Մահ` Տիգրանակերտի «Վերջին» Հայ Բնակիչ Պայծառ Ալաթայի

0807_baydzarՏիգրանակերտի վերջին հայ բնակիչներէն 87-ամեայ Պայծառ Ալաթայ, որ 84-ամեայ Սարգիս Սըթքը Էքենի հետ 60 տարիէ ի վեր եկեղեցական պսակ չէր ունեցած, գերագոյն ցանկութիւն ունէր քաղաքացիական պսակ ունենալու եւ եկեղեցիի մէջ պսակուելու: Իր այդ ցանկութիւնը իրականացաւ ամիս մը առաջ, 27 ապրիլին: Հայ ամոլը նախ պաշտօնապէս ամուսնացաւ Տիգրանակերտի քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաքի ձեռամբ, ապա պսակուեցաւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցիին մէջ, ուր արդէն մնայուն բնակութիւն հաստատած էր:

Բայց միայն ամիս մը տեւեց իրենց ամուսնութիւնը: Պայծառ Ալաթա երկուշաբթի, 23 յունիսին կնքեց իր մահկանացուն: Ան կ՛ըսէր. «Իմ վերջին շունչը փչելէ առաջ կը փափաքիմ կրօնական պսակ ունենալ»:

60 տարուան միասնութեան մը երազն էր այդ, որ շնորհուեցաւ իրեն: Ան կ՛ըսէր. «Տիգրանակերտցի բոլոր հայերը լքեցին այս քաղաքը: Ես երբեք չլքեցի եւ պիտի չլքեմ»:

Ներկայիս պատրաստութիւններ կը տեսնուին Պայծառ Ալաթանը մեր կրօնական օրէնքներուն համապատասխան ձեւով հողին յանձնելու համար:

Share this Article
CATEGORIES