Արժանթինի Մէջ Կտրած Են Մեսսիի Արձանին Մատները

0607messi-statueԻր հրապարակած մէկ լուրին մէջ Univision կը յայտնէ, որ Արժանթինի մէջ կտրած են Արժանթինի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի արձանին մատները:

Պուէնոս Այրեսի մէջ այս արձանը տեղադրուած է երկու այլ արձաններու` Տիեկօ Մարատոնայի եւ Կապրիել Պաթիսթութայի արձաններուն կողքին:

Այս արարքը նկատելէ անմիջապէս ետք, նորոգութեան աշխատանքները շուտով սկսած են:

Share this Article
CATEGORIES