ՏԱՀԵՇ-ի Պետութիւնը Որո՞ւ Կը Սպառնայ
ԼԷՅԼԱ ՆԻՔՈԼԱ ՌԱՀՊԱՆԻ
Անակնկալ մը չէր, որ ահաբեկչութիւնը փորձէ ընդարձակուիլ եւ արմատաւորուիլ տարածաշրջանին մէջ. ան նախատեսածին պէս կը հարուածէ ոչ միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ. կը հարուածէ լիբանանցիներու գոյութիւնը, կեանքը, անվտանգութիւնը, եւ վերջ կը դնէ հանգրուանի մը, ուր քաղաքական կայունութիւնը թարգմանուած էր նաեւ ապահովական կայունութեան, հանգրուան մը, որ լիբանանցիք կը հաւատային, թէ երկար պիտի տեւէ:
Եւ այսպիսով, զարգացումները Լիբանանի եւ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն պարտադրեցին իրենց հաշուարկներուն մէջ առնել ծարայեղականներու մրրիկներ, որոնք արմատախիլ կրնան ընել ամբողջ հաւաքականութիւններ, կամ` փոխել պետութիւններու դիմագիծն ու սահմանները:
Օգտակար պիտի ըլլայ ակնարկ մը նետել տարածաշրջանի զարգացումներու ամբողջական պատկերին վրայ, եւ ո՛չ թէ առանձնաբար զննել զանոնք իւրաքանչիւր երկրի մէջ: Այսպէս, օրինակի համար, երեւան կու գայ, որ քրիստոնեաներուն ոչ մէկ գոյութիւն, կամ առնուազն ոչ մէկ դեր պիտի մնայ այս շրջանին մէջ, նկատի առնելով հետեւանքները կրօնական ծայրայեղականութեան սաստկացումին, սիւննի-շիի համայնքային հակամարտութեան հռետորաբանութեան ….. եւ սիւննի-սիւննի մրցակցութեան սրումին: Նոյնիսկ սիւննիներն ու շիիները իրենք զիրենք պիտի գտնեն շրջափակուած` մէկ կողմէ կրօնական ծայրայեղականութեան ու մորթելու գործողութիւններով պատկերներէն, եւ միւս կողմէ` զազրելի համայնքամոլ յայտարարութիւններով:
Տարածաշրջանին մէջ թէժացած պայքարներուն ու հակամարտութիւններուն ակնարկ մը նետելով` կը նկատենք հետեւեալները.
Առաջին հերթին, «ՏԱՀԵՇ»- կողմէ Իրաքի մէկ մասի բռնագրաւումը ողջունող եւ այդ կազմակերպութեան զօրակցութեան յայտնող ցոյցերն ու քայլարշաւները, որոնք տեղի ունեցան մանաւանդ Թրիփոլիի եւ Մաանի մէջ:
Հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ այդ ելոյթներուն ընթացքին կը ծածանէր «ՏԱՀԵՇ»-ի դրօշը, ասոր կողքին, քաղաքին մէջ միջհամայնքային բախումներուն վերջ դնելու համար լիբանանեան բանակի միջոցառումներուն եւ ձերբակալութիւններուն դէմ կարգ մը շէյխերու կեցուածքները մտահոգիչ են, եւ կրնան վատթարանալ Ռամատանին, երբ անոնց քարոզները աւելի գրգռիչ եւ կրակոտ կը դառնան:
Հարաւային Յորդանանի ու մանաւանդ Սէուտական Արաբիոյ սահմանակից Մաան քաղաքին մէջ այդ ելոյթները աչքառու էին, իսկ իրազեկ աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ «ՏԱՀԵՇ»-ի բազմաթիւ համակիրներ ունի հոն: «ՏԱՀԵՇ» հայր «Իրաքի մէջ իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը ահաբեկչական ականահարումներու արիւնալի շարք մը գործած էր Յորդանանի մէջ 2005-ին: Ամման չէ մոռցած զանոնք եւ կը նախատեսէ, որ այդ պարտքը կրնայ կրկնուիլ, կամ առնուազն` «ՏԱՀԵՇ»-ի համակիրներուն կողմէ խափանարարական արարքներ կրնան գործուիլ:
Երկրորդ նկատողութիւնն այն է, որ «ՏԱՀԵՇ»-ի մեծ ճիգ եւ միջոցներ յատկացուց` փորձելով իր հակակաշիռին տակ առնել ու պահել սահմանային անցքերը Իրաքի եւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Յորդանանի, նաեւ` Իրաքի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ:
Հաղորդուեցաւ, որ «ՏԱՀԵՇ»-ի ուժերը Իրաք-Սուրիոյ Քայէմ սահմանային անցքը գրաւելէ օրեր ետք հակակշիռի տակ առին Անպար նահանգի Թուրայպիլ եւ Ալ Ուալիտ անցակէտերը. այդ կազմակերպութիւնը նաեւ փորձեց գրաւել Սէուտական Արաբիոյ հետ սահմանին վրայ Աարաար իրաքեան անցակէտը. այս բոլորին վրայ աւելցաւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, Թուրքիոյ հետ սահմանային շրջաններու վրայ հակակշիռին համար «ՏԱՀԵՇ»-ի մղած մարտերուն վերանորոգ սաստկացումը:
