Լաբիւրինթոսային Կացութիւն` Իրաքի Եւ Արեւելքի Մէջ
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Ծաղրանկար` Փիթըր Շրանքի («Տի Ինտիփենտընթ» – Լոնտոն)
Ապրիլ 9, 2003… Արդէն իսկ քսան օրեր անցած էին Իրաքի վրայ կատարուած արեւմտեան ներխուժումէն: Ամերիկեան ուժերը հասած էին մայրաքաղաք Պաղտատի դռները, եւ այդ օր, երբ Միացեալ Նահանգների ծովուժի մէկ ստորաբաժանման պատասխանատուներ` Լիոն Լեմպըրթ եւ Էտուըրտ Չին, հանրածանօթ «Ֆիրտոս» հրապարակին վրայ գտնուող Սատտամ Հիւսէյնի վիթխարի արձանը տապալեցին, ոչ թէ բուռն դիմադրութեան առջեւ գտնուեցան, այլ ընդհակառակը, տեղւոյն բնակչութիւնը ժամանած էր ծաղիկներով եւ անուշեղէններով: Աւելի՛ն. տեղակալ Պրայըն Մըքքոյ յատուկ թեքնիք պատրաստութիւններ տեսած էր, վայրկեանը վայրկեանին, Պաղտատ մուտքի դժուարութիւններուն մասին կեդրոնատեղի տեղեկութիւններ փոխանցելու համար: ՄըքՔոյի մտահոգութիւնները ի դերեւ դուրս եկած էին: Լաւապէս զինուած ու պատրաստուած «Մարին»-ները կը դիմաւորուէին թէյով եւ քաղցրեղէններու սպասարկութեամբ, եւ այդ օր ընդամէնը հազիւ քանի մը փամփուշտ պէտք եղած էր արձակել:
Մինչ այդ օրերուն, թէ՛ աշխարհագրականօրէն եւ թէ՛ տեղեկատուական բնագաւառէն ներս, գոյութիւն չունէր «Իսլամական պետութիւն Իրաքի եւ Արեւելքի մէջ» (աւելի ծանօթ` «ՏԱՀԵՇ» անունով) խմբաւորումը, որ կազմաւորուած էր հոկտեմբեր 2006-ին, «Քայիտա» շարժման մօտիկ սիւննի դաւանանքի պատկանող ծայրայեղականներու կողմէ:
Յունիս 22, 2014… Քանի մը օրերու ընթացքին ծայր առած յարձակում մը բաւարար եղաւ, որ քանի մը ժամէն Մուսուլի նման լայնատարած քաղաք մը «ՏԱՀԵՇ»-ի հակակշռին տակ առնուի իր դրամատուներով, մթերանոցներով եւ իրաքեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան ամէնէն աւելի արդիակացած զինուորական կազմածներով: «ՏԱՀԵՇ» խմբաւորման շղթայազերծած գրոհը, ոչ թէ միայն հասած է Պաղտատի դռները, այլ իր տիրապետութեան տակ ունի հսկայ տարածք մը, որ կը սկսի Հալէպի արեւելեան շրջաններէն ու կը հասնի Պաղտատի հիւսիսարեւմտեան շրջանները, իր մէջ ընդգրկելով Ռաքքան, Իտլիպն ու Տէր Զօրի շրջանները… եւ նոյնիսկ` Սատտամ Հիւսէյնի ծննդավայր Թիքրիթը: Աւելի քան եօթը միլիոն բնակչութիւն ընդգրկող այս տարածքին մէջ «ՏԱՀԵՇ»-ի խալիֆայութիւնը գրեթէ բաժնած է Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմանները:
Յունիս 7, 2006… Շուրջ 500 փաունտ ծանրութեամբ (23 քկ.) ռումբ մը Իրաքի Պաքուպայ շրջանի մօտակայքը… բաւարար եղաւ, որ սպաննուի այդ օրերու «Քայիտա»-ի Իրաքի շրջանի պատասխանատու Ապուլ Մըսաապ Զարքաուին: Անոր «մնացորդաց» հետեւորդները փախուստ տուած էին հիւսիսային Անպարի շրջանը եւ հոն ալ հալածուած եւ մեծամասնութեամբ սպաննուած ամերիկեան ուժերուն կողմէ:
Յունիս 22, 2014… արեւմտեան աշխարհը կը փնտռէ անգտանելին…«ՏԱՀԵՇ»-ի ամէնէն աւելի վտանգաւոր ղեկավարը` Ապու Պաքր Ալ Պաղտատին, որ նոյնիսկ իր մօտիկ բարեկամներուն հետ… երեսը ծածկած կը ներկայանայ:
Էֆ. Պի. Այ.-ը պատրաստ է տաս միլիոն տոլար տրամադրելու այն անձին, որ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ այս վտանգաւոր ղեկավարին` Ալ Պաղտատիին առնչութեամբ:
Մինչ այդ 2005-ին այդ փնտռուած Ալ Պաղտատին ձերբակալուած էր նոյնինքն ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան կողմէ եւ վեց տարի շարունակ բանտարկուելէ ետք… 2011-ին, ամերիկեան ուժերու հրաժեշտին առթիւ շնորհուած ընդհանուր ներման որոշումին իբրեւ արդիւնք` ազատ արձակուած էր:
Այսքանը բաւարար է բնութագրելու համար լաբիւրինթոսային կացութիւնը` Իրաքի եւ Արեւելքի մէջ:

