Թուրքիոյ Մէջ Նշանաւոր Դարձած Թրքերէն Երգերը Որքա՞նով Թրքական Են. Երաժշտութիւնը Համամարդկային Է, Բայց…
Ատնան Պաշթոփճու համացանցի վրայ հրատարակած է բաւական ծաղրական ոճով գրի առնուած յօդուած մը, ուր կը պատմէ, թէ Թուրքիոյ մէջ թրքերէն կարծուած կամ նշանաւոր թուրք երգիչներու վերագրուած երգերը իրականութեան մէջ օտար յօրինողներէ փոխ առնուած երգեր են: Ան մօտաւորապէս հետեւեալը կը գրէ այս մասին:
***
«Աքթիւէլ» շաբաթաթերթը գրեր է, որ «Կը ծփծփար Սեւ ծովը» անուն երգին երաժշտութիւնը հին հայկական յօրինում մըն է: Թերթը, առանց մտածելու, թէ կը խանգարէ թուրք երաժշտասէրներու բարոյական ուժը, աւելցուցեր է, որ Այթեն Ալփմանի նշանաւոր «Իմ երկիրս» (Մեմլեքեթիմ) անուն երգն ալ հրէական երգ մըն է, որուն նիւթն է հրեայ խախամ մը: Այս բոլորը չեն խախտեր իմ բարոյական ուժը, մանաւանդ որ ես լաւ գիտեմ, որ բոլորիս կողմէ այնքան խանդավառութեամբ երգուած «Տաղ պաշընը տուման ալմըշ» քայլերգն ալ իրականութեան մէջ յօրինուած է շուէտացի յօրինող Ֆելիքս Քէօրլինկի կողմէ: Ասիկա անտառապահներուն համար գրուած երգ մըն է եղեր:
Հիմա հոս պիտի չաւելցնեմ, որ «Սարը կելին» երգն ալ հայերու կը պատկանի: Միայն պատմեմ, որ անգամ մը, երբ Եգէականի մէջ պտոյտ մը կը կատարէինք, մեզի ընկերացող լրագրող ընկեր մը` Զաֆեր Օփսար, ի ձեռին ունէր ձայնասփիւռի փոքրիկ գործիք մը, ուրկէ յունական ձայնասփիւռի կայանները մտիկ կ՛ընէր ու ամէն վայրկեան զարմանքով կը բացագանչէր. «Բայց ասիկա Իպրահիմ Թաթլըսեսին երգը չէ՞ր: «Վա՛յ անպիտան, ես այս երգը Զեքի Միւրենին կը կարծէի»: «Նայէ՛, նայէ, Սիպել Ճանին երգը յունարէնով կ՛երգուի»: Թէ՛ ինք կը զարմանար, թէ՛ մեզ կը զարմացնէր:
Այդ օրերուն ԱՆԱՓ եւ Տէ-Եէ-Փէ կուսակցութիւնները իրարու հետ կռիւ կ՛ընէին, որովհետեւ երկուքն ալ կ՛ուզէին որպէս ընտրական արշաւի երգ ընդունիլ «Հէյ կիտի Գարատենիզ» երգը: Ի վերջոյ յայտնի դարձաւ, որ երգը յոյնի մը յօրինումն էր:
Բայց ես շատ կը խնդայի, երբ հանգուցեալ նախագահ Թուրկուտ Էօզալի հեռատեսիլէն կատարած քարոզչական խօսակցութիւններու ընթացքին իբրեւ յայտագրի ենթաերաժշտութիւն կը գործածուէր «Քարմինա Պուրինա» երգը: Մեր մօտ ամէն անգամ որ մէկը մեր բարոյական ուժը բարձրացնել, մեզ ոգեւորել ուզէ, այս երգը կը գործածէ: Մինչդեռ այս երգին յօրինողը` Քարլ Օրֆ, այս երգը գրելու ընթացքին ներշնչուած է Քաթալլուսի մէկ բանաստեղծութենէն, որ գրի առնուած է Լուվենթուս անուն միասեռականի մը մասին: Քարլ Օրֆ աւելի վերջ այս երգին համար բանադրուեր է: Հիմա եկուր եւ մի՛ խնդար, երբ մերինները հեռատեսիլէն «Քարմինա Պուրինա»-ն կը նուագեն մեզ խանդավառելու համար:
Ի՞նչ կարեւորութիւն ունի այն հարցումը, թէ ո՞վ է գրէր «Կը ծփծփար Սեւ ծովը» երգը: Կարեւո՞ր է գիտնալ, թէ որո՛ւ կը պատկանի «Սարը կելին» երգը: Ի վերջոյ կրնանք մխիթարուիլ` ըսելով, որ երաժշտութիւնը համամարդկային է:
Աստուա՛ծ իմ, միայն թէ չըլլա՛յ, որ մէկն ալ օրին մէկը մեզի ըսէ, որ Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյին պատկանող «Տասներորդ տարեդարձի քայլերգը» («Օնունճու եըլ մարշը») ուրիշի մը կողմէ յօրինուած է: Մեր ձեռքը միայն այդ մէկը մնացած է, ան ալ ձեռքէ չերթայ…