* * *
Վերոյիշեալ հաստատումներէն երեւան կու գայ, որ «ՏԱՀԵՇ» իր հռետորութեամբ կը բորբոքէ շիիներուն դէմ սիւննիներու համայնքային կիրքերը, բայց այս յայտարարութիւններու քարոզչութիւնը նպատակաուղղուած են գրաւելու ժողովրդային լայն խաւերու համակրանքն ու զօրակցութիւնը եւ օգտագործելու միջսիւննիական տարբեր կամ հակոտնեայ կեցուածքները: Սակայն իր այս քայլերով ան կը սպառնայ շրջանի սիւննի պետութիւններու գոյութեան, եւ իր հակակշիռին ենթակայ տարածքը կ՛ընդարձակէ անոնց հաշուոյն: Պէտք չէ մոռնալ, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Յորդանանի մէջ ցեղախմբային մոլեռանդութիւնները, ներքին պառակտումները, իրաւազրկումները, լուսանցքայնացումները եւ համայնքամոլ հռետորաբանութիւնները ներթափանցումի մեծ հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռեն «ՏԱՀԵՇ»-ի:
«ՏԱՀԵՇ» այս մեծ յառաջդիմութիւնը արձանագրելու համար օգտագործեց շարք մը ազդակներ. առաջին հերթին ազդու շրջանային ուժեր թուլացած եւ տկարացած են, ապա` այլ ուժեր, ի մասնաւորի` Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա, Իրան, քողարկուած ձեւով զօրավիգ կը կանգնին, եւ կը սպասեն զարգացումներուն` յուսալով Իրաքի մէջ շահեր ապահովել. Միացեալ Նահանգներ, «զգուշաւոր» կանգնած, չեն աճապարեր այսքան մեծ ահաբեկչական վտանգ մը դիմագրաւելու. Եւրոպա որոշում տուած է եւ կ՛արտօնէ գնել Սուրիայէն «ՏԱՀԵՇ»-ի գողցած քարիւղը, եւ անոր կու տայ ահաբեկչութիւնը շարունակելու եւ իր ծիրը ընդարձակելու անհրաժեշտ ֆինանսաւորումը:
* * *
Շրջանային անձուդարձներուն ու շրջանային կողմերու շարժումները դիտելէ ետք, արդար կը դառնայ հարց տալ, թէ «ՏԱՀԵՇ»-ի ուռճացումն ու անոր երազած պետականութեան իրականացումը իսկապէ՞ս կը սպառնայ Իրանի եւ ընդհանրապէս շիիներուն, թէ՞ անոր ընդարձակումը կը կատարուի արաբ սիւննիներու հաշուոյն, որպէսզի իր պետութիւնը կառուցէ պետութիւններուն փլատակներուն վրայ. պետութիւններ, որոնք անկումի սեմին են, որովհետեւ կորսնցուցած են իրենց ժողովրդային օրինականութիւնը, բարգաւաճումէ զուրկ եւ յետամնաց պահած են իրենց շրջաններէն շատերը, եւ դէպի լուսանցք քշած են իրենց ժողովուրդներու որոշ շերտերը:
Իրականութիւնն այն է, որ շրջանը թեւակոխած է անորոշութեան հանգրուան մը, ուր «ՏԱՀԵՇ» կը պոռայ Իրանի եւ շիիներուն դէմ, բայց գործնապէս կը սպառնայ Սէուտական Արաբիոյ եւ Յորդանանի, եւ իր հակակշիռի գօտին կ՛ընդարձակէ անո՛նց սահմաններուն ուղղութեամբ:
Կացութիւնը կը նմանի 2010-ի վերջերուն եւ 2011-ի սկիզբը տիրած իրադրութեան, երբ Սէուտական Արաբիոյ դաշնակից վարչակարգերը իրենց փողոցներուն ճնշումներուն տակ փուլ եկան եւ իրենց տեղերը զիջեցան այլատիպ կրօնական իշխանութիւններու:
Ասոր կողքին, «Քայիտա»-ի պետութեան մը ստեղծումը անկարելի բան չէ. արաբական շրջանը կրնայ բեմ դառնալ այդպիսի պետութեան մը ստեղծումին, ինչպէս որ Աֆղանիստան օր մը ամերիկեան օրհնութեամբ, կամ, առնուազն, աչք խփելով` վերածուած էր «Քայիտա»-ի պետութեան:
Արդեօ՞ք արաբ ղեկավարները, մանաւանդ` անոնցմէ սիւննիները, կը գիտակցի՞ն, թէ իրե՛նց համար որքան վտանգաւոր է իրենց մերձակայ «Քայիտա»-ի պետութեան մը ստեղծումը:
Իրադարձութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոնց մեծամասնութիւնը վտանգին չէ անդրադարձած ցարդ:
«Սապաթ»

