2014-ի Մոնտիալ. Տի Մարիայի Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ
Միջազգային լրատու գործակալութիւնները նախորդ շաբաթավերջին Արժանթին-Պելճիքա 2014-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականին մրցումին ընթացքին վնասուածք ստացած արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիային անդրադառնալով նշեցին, որ անոր համար այս մրցաշարքը վերջ գտաւ եւ ան իր կազմին կատարելիք մրցումներուն պիտի չկարենայ օժանդակել:
Նշենք, որ 5 մրցումի ընթացքին մէկ կոլ նշանակած Տի Մարիա այդ մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ 33-րդ վայրկեանին եւ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
CATEGORIES Մարզական

