2014-ի Մոնտիալ. Նէյմարի Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ
Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմարին համար 2014-ի Մոնտիալը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան Քոլոմպիոյ դէմ տեղի ունեցած քառորդ աւարտականի մրցումի 88-րդ վայրկեանին վիրաւորուելով պատգարակով դուրս բերուեցաւ դաշտէն եւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:
Պրազիլի խումբին բժիշկը` Ռոտրիկօ Լասմեր յայտնեց, որ անոր համար մրցաշարքը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ ապաքինումի համար ան կարիքը ունի 4-6 շաբթուան:
Լասմեր ըսաւ, որ ֆութպոլիստը մեծապէս հիասթափուեցաւ այս լուրէն եւ անոր հիասթափութիւնը կարելի չէ նկարագրել:
CATEGORIES Մարզական

