրել եւ մեզի մրցաշարքէն դուրս ձգել: Սորվելիք շատ բան ունինք, որովհետեւ այսպիսի մրցաշարքերուն փոքր սխալները շատ մեծ արժէք ունին: Ես երբեք ամօթ չեմ նկատեր այն, որ պարտուեցանք Արժանթինէն: Մեր խումբը շատ լաւ ներկայացում ցոյց տուաւ եւ սիրուեցաւ բոլորին կողմէ», ըսաւ Վիլմոթց` «ՖԻՖԱ»-ի պաշտօնական կայքին իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES