Ազրպէյճանական Բանակի Օդուժի Զինուորներ Թուրքիոյ Մէջ Կը Մարզուին
Թրքական բանակի պաշտօնական կայքէջին վրայ յունիս 24-ին տեղադրուած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու` յատուկ նշանակութեան ուժերու 25 զինուորականներ թրքական հրահանգիչներու եւ մարզիչներու օգնութեամբ անկարգելով թռիչքներու 6 շաբթուան մարզումներ կատարած են Թուրքիոյ մէջ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ թռիչքներու ընթացքին ազրպէյճանցի զինուորները մարզուած են հակառակորդը թիկունքէն հարուածելու:
Վերոնշեալ հաղորդագրութեան վրայ հիմնուելով` ազրպէյճանական շարք մը լրատուամիջոցներ աճապարած են յայտնելու, թէ ազրպէյճանական բանակին մէջ Թուրքիոյ աջակցութեամբ կը ստեղծուի օդային մասնայատուկ ուժերու գունդ:
CATEGORIES Հայ Դատ

