«Մա՛հ Քրիստոնեաներու» Կարգախօսով Յարձակում. Գործեցին Եշիլգիւղի Լատին Եկեղեցւոյ Վրայ

«Թարաֆ» օրաթերթի 28 յունիս 2014-ին լոյս տեսած համարը վերի խորագրին ներքեւ կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ վերջերս հին օրերը յիշեցնող դէպքեր կը պատահին: Այս դէպքերէն տուժողները մտահոգութեան մէջ են, իսկ դէպքերու պատասխանատուները անձայն եւ անշշուկ ի գործ կը դնեն իրենց դիտաւորութիւնը:

Մուտքի այս բաժնէն ետք թերթը կը գրէ, որ 8 մայիսին յարձակում գործուեցաւ Գատըգիւղի Գութ եկեղեցիին, 23 մայիսին Սամաթիոյ յունաց եկեղեցիին, ապա Եշիլգիւղի լատին կաթոլիկ եկեղեցիին վրայ: Մէկ ամսուան ընթացքին երկրորդ անգամ է, որ յարձակում կը գործուի լատին եկեղեցւոյ վրայ: Եկեղեցիներու վրայ յարձակում գործող խմբակը կը գործածէր հետեւեալ լոզունգը. «Մա՛հ քրիստոնեաներու», «Պիտի չորցնենք ձեր արմատը»:

Եշիլգիւղի եկեղեցիին վրայ գործուած յարձակումը պատահեցաւ հետեւեալ կերպով. նախայարձակները, որոնց տարիքը կը տարուբերէր 17-25-ի միջեւ, յունիսի կէսերուն մուտք գործեցին եկեղեցի, ուր խաչն ու սրբանկարները գետին նետեցին եւ եկեղեցիին ներքնամասը տակնուվրայ ըրին: Եկեղեցիի աշխատաւորները սարսափի մատնուած` չկարողացան միջամտութիւն ընել: Հաղորդուեցաւ, որ ամիս մը առաջ ալ նոյն եկեղեցիին վրայ «Մա՛հ քրիստոնեաներու»  կարգախօսով յարձակում գործուած էր: Պատասխանատուները յայտնեցին, որ 15 հոգիէ բաղկացեալ խափանարար խմբակին անդամները ծանօթ չեն իրենց, դուրսէն եկած են:

Եշիլգիւղի եկեղեցին պաշտամունքի կը ծառայէ թէ՛ ասորիներուն եւ թէ՛ լատին կաթոլիկներուն: Ուստի յարձակումը տագնապի մթնոլորտ ստեղծեց ասորիներու մօտ: Ասորիներու պատասխանատուն Քենան Կիւրտալ յայտնեց, որ եկեղեցին 24 ժամ պաշտպանութեան տակ պահելու համար դիմում պիտի կատարեն ոստիկանութեան մօտ:

Ան յայտնելով, որ այս յարձակումները շատ անհանգստացուցած են զիրենք, ըսաւ. «Երբ դատարկ եկեղեցիին վրայ այսպիսի յարձակում մը կը գործուի, ի՞նչ կը պատահի արդեօք, երբ հաւատացեալներով լեցուն ըլլայ եկեղեցին: Այս մասին տեղեկագիր մը պիտի պատրաստենք ու պիտի յղենք կուսակալին` խնդրելով իրմէ, որ ապահովութեան տակ առնէ եկեղեցին: Որպէս Թուրքիոյ մէջ ապրող քրիստոնեաներ` մենք ո՛չ մէկուն հետ հարցեր ունինք: Այսպիսի դէպքեր շատ կը յուզեն մեզ»:

 

Share this Article
CATEGORIES